ՃԷՅՆ ԿՈՒՏՈԼ. ԿԻՆ ՄԸ, ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ՄՕՏԵՑՈՒՑ ԲՆՈՒԹԵԱՆ
Ճէյն Կուտոլը՝ անգլիացի գիտնականը, մարդաբանը, բնապահպանը, բարոյախօսը եւ սեւակապիկներու մեծ մասնագէտը, հեռացաւ կեանքէն իննսունմէկ տարեկանին՝ իր ժամանակին քանդելով գիտութեան սահմանները եւ նուաճելով սիրտեր։
Երբ 1960 թուականին Կուտոլ երիտասարդ աղջիկ մըն էր՝ ոտք դրաւ Թանզանիոյ Կոմպէ անտառները եւ ոչ ոք կը կռահէր, թէ մարդկութեան պատմութեան մէջ ան պիտի գրէր բնութեան վերաբերող ամենախոր դասերէն մէկը՝ առանց քարոզելու, առանց ճառերու, միայն անվերջ դիտելով, ուշադիր լսելով եւ անմնացորդ սիրելով։
Այդպիսով հռչակաւոր եղաւ ո՛չ միայն ինք՝ Կուտոլ, այլ՝ Թանզանիոյ Կոմպէ անտառը դարձաւ գիտութեան առարկայ։ Այդ անտառին մէջ կը բնակի սեւակապիկներու՝ շեմփանզէներու ինքնատիպ համայնք մը, որ բացուեցաւ մարդակապիկները, կիսակապիկները եւ միւս յառաջադաս կաթնասունները ուսումնասիրողներուն համար։
Ճէյն Վալերի Մորիս-Կուտոլ ծնած է 1934 թուականի ապրիլին՝ Լոնտոնի Հեմփսթէտ թաղամասին մէջ։ Մանկութեան օրերուն իր հայրը իրեն ընծայած էր անսովոր փափուկ խաղալիք մը՝ շեմփանզէ մը, որուն ան տուաւ «Ճուպիլի» անունը։ Շատեր կը կարծէին, թէ այդ կերպարը պիտի վախցնէ փոքրիկը, բայց ընդհակառակը՝ «Ճուպիլի»ն բացաւ անոր առաջին դուռը՝ դէպի կենդանիներու աշխարհը։ Այդ սիրոյ սերմը պիտի ծլարձակէր տարիներ անց՝ Ափրիկէի հողին վրայ։
Պատանեկութեան տարիներուն Ճէյն կը կարդար Թարզանի մասին գիրքերը եւ Ափրիկէի պատմութիւններ։ Իր երազն էր՝ օր մը երթալ Ափրիկէ եւ ապրիլ կենդանիներու մօտ։ Այդ երազը դարձաւ ճակատագիր։
1957 թուականին Կուտոլ ճամբորդեց Քենիա, ուր հանդիպեցաւ նշանաւոր հնագէտ Լուի Լիքիին։ Լիքի, որ կը փնտռէր գիտնական մը՝ մեծ կապիկներու վարքը ուսումնասիրելու համար, արագ զգաց, որ երիտասարդ աղջկան մէջ կայ ո՛չ միայն խիզախութիւն, այլեւ՝ մաքուր եւ անշահախնդիր հետաքրքրութիւն բնութեան հանդէպ։ Այդ հանդիպումով սկիզբ առաւ պատմութեան նոր էջ մը։
ԿՈՄՊԷԻ ԱՆՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԾՆԱԾ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
1960 թուականին, 26 տարեկան Ճէյն Կուտոլ կը հասնի Թանզանիա։ Մայրը՝ Մերին, անոր կողքին էր, քանի որ օրէնքը չէր արտօներ, որ կինը միայնակ բնակի անտառին մէջ։ Այդ օրերէն սկսաւ մարդկութեան առաջին երկարատեւ դաշտային ուսումնասիրութիւնը՝ վայրի սեւակապիկներու ընկերային եւ ընտանեկան կեանքին շուրջ։ Կուտոլ ընտրած էր տարբեր ուղի մը. ան իր ուսումնասիրութեան կենդանիները իբրեւ «թիւեր» կամ «նմոյշներ» չէր դիտարկեր, այլ անոնք դարձան անձեր՝ անուններով, խառնուածքով, բնաւորութեամբ, վարքով։ Տէյվիտ Կրէյպիարտը, Ֆլոն, Ֆիֆին, Մայքը, Ֆրոտոն անուններն էին այն շեմփանզէներուն, որոնք գիտութեան եւ պատմութեան համար հերոսներ մնացին։
Ճէյնի յայտնագործութիւնը կ՚ոչնչացնէր գիտութեան այն ժամանակուան հիմնակառոյց համոզումները։ Ան առաջինն էր, որ փաստեց՝ շեմփանզէները կը պատրաստեն եւ կը գործածեն գործիքներ, այնպէս, ինչպէս մարդը կը գործածէ աշխատանքային գործիքը։ Ան ցոյց տուաւ, որ շեմփանզէն խոտէն կամ ճիւղէն ձողիկներ սարքելով կ՚որսայ մրջիւններ եւ մարդուն պէս ուրիշ գործողութիւններ նոյնպէս կ՚ընէ՝ կեանքին համար։ Իր գործընկեր գիտնականներուն հետ միասին յայտարարեցին, թէ պէտք է վերասահմանել մարդը, գործիքը, կամ ընդունիլ, որ շեմփանզէներն ալ մարդ են։ Այդ յայտարարութիւնը վերափոխեց կենդանաբանական գիտութիւնը եւ ընդհանրապէս, մարդոց ըմբռնումը այն մասին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «մարդ ըլլալ»։
Բայց Կուտոլ նաեւ տեսաւ բնութեան մութ երեսը։ Ան արձանագրեց շեմփանզէներու մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութիւնը, պատերազմները, սպանութիւնները։ Այդ փորձառութիւնը ցնցեց զինք, բայց նաեւ խորացուց իր հաւատքը, որ բարին եւ չարը, մելամաղձութիւնը եւ քնքշութիւնը համատեղ գոյութիւն ունին Աստուծոյ ստեղծած էակներուն մէջ։
ԳԻՏՆԱԿԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐ
1965 թուականին Քէյմպրիճի համալսարանը Կուտոլին կը շնորհէ կենսաբանական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան՝ առանց նախնական համալսարանական վկայականի մը։ Կուտոլի ուսումնասիրած գիտութիւնը երբեք չմնաց միայն փաստերու հաւաքածոյ։ Ան գիտութիւնը վերածեց սիրոյ եւ հաւատքի լեզուի։
Յաջորդ տասնամեակներուն ան գրեց գիրքեր, դասախօսեց, նկարահանուեցաւ վաւերագրական ժապաւէններու մէջ, իր մասին ալ գրուեցան գիրքեր։ Իր առաջին գիրքը՝ «Մարդուն ստուերին տակ», թարգմանուեցաւ 48 լեզուի։
1977 թուականին կը հիմնէ իր անունով կաճառը՝ բնութեան պահպանման եւ գիտական ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոն մը, որ այսօր կը գործէ 19 երկիրներու մէջ։ Իսկ 1991 թուականին կը խմբաւորէ նոր սերունդ մը՝ «Roots & Shoots» ծրագրով, որ այսօր գործունէութիւն ունի 75 երկիրներու մէջ եւ կը սորվեցնէ երիտասարդներուն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ապրիլ կարեկցանքով, ոչ թէ գերիշխանութեամբ։
Կուտոլի տեսլականը պարզ էր՝ մարդը բնութեան տէրը չէ, այլ՝ անոր մասնիկը։ Ան կը խօսէր ո՛չ թէ պայքարի, այլ ներդաշնակութեան մասին՝ «մարդը, կենդանին եւ շրջապատը՝ նոյն շղթայի օղակներն են»։ Այդ համոզումով՝ ան 2002 թուականին կը դառնայ ՄԱԿ-ի «Խաղաղութեան դեսպան», կը քարոզէ բարեսիրութիւն դէպի ամէն էակ եւ անշուշտ՝ բուսակերութիւն։
Կուտոլ կը ճանչնայ, որ կենդանիներն ալ զգացումներ ունին՝ վախ, ցաւ, գթութիւն, եւ մեր կենցաղային ընտրութիւններն են, որ ուղղակի կ՚որոշեն անոնց ճակատագիրը, ուստի պէտք է անչափ ուշադիր ըլլալ այդ ընտրութիւններուն մէջ։
Կուտոլի գիտական ժառանգութիւնը անչափելի է։ Կոմպէի անտառի ուսումնասիրութիւնը այսօր կը շարունակուի, 65 տարի անընդմէջ սեւակապիկներու ծննդավայրի պատմութիւնը վայրի կենդանիներու՝ աշխարհի ամենաերկարատեւ ուսումնասիրութիւնն է։ Կուտոլի հիմնած Թչիմփունկա ապաստարանը՝ Քոնկոյի մէջ, կը հիւրընկալէ 150 որբացած շեմփանզէներ եւ շեմփանզէներու՝ աշխարհի ամենամեծ վերականգնման կեդրոնն է։ Հոն տեղադրուած ահազանգակները կենդանիները կը պաշտպանէեն վաճառականներէն եւ որսորդներէն՝ ապահովելով անոնց անվտանգ ապրելակերպ։ Իսկ Կուտոլի հիմնած Թաքարէ ծրագիրը Թանզանիոյ մէջ կ՚ամրապնդէ անտառներու վերականգնումը՝ միաժամանակ ուսուցանելով տեղացիներուն կայուն զարգացման միջոցներ։
Ճէյն Կուտոլ երբեք չսահմանափակեց իր աշխատանքը միայն կապիկներու շրջանակով։ Ան դարձաւ աշխարհաքաղաքացի, որ կը պաշտպանէր բոլոր կենդանիները, բոլոր էակները։ Իր ուսումնասիրութեան հիմնական նիւթը միջին մեծութեան կենդանիներն էին՝ կաթնասուններու առաւել զարգացած խումբը, որ կը կոչուին փրիմաթներ, որոնցմէ յայտնի է 190 տեսակ։ Այդ խումբին կը պատկանի նաեւ մարդը։
Կուտոլ կը դասախօսէր տարին շուրջ 300 օր, կը ճանապարհորդէր, կը խօսէր երիտասարդներուն, քաղաքական գործիչներուն, գիտնականներուն, սովորական մարդոց՝ միշտ նոյն պատգամով, որ ի վերջոյ բարոյախօսութիւն էր՝ ծայրայեղ հոգատար ըլլալու մայր բնութեան հանդէպ։ Իր ելոյթներուն ան ներկաները յաճախ կ՚ողջունէր շեմփանզէներու լեզուով, որ նոյնպէս ուսումնասիրած էր իր ափրիկեան կեանքի ընթացքին։
Անոր անձը կը միացնէր գիտութիւնը եւ հաւատքը։ Կը հաւատար, որ Արարչութիւնը ստեղծագործութիւն է, ուր մարդը պէտք է ապրի ո՛չ թէ բռնութեամբ՝ այլ խոնարհութեամբ։
Կուտոլ միաժամանակ ապրեցաւ սէր երկու ամուսիններու հետ, որոնք խոր ազդեցութիւն ունեցան իր կեանքին եւ աշխատանքին վրայ։
Կուտոլի առաջին ամուսինը՝ հոլանտացի լուսանկարիչ եւ ժապաւէններու հեղինակ Պարոն Հիւկօ վան Լաւիք, միջազգային ճանաչում ստացաւ իր եւ Կուտոլի համագործակցութեամբ՝ Կոմպէի անտառը եւ շեմփանզէներու յարաբերութիւնները հանրութեան ներկայացնելով։ Ճէյնը առաջին անգամ հանդիպած էր Հիւկոյին 1962 թուականին, երբ «National Geographic» ընկերութիւնը զայն Ափրիկէ ղրկեց որպէս լուսանկարիչ։ Առաջին պահուն Կուտոլ չէ ուզած, որ մարդը խախտէ իր աշխատասիրութիւնը կենդանիներուն հետ։ Սակայն շուտով պարզ դարձաւ, որ Հիւկօ վան Լաւիք նոյնպէս մեծ սէր ունէր բնութեան եւ կենդանիներուն հանդէպ եւ լուսանկարչութիւնն ալ անոր համար ուղի էր այդ սէրը արտայայտելու։ Անոնք ամուսնացան 1964 թուականին եւ ունեցան որդի մը՝ Հիւկօ Էրիք Լուէիս վան Լաւիք, սակայն 1974 թուականին բաժնուեցան, քանի որ «National Geographic» շահագրգռուած չէր հովանաւորել լուսանկարչին այցելութիւնները Կոմպէ, իսկ Ճէյնը չէր ուզեր լքել գիտական իր աշխատանքը։ Կուտոլ ըսած է, որ իրենց բաժանումը «դանդաղ եւ բնական» եղած է եւ թէ իրենց գործը «ճիշդ էր» շարունակել առանձին ուղիներով։
Երկրորդ ամուսինը՝ Թանզանիոյ ազգային պարկերու ղեկավար Տերիք Պրայսոն եւս կարեւոր դեր ունեցաւ Կուտոլի գիտական ուղիի մէջ։ Այդ ամուսնութիւնը նոյնպէս աւարտեցաւ, սակայն Ճէյն միշտ գնահատած է, թէ իր ամուսնութիւնները իրենց ազդակները ունեցան Կոմպէի շեմփանզէներու ուսումնասիրութեան զարգացման մէջ։ Ան յայտարարած է, որ երրորդ անգամ ամուսնանալ չ՚ուզեր եւ ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի գործին։
Ճէյն Կուտոլ մահացաւ 2025 թուականի հոկտեմբեր 1-ին՝ Լոս Անճելըսի մէջ՝ իր դասախօսական շրջագայութեան ընթացքին։ Լոնտոնի մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին թագաւորական զոյգը՝ արքայազն Ուիլիըմ եւ արքայադուստր Քէյթ, արտասանեցին յուզառատ խօսքեր, որոնք շատերու աչքերը տամկացուցին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով աշխարհահռչակ գիտնականին եւ բնապահպանին։
Բազմաթիւ առաջնորդներ, արուեստագէտներ, գիտնականներ ու պարզ մարդիկ իրենց յարգանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին։ Դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօ գրեց. «Ան մեզի սորվեցուց, որ կարեկցանքը ամենաբարձր ձեւն է իմաստութեան»։
«Netflix»ը նոյն ժամանակ ցուցադրեց իր վերջին հարցազրոյցը՝ «Famous Last Words» շարքին մէջ, ուր Ճէյն կը խօսէր իր կեանքին մասին խաղաղ ձայնով․ «Ես չեմ վախնար մահէն․ գիտեմ, որ բաժինն եմ մեծ համաշխարհային շունչին»։
Այսօր, երբ ան այլեւս մեզի հետ չէ, իր ժառանգութիւնը կը շարունակէ բոյն կազմել հազարաւոր գիտնականներու, բնապահպաններու եւ երիտասարդներու սիրտերուն մէջ։ Կոմպէի անտառներուն մէջ, երբ քամին կը խճճուի ծառերուն սաղարթներուն, երբ շեմփանզէ մը կը ծիծաղի կամ կը գրկէ իր ձագը, ամէն մարդ գիտէ, որ հոն է Կուտոլի հոգին։
ԿՈՄՊԷԻ ՍԵՒԱԿԱՊԻԿՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Այդ պատմութիւնը սկիզբ առաւ Թանզանիոյ Թանկանիքա լիճին եզերքը, անտառներու խիտ շղարշին տակ, 1960 թուականի ամրան օր մը։ Երիտասարդ անգլիացի կին հետազօտողը քալեց դէպի վայրի շեմփանզէներու գաղութը՝ մօտենալու համար անոնց։ Այդ գաղութը՝ Քասաքելան, պիտի դառնար մարդկային գիտութեան եւ բնութեան յարաբերութեան խորհրդանշական թատերաբեմը։
Կուտոլի համբերութիւնը, լռիկ ներկայութիւնը եւ կենդանիներուն հանդէպ ակնածանքը դանդաղօրէն քանդեցին վախին պատնէշները։ Շեմփանզէները, որոնք դարեր շարունակ մարդուն աչքին երեւցած էին վայրենի ու անսանձ, սկսան ընդունիլ մարդը, իբրեւ իրենց կեանքի խաղաղ մասնակից։ Այդ օրէն գիտութիւնը մուտք գործեց անտառ՝ ո՛չ որսալու, այլ հասկնալու համար։
1960 թուականի նոյեմբերի 4-ին, Կուտոլ կը դիտէր շեմփանզէ մը, զոր յետոյ կոչեց Տէյվիտ Քրէյփիարտ: Առաջինը այդ ժամանակ տեսաւ, որ սեւ կապիկը խոտի ցօղունը գործիք դարձուց եւ գետնաբնակ միջատ մը որսաց։ Այս պարզ տեսարանն էր, որ պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ բացայայտում մը՝ միակ գործիք ստեղծող արարածը այլեւս մարդը չէր։
Կուտոլ ատկէ քանի մը օր առաջ նկատած էր նաեւ, թէ շեմփանզէները միս կ՚ուտեն՝ բեկելով բուսակերութեան մասին հին համոզումը։ Կոմպէի անտառը կը դառնար տարրալուծարան մը, ուր կը փշրուէին գիտութեան սահմանները։
Հոն էր, որ էգ շեմփանզէ մը՝ Ֆլօ, դարձաւ այդ պատմութեան կենդանի սիրտը։ Ան՝ քնքոյշ, բայց իշխանական մայր մը, իր զաւակներուն նկատմամբ կը ցուցաբերէր մարդկային յուզականութիւն եւ պաշտպանական բնազդ։ Մայր շեմփանզէի շնորհիւ Կուտոլ առաջին անգամ տեսաւ, որ մայրութեան լեզուն համընդհանուր է բնութեան մէջ։
Ֆլոյի ընտանիքը տարիներու ընթացքին եղաւ Քասաքելա համայնքին միջուկը եւ ժառանգները՝ Ֆիֆի, Ֆիկան, Ֆրոյտ, Ֆրոտօ եւ ուրիշներ, պիտի յաջորդէին նոյն բնազդները ի ցոյց դնելով։
Երբ 1970-ականներուն Քասաքելայի շեմփանզէները բախեցան դրացի Քահամա համայնքին, Կուտոլ ականատես եղաւ աննախադէպ իրադարձութեան՝ կազմակեր-պըւած պատերազմ կենդանիներուն միջեւ։ Չորս տարի տեւած էր այդ բախումը եւ շեմփանզէները չորս տարի կը հալածէին իրենց նախկին ընկերները։ Այդ տեսարանը կը բացայայտէր մարդուն նախնական պատմութեան խորքերը․ իշխանութեան, հողի, կեանքի պաշտպանութեան բնազդը անտառին մէջ նոյնքան ուժեղ էր, որքան քաղաքակրթական գետնի վրայ։
Ճէյն Կուտոլի ժառանգութիւնը միայն գիտական փաստերն ու յայտնագործութիւնները չեն. ան սէրն է, հաւատքը եւ հաւատարմութիւնը բնութեան եւ ամէն շնչող էակի հանդէպ, որ ապագայի սերունդներուն համար մղում կը հանդիսանայ ապրիլ բաց սիրտով եւ խորապէս մտածել մեր աշխարհին ու անոր բոլոր բնակիչներուն մասին։
ՃԷՅՆ ԿՈՒՏՈԼ ԵՒ «ՔՈՐՈՆԱ»Ի ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԸ
Կը թուի, թէ «Քորոնա»ի համավարակը հեռու իրողութիւն մըն է այլեւս։ Բայց բաւական է թերթենք հինգ տարիներու էջերը, կը տեսնենք, թէ ինչպէս աշխարհը շրջուեցաւ այդ ժամանակ։
Այդ ժամանակ Ճէյն Կուտոլ խստօրէն խօսած էր, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակը պատահեցաւ մարդ արարածի անուշադրութեան, անտարբերութեան եւ անտեսումին պատճառով՝ բնութեան եւ անասուններուն հանդէպ:
Կուտոլ տարիներ կ՚աղերսէր, որ աշխարհը սորվի անցեալի սխալներէն՝ կանխարգիլելու համար ապագայի աղէտները: Ան վաղուց կանխատեսած էր համավարակը եւ համավարակի օրերուն հաստատեց․
«Որովհետեւ կը կործանենք, օրինակ, անտառը եւ անասուններու տարբեր տեսակներ կը ստիպուին շարժելու իրենց բնական վայրերէն եւ իրարու մօտենալու, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ հիւանդութիւններ փոխանցուին մէկ անասունէն միւսին եւ, ի վերջոյ, մարդ արարածին»։
Կուտոլ ընդգծած է նաեւ. «Անասունները, որոնք մարդ արարածը կ՚որսայ եւ կը ծախէ Ափրիկէի շուկաներուն մէջ կամ վայրի անասուններու միսի շուկային՝ Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ անողոքաբար աշխարհի տարածքին գտնուող ագարակներ կը խճողուին միլիոնաւոր անասուններով, այս բոլորը կացութիւններ կը ստեղծեն, որպէսզի ժահրերը փոխանցուին մէկ անասունէն միւսին եւ հետեւաբար, մարդ արարածին»:
Կուտոլ յայտնած է, որ երբ ժողովուրդ մը աղքատ է, չի կրնար կատարել գոյատեւելու ընտրութիւնները. «Մարդիկ ամէն բան պիտի ընեն՝ գոյատեւելու համար. ան պիտի չհարցնէ ի՞նչ կը գնէ, պիտի գնէ ամենէն աժանը, ամենէն մատչելին եւ, եթէ անհրաժեշտ է, պիտի կոտրէ վերջին ծառը՝ ցանելու եւ ուտելիք ստանալու համար։
«Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ շրջապատին եւ կենսոլորտին: Եթէ մտածենք փոքր ընտրութիւններու հետեւանքներուն մասին՝ ի՞նչ կ՚ուտենք, ուրկէ՞ կու գայ մեր կերածը, ինչո՞ւ եւ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կ՚ունենայ բնութեան վրայ, մենք կրնանք կանխարգիլել աղէտները»։
Այս բոլորը ընդգծած է Կուտոլ եւ միշտ քարոզած է պայքարիլ աղքատութեան ա՛յն ձեւին դէմ, որ բնութեան դէմ դուրս կու գայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան