ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԱՇԽՈՅԺՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ ՅՈՎՀԱՆՆԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Ֆրիտրիխ Նիցչէի «Ջրադաշտ»ին մէջ կան այսպիսի տողեր. «Ամենացածրաձայն արտասանած բառերը անոնք են, որոնք փոթորիկ կը յառաջացնեն։ Մտքերը, որոնք կը քայլեն աղաւնիի քայլերով, կ՚իշխեն աշխարհի վրայ»։ Սա այդպէս է։ Մասնաւորապէս, երբ կը կարդաս Աւետարանը, դժուար է պատկերացնել, որ Քրիստոս, նոյնիսկ վրդովմունքի, բարկութեան պահուն, գոռգոռացած է։ Բայց իր՝ ցածրաձայն արտասանած խօսքը արդէն 21 դարէ ի վեր կը շարունակէ արձագանգ գտնել մօտ 2-3 միլիառ մարդոց սրտերուն մէջ։

Բայց այդ ահռելի թիւին մէջ հաստատ կան մարդիկ, որոնք մինչեւ վերջ չեն հասկնար, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ Քրիստոսի հետեւորդ։ Չեն գիտեր, օրինակ, թէ ինչու համար պէտք են Պատարագը եւ Ս. Հաղորդութիւնը։ Ասկէ առաջ անհրաժեշտ է հանգիստ, կեդրոնացած վիճակի մէջ գտնուիլ, ընթերցել Սուրբ Գիրքը, աղօթել, ապաշխարել։ Ինչպէս կը գրէ մեր միջնադարեան հռետորներէն մէկը՝ Գէորգ Վարդապետ Սկեւռացին, «Քրիստոս, Իր Մարմնով եւ Արեամբ մեզ կերակրելով կը կամենայ, որ աստուածանման դառնանք»։

Տէ, հիմա դուք դատեցէք, թէ որքանով յարիր է Պատարագէն առաջ, այդ ժամանակ ու անկէ վերջ քաղաքական աղմուկ-աղաղակը «ֆիւրեր»ի հանդէպ «համաժողովրդական սիրոյ» ցուցադրութիւնները։ Այս անպատեհութիւնը, հաւանաբար, չէր ընկալեր նոյնիսկ Ստեփան Ասատրեանը (նախկին Տէր Արամը), որ իր մէջ հեզութիւն չգտաւ՝ ենթարկուելու եկեղեցական կարգին եւ Փաշինեանին «շիրա տալով» որոշեց շարունակել իր քահանայի ծառայութիւնը։ Եթէ Ստեփանը ցանկութիւն ունի իր սէրը, իր հաւատարմութիւնը, իր հիացմունքը արտայայտել իր քաղաքական լիտերի նկատմամբ, ապա, բնականաբար, ան կրնայ սա ընել որեւէ վայրի մէջ, բայց ոչ՝ Պատարագի ժամանակ։ Բայց ան ըրաւ այդ բանը՝ յատուկ ծափահարութիւններու արժանանալու ակնկալութեամբ։

Ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ պատկերի առջեւ ծափահարել միջոցառման ներկայ քաղաքական լիտերը։ Սա արդէն չեղաւ Պատարագ, սա կուսակցական ժողով է։ Ինչպէս բացագանչեց նիկոլապաշտ աքտիւիստներէն մին. «Թքած ունիմ, թէ ուր եմ»։ Յամենայնդէպս, անկեղծ է։

… Ինչպէս խորհրդային շրջանի կուսակցական աշխոյժներու ժողովներու ժամանակ, անցեալ կիրակի «պատարագ» կոչուած միջոցառման ժամանակ նոյնպէս կը հնչէին գովաբանական կոչեր «առաջնորդի» հասցէին։ Բայց նոյնիսկ պոլշեւիկները կը խուսափէին իրենց կուսակցական ժողովները եկեղեցւոյ մէջ կատարել։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2025