Ուրբաթ 31, Հոկտեմբեր 2025
ԹԷ՛ ԽՕՍՔՈՎ ԵՒ ԹԷ ԳՈՐԾՈՎ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մասեացոտնի թեմի հոգեւոր սպասաւորները՝ ուղեկցութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի։ Վեհափառ Հայրապետը քահանայ հայրերուն փոխանցեց սէրն ու օրհնութիւնը՝ յորդորելով քաջ ու նուիրեալ հովիւներ ըլլալ՝ խօսքով ու գործով դառնալով հայորդիներու համար կենդանի քարոզութիւն։ Նորին Սրբութիւնը եկեղեցականներուն պատգամեց նաեւ իրենց անմնացորդ սէրն ու հայրական խնամքը ցուցաբերել հաւատացեալներու նկատմամբ՝ անոնց մէջ հաստատուն պահելով դարերով նուիրագործուած հոգեւոր-ազգային արժեհամակարգը, նաեւ նպաստել հայրենական կեանքի ապահովութեան ու բարօրութեան։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2025