ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հանրապետութեան տօնը։ 29 Հոկտեմբերի տօնակատարութիւններու գագաթնային փուլն էր՝ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեամբ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած երեկոյթը։ Նախագահ Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը, որմէ վերջ գործադրուեցաւ համերգային յայտագիր։ 

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին մայրաքաղաքի արարողութեան մասնակցեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Համայնքային շրջանակներէն այլ վարչայիններ եւ անհատներ ալ հրաւիրուած էին Պեշթեփէ։ 

Բաց աստի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մասնակցեցաւ նաեւ նախօրէին Հանրապետութեան հռչակման 102-րդ տարեդարձին առթիւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի տանտիրութեամբ կազմակերպուած տօնական ընդունելութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը Անգարա մեկնելէ առաջ, երէկ առաւօտ ալ փութաց նահանգապետարան, ուր Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց պաշտօնական շնորհաւորական հաւաքոյթին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2025