Ուրբաթ 31, Հոկտեմբեր 2025
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
Սիրելի Արա,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 118-րդ տարեդարձը։
Այս 118 տարիներուն մօտ 3/4-ին մասնակից դարձած եւ, միաժամանակ, Գօչունեան ընտանիքին հետ գրեթէ ազգականական կապեր ունեցող երէց ընթերցողի մը հանգամանքով՝ կը կրկնապատկուի իմ հրճուանքը։ Սակայն եւ այնպէս, չեմ կարող անտեսել քու ահազանգը՝ համայնքային կեանքէ ներս նկատելի այլասերման մասին. բան մը, որ կը մթագնէ մեր ապագան։
Երկար տարիներու փորձառութեամբ՝ միակ մաղթանք մը ունիմ այդ կապակցութեամբ։
Մոգական ցպիկի մը հպումը մեր համայնքին եւ մինչ այդ Աստուծոյ ձեռքին ձեր վրայէն անպակաս ըլլալը։
Վարձքերնիդ կատար։
Սիրով ՝
ԳՐԳԻՈՐ ՏԷՕՇԷՄԷՃԵԱՆ
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2025