ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի լարուածութիւնը հետզհետէ կը խորանայ մտահոգիչ թափով։ Շաբաթավերջին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով, որով տեղեկացուց, թէ մեծ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Էջմիածնի մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի մասնակիցները՝ գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավարներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան քարոզը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ս. Առաքելոց տօնին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութիւններէն մէկուն մասնակիցները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Հարկ է նշել, որ այս պատմական եկեղեցին արդէն 350-ամեայ յոբելենական շրջանը թեւակոխած է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած քահանայից տարեկան հաւաքի եզրափակիչ յայտարարութիւնը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ ծագած տագնապի պայմաններուն ներքեւ։