ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը: Օրակարգի վրայ ընդգրկուած էին Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի գումարման, Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, հակաեկեղեցական արշաւին, ապօրինաբար ազատազրկուած եկեղեցականներու եւ միւս հայորդիներու դէմ ընթացող իրաւական գործընթացներուն, Կիրակնօրեայ դպրոցներու դասագիրքերու պատրաստման ուղենիշերուն, Հայաստանի բանակէն եւ քրէակատարողական հիմնարկներէն ներս իշխանութեան նախաձեռնութեամբ հոգեւոր ծառայութեան դադրեցման վերաբերեալ հարցեր:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը ԳՀԽ-ի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ օրակարգային հարցերու շրջանակներէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախընտրական պատուիրակութեան մայիսի 13-ին հրապարակած միջանկեալ յայտարարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երկրէն ներս ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին եւ նախընտրական շրջանակներէն ներս արձանագրուած դատապարտելի երեւոյթներուն, որոնց առնչութեամբ ԳՀԽ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ:
*
ԳՀԽ խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին քարոզարշաւի ընթացքին քարոզչական անընդունելի միջոցներու՝ ներառեալ բռնաճնշումներու, ոչ-իրաւաչափ ուժի կիրառման առնչութեամբ: Առկայ թշնամանքի ու ատելութեան խօսոյթը, անվայելուչ եւ անպարկեշտ բառապաշարը մի միայն կը պառակտեն եւ առաւել կը բեւեռացնեն մեր հասարակութիւնը՝ ժողովուրդէն ներս յառաջ բերելով ընդվզում, հիասթափութիւն եւ նոր լարուածութիւն, նաեւ լրջագոյն սպառնալիքներ կը ստեղծեն հայոց պետականութեան դէմ:
Անթոյլատրելի եւ դատապարտելի կը նկատենք յանուն քաղաքական սեփական նկրտումներու՝ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան թիրախաւորման քայլերը, ինչպէս նաեւ հայոց եկեղեցին քաղաքական գործընթացներու մէջ արհեստականօրէն ներքաշելու փորձերը:
Այս լոյսին ներքեւ խիստ տարակուսելի է ԵԽԽՎ-ի նախընտրական պատուիրակութեան՝ մայիսի 13-ի միջանկեալ յայտարարութեան մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «քաղաքականութեան մէջ աննախադէպ ներգրաւուածութեան» վերաբերեալ արձանագրուած գնահատականը, զոր կը նկատենք ապատեղեկատուութեամբ ուղղորդեալ եւ ամբողջովին հակասող ԵԽԽՎ-ի 2026 թուականի յունուարի 25-ի, համար 2633 (2026) բանաձեւին։
Փոխարէնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ԵԽԽՎ-էն կ՚ակնկալէ յստակ գնահատականներ Հայաստանէ ներս հայոց եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու սանձազերծած արշաւի՝ հակառակ երկրի օրէնսդրական կարգաւորումներու եւ միջազգային իրաւունքի՝ պետական լծակներու բացայայտ գործադրմամբ շարունակաբար դրուող արգելքներու եւ սահմանափակումներու առնչութեամբ, որոնք ուղղակի խոչընդոտներ կը յարուցեն Եկեղեցւոյ հոգեխնամ առաքելութեան դէմ:
Հասցէական արձագանգի կը կարօտին ապօրինի այնպիսի գործողութիւնները, ինչպիսիք են՝ հարկադրանքի միջոցներով եւ սպառնալիքներով եկեղեցականներու վրայ ներազդելու, շարք մը հոգեւորականներու դէմ ապօրինի քրէական վարոյթներ նախաձեռնելու, եկեղեցական կանոնակարգէն շեղուած հոգեւորականները խրախուսելու, առանձին քահանաներու հետ ապօրինի աշխատանքային պայմանագրեր կնքելու, իսկ կարգալոյծները պետական հովանաւորութեամբ հոգեւոր ծառայութեան նշանակելու դատապարտելի դէպքերը, որոնք ուղղակիօրէն կ՚ոտնահարեն ինչպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, այնպէս ալ մարդու հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները:
Միջազգային պատկան կառոյցներու եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու արդարամիտ արձագանգին կը սպասեն նաեւ աշխարհասփիւռ հայոց եկեղեցւոյ ինքնակառավարման միջամտելու իշխող քաղաքական ուժի հակաիրաւական գործողութիւնները եւ յատկապէս՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին մէջ եկեղեցւոյ ազգընտիր հայրապետի գահընկէցութեան ճանապարհով եկեղեցւոյ «բարենորոգման» մասին արձանագրուած յաւակնութիւնները. քայլ մը, որ եւս հակականոնական է եւ ապօրինի։
ԳՀԽ հարկ կը նկատէ վերստին արձանագրել, որ եկեղեցիէն եւ եկեղեցական իրաւասու մարմիններէն դուրս որեւէ կառոյց՝ նոյնիսկ պետական ու քաղաքական իշխանութեամբ օժտուած, չի կրնար իրականացնել եկեղեցական կեանքի «բարենորոգում»։
Ընտրութիւններու արդիւնքին ժողովուրդի շնորհած վստահութեան քուէն բացառապէս կրնայ օգտագործուիլ պետական ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու, երկրի սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու, ազգային ինքնութիւնը զօրացնելու եւ հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու համար:
Հայոց պետութիւնը ազգակերտ իր առաքելութեամբ բոլոր ժամանակներուն մէջ եղած է ամուր պատուարը մեր ինքնութեան, խարիսխը մեր յարատեւութեան: Հայոց անկախ պետականութիւնը պէտք է խոհեմութեամբ, նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ փայփայել եւ արկածախնդրութիւններով երբեւէ վտանգի չենթարկել:
Թող Երկնաւոր Տէրը մշտամնայ Իր օրհնութեան ներքեւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան մէջ պահէ երկիրն հայոց եւ իր լոյս պատուիրաններով համայն հայ ժողովուրդը առաջնորդէ մի միայն Աստուածահաճոյ, հայրենաշէն եւ ազգօգուտ շաւիղներով: