Եկեղեցական

ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ՀՕՖ-ԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) տնօրէններու խորհուրդի անդամներն ու բարերարները։

ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ, Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայոց Պատրիարքութեան եւ հրատապ միջամտութեան կոչ ուղղեցին։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՍԱՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Միչիկընի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» լիսէէն խումբ մը սաներ, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀ. ԺՈՂՈՎ

Համայն հայութիւնը կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրներուն։ Հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այդ մարտահրաւէրները միշտ առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դերակատարութիւնը ճակատագրային է։

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

 Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս նշուեցաւ կարեւոր յոբելեան մը։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով նշուեցաւ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեյղեցւոյ հաստատման 100-ամեակը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն հիւրեր։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը մէկտեղուեցաւ Այխշթեթ-Ինկոլշթատի կաթոլիկ համալսարանի քրիստոնեայ արեւելքի աստուածաբանութեան ամպիոնի դասախօսական կազմին, Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի ուսանողներուն հետ։

Էջեր