ՆՈՅՆ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ բացուած դատին համար վերստին նշանակուեցաւ դատաւոր Սերժ Ռուշանեան։ Հայաստանի Վճռաբեկ ատեանը նախընթաց օր որոշած էր, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետին եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազաններուն դէմ դատավարութիւնը տեղի ունենայ Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանէն ներս։ Վճռաբեկ ատեանին կողմէ տրուած այս որոշման հիման վրայ՝ դատաւոր Սերժ Ռուշանեան վերստին նշանակուեցաւ այս գործին համար։ Արդարեւ, Սերժ Ռուշանեան միջոց մը առաջ յանգած էր այն եզրակացութեան, որ քրէական վարոյթի պատճառ դարձած արարքի գործուած վայրը ստոյգ չէ, հետեւաբար, դատավարութիւնը պէտք է ընթանայ Երեւանի մէջ։ Յամենայնդէպս, Վճռաբեկ ատեանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ քրէական վարոյթի պատճառ դարձած արարքը գործուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, որ կը գտնուի Արմաւիրի մարզի դատական իշխանութիւններու ընդդատութեան ներքեւ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, աւելի առաջ այս դատը քննել մերժած Սերժ Ռուշանեան վերստին նշանակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու գործը քննելու։ 

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմադրութեան պայմաններուն ներքեւ, անհիմն ու նոյնիսկ ծիծաղելի մեղադրանքներ հասցէագրուած են Վեհափառ Հայրապետին եւ վեց սրբազաններուն։ Հայաստանի իշխանութիւնները ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ այդ երեւոյթի ցաւալի դրսեւորումները յառաջ կը տարուին երկրի դատաիրաւական համակարգին կողմէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2026