ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵՒ ՎԵՑ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԴԱՏ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԱԽԱԶԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷՆ ԱԶԱՏՈՒԵՑԱՒ՝ ԻՐ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ քրէական վարոյթը դատարան ուղարկելով՝ դատ բացուելուն առիթ դարձած դատախազը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Այսպէս, դատախազ Խաչատուր Գալստեան աշխատանքէն ազատուեցաւ՝ իր իսկ դիմումին համաձայն։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ ստեղծած է այս իրադարձութիւնը, որու կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութենէն նշեցին, որ յիշեալ դատաւորի աշխատանքէն ազատուիլը որեւէ կապ չունի Վեհափառ Հայրապետի եւ սրբազաններու դէմ բացուած դատին հետ։
Դատախազ Խաչատուր Գալստեան քրէական հետապնդում իրականացուցած էր Վեհափառ Հայրապետին եւ վեց սրբազաններուն դէմ, մեղադրական եզրակացութեամբ գործը ուղարկելով դատարան։
Լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ այս շրջանին հնարաւոր չ՚ըլլար կապ հաստատել դատախազ Խաչատուր Գալստեանի հետ։
Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան համայնապատկերին վրայ, ակնյայտ արհեստական եւ ծիծաղելի մեղադրանքով մը դատ բացուած է Վեհափառ Հայրապետին եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազաններուն դէմ։ Ներկայիս այդ գործը կը գտնուի Հայաստանի Վճռաբեկ դատարանին մօտ, ուր կատարուելիք տնօրինութիւնը պիտի բնորոշէ յառաջիկայ ընթացքը։