ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԻՐԱՏԵՍ

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ Մասեացոտնի թեմի այժմ արդէն նախկին առաջնորդ, կարգալոյծ եպիսկոպոս Արման Սարոյեան չի կրնար վերականգնուիլ թեմակալ առաջնորդի կարգավիճակին մէջ։ Արման Սարոյեան, որ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ տիրադաւ եպիսկոպոսներու շարքին մաս կազմած էր, յաջորդած ժամանակաշրջանի չափազանց ծանր յայտարարութիւններով ալ ուղղորդուած մթնոլորտին մէջ, հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած էր։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ան դատ բացած էր՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը կարճեց Արման Սարոյեանի հայցով յարուցուած քրէական գործի զրոյցը։ Փաստաբան Արա Զօհրապեան նշեց, որ այս գործը քննուած է դատաւոր Էդգար Յովհաննիսեանի կողմէ։

Սարոյեան կը պահանջէր անվաւեր ճանչնալ զինքը Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութիւնը եւ վերականգնուիլ այդ պաշտօնին մէջ։

Փաստաբան Զօհրապեանի փոխանցմամբ՝ դատարանը եզրայանգած է, որ թեմակալ առաջնորդի նշանակումն ու պաշտօնէ ազատումը կաթողիկոսի բացառիկ իրաւասութիւնն է եւ կ՚առընչուի եկեղեցւոյ ինքնակառավարման ու ներքին կեանքին։

«Դատարանը արձանագրեց, որ այդ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին եկեղեցական ներքին կանոններով՝ կանոնական իրաւունքով, իսկ տուեալ վէճը ենթակայ չէ քաղաքացիական դատավարութեան կարգով քննութեան», տեղեկացուց իրաւաբանը։

Ըստ իրեն՝ դատարանը վերցուցած է նախապէս կիրառուած հայցի ապահովման միջոցները, որոնցմով սահմանափակուած էր Մայր Աթոռի՝ Մասեացոտնի թեմի կառավարման վերաբերեալ որոշումներու իրականացումը։

Արա Զօհրապեան յիշեցուց, որ հայցի ապահովման միջոց կիրառելու մասին դատական վճռի կատարումը ենթադրաբար խոչընդոտելու առնչութեամբ մեղադրանք առաջադրուած է Վեհափառ Հայրապետի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ։

Արման Սարոյեան թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն ազատուած էր 10 յունուար 2026 թուականին։ Իր հայցի շրջանակներէն ներս դատարանը կիրառած էր հայցի ապահովման միջոց՝ մինչեւ այս գործին վերաբերեալ վերջնական դատավճռի արձակուիլը։ Յունուարի 27-ին Սարոյեան հռչակուած էր կարգալոյծ։

Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու վերաբերեալ առանձին քրէական օրէնքով սեպտեմբերի 18-ի նիստին պաշտպանական կողմը միջնորդած էր դադրեցնել քրէական հետապնդումը եւ կարճել վարոյթը։ Այս գործով յաջորդ դատական նիստը նախատեսուած է հոկտեմբերի 30-ին, Հայաստանի ժամով 16.00-ին։

Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ կը գտնեն նաեւ զանազան պնդումներ, ըստ որոնց տիրադաւ սրբազաններէն Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպսկ. Աբրահամեան զղջումի մէջ է, կը ծրագրէ Վեհափառ Հայրապետին ներկայանալ, սակայն, վերջնականօրէն համարձակութիւն չի զգար այս ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2026