Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:
Տէրունական աղօթքի աստուածային խնդրանքներուն վերջինն է այս խնդրանքը, որով մեր Փրկիչը կը սորվեցնէ մեզի խնդրել, որպէսզի մեր Հօր Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ ալ, ինչպէս որ կը կատարուի երկինքի մէջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի երգիչ Պարթեւ Կարեան համերգի մը համար հրաւիրուած է Նիւ Եորք։ Ծանօթ է, որ Պարթեւ Կարեան մեր համայնքէն ներս ամենասիրուած ու նախնտրուած մենակատարներէն մին ըլլալու առընթեր սփիւռքի մէջ ալ ունի իր համակիրներու շրջանակը եւ ամէն տարի զանազան առիթներով կը հրաւիրուի արտասահման։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի Հայաստանը առաջին անգամ կը միանայ Համաշխարհային մաքրութեան օրուան, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբեր ամսուն եւ այս տարի այդպիսի օր հռչակուած է 15 սեպտեմբերը:
2008 թուականէն ի վեր շարունակուող Համաշխարհային մաքրութեան օրուան շարժումին միացած է 150 երկիր. ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Աւստը-րալիա, Պելժիա, Պրազիլ, Գերմանիա, Սպանիա, Ինտոնեզիա, Իրլանտա, Իտալիա, Իրան, Գանատա, Հարաւային Ափրիկէ, Յորդանան, Ղազախիստան, Ճաբոն, Ռուսաստան, Վիեթնամ, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ:
Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը ժողով մը գումարեց՝ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ:
Գումգաբուի երէկուան բազմակողմանի քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ հրատապ խնդիրները:
Ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանի յիշատակը յաւերժացուեցաւ յուշաքարի տեղադրմամբ։ Այսպէս, Հաաստանի Մատենադարանի հանգուցեալ տնօրէն, ակադեմիկոս, ականաւոր հայագէտ, հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մեծ գիտակ Սեն Արեւշատեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարը տեղադրուեցաւ սեպտեմբերի 7-ին Երեւանի Աւագ Պետրոսեան 2 հասցէին վրայ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2018-19 ուսումնական տարուան բացման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ կատարուեցաւ ուսանողներու օրհնութեան կարգ։ Հնչեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ճեմարանի օրհներգները։
Ազգային լրաքաղութեան կազմակերպութիւնը (ՄԻԹ) երէկ շատ կարեւոր գործողութիւն մը իրականացուց Սուրիոյ Լազքիէ քաղաքին մէջ։ ՄԻԹ-ի կողմէ իրականացուած գործողութիւնով ձերբակալուեցաւ Եուսուֆ Նազիք, որ 2013 թուականին Ռէյհանլըի մէջ պատահած եւ 53 կեանք խլած ահաւոր պայթումը ծրագրաւորողներէն մին էր։
Ֆրանսախօս հասարակական կազմակերպութիւններու 11-րդ ֆորումը՝ Երեւանի մէջ:
«Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը պիտի դառնայ անմոռանալի»:
Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը, որ երրորդն է իր տեսակին մէջ։ Այս հաւաքը կը գլխաւորեն երկու երկիրներու նախագահները՝ Րէճէպ Թայիպ Էրտողան եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Քրեմլինի պալատի աղբիւրները այս տուեալը հաղորդեցին «Իզվեստիա» յայտնի ռուսական թերթին։
Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան համերգասրահին մէջ պոլսահայ արուեստագէտներու յաջող ելոյթը:
Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Կալիպօղլու արժանացան ունկնդիրներու գնահատանքին՝ իրենց մատուցած ճոխ յայտագրով:
Հեղինակ՝ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Կը ներկայացնէ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Նոր հրատարակուած գիրքը դարձեալ աշխատասեղանիս վրայ է։ Հեղինակը՝ մեր շատ սիրելի Յովնան Սրբազանն է։ Հետաքրքրական վերնագիր մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր յուշ իրօք ապրուած է եւ շատերուն տարբեր զգացումներ ապրեցուցած եւ առթած է։
Լիբանանի «Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբում»ի շուրջ 75 անդամներու Հայաստան այցելութեան առթիւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ արարածը իրապէս «աշխարհ» մըն է՝ ինքն իրեն անծանօթ, ինքն իրեն օտար։ Եւ մարդ երբ չի ճանչնար ինքզինք, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս ճանչնայ իր նմանը՝ ուրիշը, որ բոլորովին «տարբեր աշխարհ» մըն է։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Երէկ, ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ձայնագրութիւնը
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին
«Պոլսահայ պատմական համայնքին հետ կապերը սերտացնելու նպատակով նախարարութեան կողմէ երկարաժամկէտ ձեւով պիտի գործուղղենք իմ խորհրդական Գէորգ Պետրոսեանը՝ աւելի լաւ ճանչնալու համար անոր ներուժն ու մարտահրաւէրները։ Ինծի համար երբեք ընդունելի չեն այն քննադատական մօտեցումները, որ յաճախ կը հնչեն Հայաստանէն։ Ի վերջոյ այդ մարդիկ լաւ չեն ճանչնար Թուրքիան եւ մանաւանդ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ բան է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան եւ յայտնութեան միջոցով, Աստուած, Իր նախախնամութեամբ եւ Իր Ս. Հոգիին ազդեցութեամբ կը խօսի մարդուս։ Արդարեւ, բազմաթիւ եւ այլազան միջոցներով Աստուած կը ջանայ Ինքզինք ճանչցնել մարդուս եւ Իրեն հետ հաղորդ դարձնել զանոնք։
Վերջին տարիներուն՝ Պագըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կ՚ուզէ արտասահմանի վարժարաններու հետ աշխոյժ կապեր հաստատել ու մշակութային գործունէութիւններ ծաւալել։ Այս կապակցութեամբ բեղուն աշխատանք կը տանի վարժարանի գիտութեան ուսուցչուհի՝ Սիպել Արբաճըք:
Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբէն Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան երէկ խմբագրատունս այցելեցին՝ աշխատանքի մեկնարկի առթիւ:
Համայնքի ընթացիկ խնդիրները, որքան որ ալ հրատապ ըլլան, պատճառ պէտք չէ դառնան նոր սերունդի նկատմամբ անուշադրութեան եւ անտարբերութեան:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յօդուած մը գրի առաւ The Wall Street Journal-մէջ:
Թուրքիա բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ Սուրիոյ տագնապին գծով՝ Իտլիպէ ներս կանխելու համար սպանդ մը: