Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Հա­լէ­պի մէջ յոյ­սի ծի­լեր կան. հրթի­ռա­կոծ­ման վտան­գը շեշ­տա­կի նուա­զած է, կեն­ղա­ցա­յին բա­րե­լա­ւում­ներ կը նկատուին, կ՚ակն­կա­լուի ջու­րի, աս­տի­ճա­նա­բար նաեւ՝ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան խնդիր­նե­րու լու­ծում:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Դա­նիոյ մէջ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին եւ Zulo service-ը, օժան­դա­կու­թեամբ Դա­նիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան, կը կազ­մա­կեր­պեն Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ձեռ­նարկ մը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Թուր­քիա ե­րէկ ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը՝ փոր­ձա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ Այս­պէս, անջր­պետ ու­ղար­կուե­ցաւ «Göktürk-1» ար­բա­նեա­կը։ Այս ձեռք­բե­րու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Վիեն­նա­յի մէջ, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով մի­ջազ­գա­յին նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը։ Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 140 եր­կիր­նե­րէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան կ՚ըն­դու­նուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ Հու­լու­սի Ա­քար Ա­տա­նա­յի մէջ ու­նե­ցաւ շարք մը շփում­ներ, տեղ­ւոյն վրայ քննե­լով բա­նա­կի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Հալէպի Ս. Գէորգ եւ Ս. Վարդանանց հայկական եկեղեցիները կը մնան կանգուն:
Հակառակ ծանր վիճակին ու ռմբակոծումներուն անոնք կը դիմադրեն բոլոր փորձութիւններուն:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.- 
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» համալիրէն ներս բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
«Քլաուտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնը կ՚ընդգրկէ մասնագիտական բազմաթիւ բաժանմունքներ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի վերջոյ Սթրազպուրկ կը տեղափոխէ Թուրքիոյ դէմ անցեալ տարի բացած իր դատը:
Անթիլիասի ներկայացուցիչները վաղը Պրիւքսելի Մամլոյ ակումբի երդիքին տակ հանդէս պիտի գան մասնաւոր ասուլիսով մը՝ միջազգային մետիային եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն համար: Այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացուի որպէս պատմական քայլ՝ Սահմանադրական ատեանի մերժումէն ետք:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն ու Թա­նիա Պալ­ճըն։ Ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը թա­փով կ՚ըն­թա­նան ի նպաստ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին՝ շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։ Այս­պէս մեր հիւ­րերն էին՝ Եւ­գի­նէ Վան­լը, Նուր­հան Սու­ճեան եւ Ե­դուարդ Պալ­ճը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը «Ար­մէնփ­րէս» եւս ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծո­յէն կոր­սուած իւ­ղան­կա­րի հար­ցին։ Գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը մատ­նանշած է, որ երկ­րի Քննչա­կան վար­չու­թիւ­նը այս հար­ցին շուրջ որ­պէս վկայ ունկնդ­րած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ըն­դու­նեց այն ինն նո­րաօծ քա­հա­նա­նե­րը, ո­րոնց ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուած էր վեր­ջերս։ Նո­րապ­սակ քա­հա­նա­նե­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրկին քննարկ­ման ա­ռար­կայ էր վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ: 26 Նո­յեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գոր­ծող «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դը Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պեց «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հե­ռան­կար­նե­ր» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­ւար­տին մաս­նա­կից­նե­րու եզ­րա­յան­գու­մը մէկ էր՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լե­զուա­կան հայ­րե­նի­քը պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Նա­խա­պէս գիւ­տե­րը ար­դիւնք էին միայն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մը, կա­րի­քի մը: Այժմ յա­ռա­ջա­ցած է շու­կա­յա­կան մրցակ­ցու­թեան գոր­ծօ­նը եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ ըն­կե­րու­թիւն­ներ այս ա­ռա­ջադ­րան­քով բուռն մրցակ­ցու­թեան դաշտ նե­տ-ւած են: Այս ըն­թաց­քով կար­ծես թէ մար­դը կը սկսի դառ­նալ երկ­րոր­դա­կան…:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց հա­յոց աշ­խար­հի ա­ռա­ջին լու­սա­ւո­րիչ­նե­րուն՝ Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու ցնծա­լի տօ­նը։ Բերկ­րա­ռատ օ­րուան առ­թիւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խա­գա­հեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ս. Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016

«Սա­րեան» լա­րա­յին նուա­գա­րան­նե­րու քա­ռեա­կը վեր­ջերս հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Սա ու­սու­ցո­ղա­կան ե­րաժշ­տա­կան հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր մըն էր, որ նա­խա­տե­սուած էր պա­տա­նի­նե­րու հա­մար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հիւ­րըն­կա­լեց լու­սան­կա­րիչ Նուր­հան Աք­քա­յան, որ վեր­ջերս ցու­ցա­հան­դէս մը բա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ներ­կայ էր նաեւ լրագ­րող Սե­ւան Ա­­թաօղ­լու, որ այդ ցու­ցա­հան­դէ­սին կազ­­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գած էր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016

Ի­տա­լիոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման հա­մար հան­րա­քուէ մը։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէր բարձ­րաց­նել իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ժո­ղո­վուր­դը ըն­թացք չէ տուած Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ միա­բե­ւեռ աշ­խար­հը կքած է։ Ռու­սա­կան NTV հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան քննա­դա­տեց Ա­րեւ­մուտ­քը։

Էջեր