Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը, օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, լոյս ընծայեց հոգելոյս Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Բաստամեանցի (1842-1881) կանոնագիտական երկերու ժողովածոն։
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ «Աուրորա» մրցանակը, որու առաջին դափնեկիրը դարձաւ Մարգարիտ Փարանկիցէ (Պրունտի)։ Միւս թեկնածուներն էին՝ Թոմ Քաթինա (Սուտան), Սաիտա Ղուլամ Ֆաթիմա (Փաքիստան) եւ Հայր Պեռնար Քինվի (Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն)։
Թիւնէլի հրապարակին եւ Հայտարփաշայի կայարանին մօտ ոգեկոչումներ՝ անվտանգութեան միջոցառումներով:
Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան զանազան շրջանակները այս տարի եւս նշեցին Ապրիլի 24-ը՝ հանդէս գալով մամլոյ յայտարարութիւնով մը:
Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ու խոր երկիւղածութեամբ խնդրեց իր Սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը դարձեալ մագնիսացուց հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «2016 թուականի Ապրիլի 24-ին, ի լուր աշխարհի կը յայտարարեմ, որ Արցախի մէջ պիտի չըլլայ հայերու բնաջնջում կամ բռնագաղթեցում»:
Հայաստանի Պարի պետական համոյթը այս առաւօտ կանուխ ժամանեց քաղաքս։ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ Իսթանպուլ հասաւ Պարի պետական անսամպլը։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ խումբը դիմաւորուեցաւ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանին եւ այլ անդամներուն կողմէ։
Համայնքային շրջանակները յարատեւութեան մաղթանքով ու զօրակցութեան տրամադրութեամբ ողջունեցին Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ Էթիլէրի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքը փայլուն անցաւ:
Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, այս տարի եւս շարունակուեցաւ Ապրիլի 24-ի առթիւ Գումգաբուի մէջ Ս. Պատարագի մատուցման նախընթացը, որ կը շարունակուի քանի մը տարիէ ի վեր եւ այլեւս աւանդութեան մը վերածուելու վրայ է։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Ապրիլի 24-ին առթիւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին առթիւ խօսեցաւ հետեւեալ քարոզը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ թողարկուած պաշտօնական բնագիրը։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ կը շարունակենք վայելել մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի ցնծութիւնը։ Կը շարունակենք ձայնակցիլ հրեշտակներուն, որոնք վիմափոր գերեզմանի դրան քարը գլորեցին եւ յայտարարեցին, թէ «Քրիստոս, խաչուած Նազովրեցին չէ աստ, այլ՝ յարեաւ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լա՛ւ տրամադրութիւն ունենալ» կը նշանակէ՝ ինքնավստահ ըլլալ, կորովի, զօրեղ զգալ ինքզինք, քաջարի ըլլալ եւ պատրաստակամ՝ կատարելու այն ի՛նչ որ իրեն կը վերաբերի։ Լաւ տրամադրութիւն ունեցողը «հոգիի ուժ» ունեցող մէկն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաքելական Սուրբ եկեղեցին Ապրիլ 24-ին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, անոր խաչելութիւնը, եւ խաչի վրայ անոր թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղի փրկութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքին Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերադարձուիլը հիմնական շօշափելի արդիւնքն է շուրջ մէկ տարուան այս աղմկալի գործընթացին մէջ։ Սա եղաւ կառավարութեան միջամտութեամբ։ Անոնք, որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են իրադարձութիւններուն, կը գիտակցին՝ թէ երեսփոխան Մարգար Էսաեան ունեցած է կարեւոր դերակատարութիւն մը։
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Երեւանի մէջ կազմակերպուած վերականգնումի ու վերամիաւորման շարժման եռօրեայ համաժողովը հասաւ իր աւարտին։ Այս առթիւ կուսակցութեան յառաջատար ներկայացուցիչները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփեցին համաժողովին շրջագծով կատարուած աշխատանքը։
Կազիանթէպի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր հաւաքոյթ մը։
«Tert.am» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
1915։ Անցեալ տարի 100-րդ տարելիցն էր։ Մէկ դարը քիչ չէ՝ եղածը յաղթահարելու համար։ Ու այդ իմաստով, այս տարին աւելի կարեւոր է, քան անցեալ տարին, այս տարուան Ապրիլի 24-ին պիտի երեւայ՝ մենք Եղեռնը յաղթահարած ենք, թէ չէ։
Մոսկուա կը փորձէ դարձեալ սառեցնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Սէրկէյ Լաւրով երէկ բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեց Երեւանի ղեկավարութեան հետ:
23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը տօնուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
Ազգային գերիշխանութեան տօնին զուգահեռ կը նշուի խորհրդարանի հիմնադրութեան 96-րդ տարեդարձը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նախքան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի Երեւան ժամանելը, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ ընդհանուր շեշտադրումներ կը կատարէր ղարաբաղեան հիմնախնդրի զարգացումներու վերջին փուլին մասին: Բացորոշ է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի ներկայ փուլը մտած է քննարկումներու կարեւոր անցումային շրջան մը:
Հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն կ՚ոգեկոչէ իր սրբադասեալ նահատակները:
Ապրիլի 24-ի առթիւ տեղի կ՚ունենան արարողութիւններ՝ ի յիշատակ 1915-ի անմեղ զոհերուն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական յատկանշական հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ նշուեցաւ թեմի նուիրեալ հոգեւոր սպասաւորներէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման, հովուական ծառայութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Տէր Հօր ծառայած Վեննայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ յոբելենական արարողութիւնները։
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։