Արխիւ
Մոսկուա հակամարտ կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին: Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ յառաջիկայ օրերուն կամ նոյնիսկ ժամերուն Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը պիտի ժամանեն Ստեփանակերտ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Եթէ մօտէն կը հետեւինք հայ սփիւռքի ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ, թէ տակաւին դամոկլեան սուրի նման անոր գլխուն կախուած է տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը:
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին, որուն կը յաջորդեն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ Պելժիա եւ Չիլի:
Մէջբերումներ՝ Զոհուած Ազատամարտիկներու Մայրերու Խօսքերէն…
Ուքրայնոյ Վարչապետ Արսենի Եացէնեուք հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան իր հրաժարականին մասին յայտարարեց շաբաթական իր հեռուստաելոյթին ընթացքին։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի երէկ շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ուժանիւթի եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն շուրջ խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը՝ գլխաւորութեամբ ՓՔՔ-ի եւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) խմբաւորման դէմ քայլերը։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։ Ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտաւ այս տեսակցութիւնը։
Երեւանի մէջ հոծ թիւով երիտասարդներ շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը կատարեցին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ, երբ այնտեղ կ՚այցելէին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ «Դադրեցնել ահաբեկչութիւնը» վանկարկումներով դիմաւորեցին միջնորդները եւ վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահեցին վերջին բախումներուն ընթացքին զոհուած բոլոր հայոց յիշատակին։
Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ Պաքու եւ Երեւան պէտք է նստին բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։ Անցեալ շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ շփումներ ունեցած ռուս վարչապետը յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ։ Ան համոզուած է, թէ որեւէ ձեւով անկարելի է թոյլ տալ հակամարտութեան սրման։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ դէպի Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ Սէուտական Արաբիոյ Սելման Թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ան Եգիպտոսի վրայով կը ժամանէ Անգարա, ուր իր շփումները պիտի եզրափակուին Ապրիլի 13-ին։
Գորգագործութիւնը արուեստի աւանդական տեսակ մըն է՝ տարածուած Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ, բայց Ղարաբաղի գորգերը իրենց իւրայատկութեան եւ ճանչցուած ըլլալու պատճառով կը զանազանուին մնացեալներէն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցան Երեւանի ղեկավարութեան հետ եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը՝ ամփոփելով իրենց տարածքաշրջանային այցելութիւն:
Հայաստանի իշխանութիւնները եւ միջնորդները քննարկեցին վստահութեան միջոցառումներու շուտափոյթ ներդրման եւ բանակցութիւններու վերսկսման մասին հարցեր:
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
1- Շուշիի մէջ կը գտնուի գորգերու թանգարանը:
2013 թուականի Հոկտեմբերի 22-ին տեղի ունեցաւ գորգերու թանգարանի բացումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անհատականութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ անձնականութիւն, ինքնութիւն, իսկ աւելի սեղմ իմաստով՝ զօրաւոր նկարագիր։ Անհատականութիւնը անձին ինքն է՝ իրեն սեփական յատկութիւններով ու երեսով, անհատականութիւնը այս իմաստով ա՛յն է՝ ի՛նչ որ անձին կը վերաբերի, իւրայատուկ է եւ եզակա՛ն։
«Յուշամատեան»ի հիմնադիր-տնօրէն Վահէ Թաշճեանի հետ շահեկան տեսակցութիւն մը՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ:
Թուայնացուած բաց արխիւը սկսած է դառնալ այն վայրը, ուր հետզհետէ կը սկսին հաւաքուիլ եւ հանրութեան մատչելի դառնալ մինչեւ օրս տուներու մէջ պահուող ընտանեկան գանձեր:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու հանգուցեալ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան Ա. տարելիցին առթիւ։ «Ակօս»ի խմբագրատան դահլիճի երդիքին տակ Շաբաթ յետմիջօրէին ողբացեալ Սարգիս Սերովբեան վերյիշուեցաւ՝ իրեն համար կազմակերպուած հաւաքոյթով մը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ պատմական եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Հռոմէկան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Հայաստան պիտի այցելէ 24-26 Յունիս թուականներուն։ Այս այցելութիւնը կը կայանայ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրաւէրով։