Արխիւ
Զբօսաշրջութեան հայկական հիմնարկին մէջ ստեղծուեցաւ գիտական զբօսաշրջութեան բաժին մը։ Նիւթին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեց Զբօսաշրջութեան հայկական հիմնարկի վերատեսուչ Ռոպէրթ Մինասեան, որ ըսաւ, թէ յիշեալ կառոյցը ստեղծուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ եւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանատան համագործակցութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Իպրահիմ Ռահիմ Փուրը։ Ողջունելով իր հիւրը Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստան եւ Իրան կապուած են աւանդական ջերմ, փոխշահաւէտ յարաբերութիւններով, որոնց վկայութիւնն է միջպետական բարձր մակարդակով երկխօսութիւնը, տարբեր բնագաւառներէ ներս աշխոյժ փոխգործակցութիւնը։
2015 խորհրդանշական թուականի ոգեկոչումներու յուզումնախառն մթնոլորտին մէջ հայ ժողովուրդը զրկուեցաւ իր համբաւաւոր զաւակներուն մէկէն:
Երեւանի մէջ ազգային ժողովի երդիքին տակ յարգանքի լռութիւն:
Աշխարհահռչակ գործարար, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Գըրգ Գրգորեան 98 տարեկան հասակին մահացաւ Պեւըրլի Հիլզի բնակարանի յարկէն ներս:
Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն ներս յատկանշական ժամանակաշրջան մը եզրափակուեցաւ՝ Հանրապետութեան իններորդ նախագահի տխուր կորուստով:
Կառավարութիւնը սուգ հաստատեց բովանդակ երկրին մէջ:
Սիւլէյման Տէմիրէլ 91 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին, մինչ ամբողջ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ իր վիթխարի ծառայութիւնները:
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը։ Պարուսոյց Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ հիմնադրուած այս խումբին տարեկան ներկայացումները հաճելի առիթներու կը վերածուին գեղարուեստասէր հասարակութեան համար։
Պաքուի մէջ կը շարունակուին առաջին Եւրոպական խաղերը, որոնց լուսաբանումներուն շրջագծով միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցները յատկապէս կ՚անդրադառնան նաեւ Հայաստանի մասնակցութեան։
Հայաստանի մէջ արդէն ցանցի մը վերածուած են ԹՈՒՄՕ կեդրոնները, որոնք ստեղծարար փորձագիտութիւններու տարածման իմաստով էական դերակատարութիւն կ՚ունենան։ Վերջերս երկրի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ հաստատուած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն մը։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) դարձաւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան (PES) անդամ։ Կը հաղորդուի, որ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած PES-ի 10-րդ համագումարին ընթացքին հաստատուած է ՀՅԴ-ի անդամակցութիւնը՝ դիտորդի կարգավիճակով։
Հայկական զինեալ ուժերու բարձր հրամանատարական կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ իր պաշտօնէն ազատուեցաւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի տեղակալ զօրավար Լեովա Մնացականեան։
Թիֆլիզի մէջ պատահած ջրհեղեղին արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ աղէտի հետեւանքները կը հասնին անհաւատալի համեմատութիւններու, երէկ հասաւ եւս երկու հայերու մահուան գոյժը։
Ճէյմս Ուորլիք խօսեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքերուն շուրջ:
Կարէն Միրզոյեան. «Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի մշտական սպառնալիքներու առկայ մթնոլորտին մէջ անհնար է խօսիլ զիջումներու մասին»:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրի այս տարուան առաջին փուլին բացումը երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչման ուղղեալ այս նախաձեռնութիւնը վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն յառաջ կը տարուի նախարարութեան կողմէ։
Անթիլիասի կողմէ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մէջ բացուած դատին շուրջ:
Ըստ իրաւաբաններու պարզաբանումներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ որպէս իրաւատէր կը ձգտի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի վերադարձին եւ ո՛չ թէ անոր փոխարէն հատուցման:
Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան քսան կախաղանները երէկ ոգեկոչուեցան Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ։ Փարամազի անձին մէջ խորհրդանշուած այս քսան յեղափոխականներուն ոգեկոչման արարողութիւնը կազմակերպուած էր «Նոր զարթօնք»ի կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հակառակ տարածքին փոքրութեան, Հայաստան տակաւին ունի բազում գեղեցկութիւններ, որոնք դեռ չեն բացայայտուած, սակայն չեն զիջիր յայտնի վայրերու հրապոյրին:
Սոճուտ, Լոռեբերդ, Հնեվանք եւ այլ նման վայրեր հետզհետէ ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ իրենց առթած աննկարագրելի տպաւորութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դարձեալ եւ մի՛շտ անկեղծութիւն։ Քանի որ մարդկային յարաբերութիւններու լաւ մշակման համար անհրաժեշտ պայման է, էական տարր մըն է անկեղծութիւնը։ Բարոյագէտներ, ընկերաբաններ, եւ նաեւ հոգեբաններ կ՚աշխատին կանոնաւորել մարդկային յարաբերութիւնները եւ երջանիկ կեանք մը ապահովել մարդկութեան։
«Աւելին աւելիին համար» սկզբունքի գործադրութեան շօշափելի արդիւնքներուն ուղղութեամբ սպասում:
Ռիկայի գագաթաժողովէն վերջ նոր սկիզբ մը կ՚ակնկալուի Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը բեղուն եւ եռանդուն տարեշրջան մը բոլորեց։ Իսկ աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասէին վերջընթեր օրուան, երբ պիտի ներկայացնէին խրախճանք մը, որ յատկացուած էր մայրենիին:
Տարեվերջեան ոգեւոր հանդիսութիւն մը կայացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ։ Նոր դպրոցի կառուցման հետեւանքով հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղ մարզակումբի սրահին մէջ։
Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ համախմբուեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Դպրոցի համալիրէն ներս զանազան սերունդներէ ընթացաւարտներ մէկտեղուեցան բարձր տրամադրութիւնով։