Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ գաւառի մեր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։
Անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցած Գերմանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը աւարտեց իր այցելութեան ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իրենց կեցութեան շրջագծով Պունտեստակի ներկայացուցիչները այցելեցին նաեւ Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։
Հայաստան կը հիւրընկալէ Ճատրակի տասներորդ աշխարհի առաջնութիւնը՝ արդէն երկրորդ անգամ:
Մասնակից 50 մարզիկներէն 49-ը կը կրեն կրոսմայսթըրի բարձրագոյն տիտղոսը, ինչ որ եզակի երեւոյթ մըն է պատմականօրէն: Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն վերջ խաղերը կ՚ընթանան բուռն մրցակցութեան մթնոլորտով:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Լիւքսեմպուրկ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոպական միութեան եւ անոր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Հաւանական է, որ ան յարակից հանդիպումներ ալ ունենայ այս շրջագծով։
Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շուրջ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ վերջերս կազմակերպուեցաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթը։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը այս մրցոյթը մաս կը կազմէր միջմիութենական աւանդական ձեռնարկներու շարքին, սակայն դժբախտաբար ընդհատուած էր անոր յաջորդականութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ մասնակցեցան «Վերապրած ձեռագրեր» ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Գոճաէլի, ուր եւս արտայայտուեցաւ հայկական հարցի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Սփիւռքն ու Հայաստանի պետութիւնն է, որ խնդիր ունին մեզի եւ մեր հայ եղբայրներուն հետ»:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Ս. Զատկի տօնին առթիւ շնորհաւորական այց մը տուաւ Ասորի կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Մոնսենիէօր Եուսուֆ Սաղին
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Նոր տարի» մը՝ նոր կեանքի մը առաջին օրն է, որ մարդուս կ՚աւետէ նորոգուած, բարեփոխուած նոր շրջան մը։ Երանի՜ անոնց, որ գիտեն օգտագործել այդ նորութիւնը իրենց կեանքէն ներս։ Արդարեւ, «Նոր»ը դիմաւորել չի բաւեր, այլ պէտք է իւրացնե՛լ, օգտագործել, առիթ մը նկատել զայն, էապէս նորոգուելու։
Ս. Երուսաղէմի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նախորդ շաբաթավերջին Ս. Զատիկը նշեց ըստ Հին տոմարի։ Աւանդական խանդավառութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն՝ թէ ծերութեան շրջանը երկարատեւ ըլլալու համար պէտք է կանուխ ծերանալ։ Արդարեւ տարիքոտ ըլլալ եւ ծեր ըլլալ, թէեւ մերձիմաստ են, բայց էապէս կը տարբերին իրարմէ։ Տարիք ունեցող մէկը կրնայ ինքզինք երիտասարդ զգալ, եւ փոխադարձաբար տարիքը քիչ ըլլալ բայց ծեր զգալ ինքզինք։
Թուրքիոյ մասնաւոր վարժարաններու միութեան կողմէ Թուրքիա հրաւիրուած խումբ մը օտար կրթական գործիչներ երէկ այցելեցին Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաժողով մը։
Բիւրականի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնի ակադեմիան։
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի որդին՝ Կարէն Խաչատուրեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Կարէն Խաչատուրեան այս առթիւ այցելեց Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։
Գերմանիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Պունտեսթակի անդամները Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի շրջանակներէն ներս, նաեւ հիւրընկալուեցան Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
«Կազփրոմ»ի միջոցներով Երեւանի մէջ կը կառուցուի ուսումնամարզական նոր կեդրոն մը:
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բողոքարկել Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ:
Ըստ Ահմէտ Տավուտօղլուի, վերջին բանաձեւը կը գրգռէ իսլամի եւ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի ծովուն մօտ գտնուող Պուրճ Համուտը Արա Մածունեանի ծննդավայրն է: Անոր խոնաւ ամառներով ու անձրեւոտ ձմեռներով հասակ առած քանի-քանի սերունդներ արդէն կը վկայեն այս հայկական աւանին մասին:
Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան հովուական այցելութիւն տուին Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը։ Ներկայ կրթական շրջանի արդէն վերջընթեր ժամանակահատուածին մէջ կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։