Արխիւ
Կարս քաղաքը հազարաւոր տարիներու անցեալով, բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու մշակութային հետքերով միշտ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ զբօսաշրջութեան աշխարհէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շրջանին Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն մօտ թափ պիտի տրուի քաղաքի ծանօթացման ուղղեալ աշխատանքներուն՝ որպէսզի ան հիւրընկալէ աւելի բարձր թիւով եւրոպացի զբօսաշրջիկներ։
Ճաբոն մասնագէտները այս տարի փափաք յայտնած են առաջին անգամ հայ մասնագէտներու հետ միասին պեղումներ իրականացնել Հայաստանի սահմաններէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս պեղումները պիտի կատարուին Արարատեան դաշտավայրի եւ Արագածի նախալեռնային շրջաններուն մէջ։
Վրաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ, «Միացեալ ժողովրդավարական շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Նինօ Պուրճանածէ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խառնուի իր երկրի ներքին գործերուն ու կը հովանաւորէ երկրի նախկին նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլիի «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւն։
Մոսկուայի քաղաքային դատարանը օրինական նկատեց ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքի ժամկէտին երկարաձգումը։
Անցեալ տարի 13 հազար 266 հոգի ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, իսկ 2200 անձ հրաժարեցաւ քաղաքացիութենէ։ Վերոյիշեալ նոր քաղաքացիներու շարքին կը գտնուին աւելի քան 3 հազար սուրիահայեր։
Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան տեղեկացուց, որ քանի մը օր առաջ Երեւան տեղափոխուած են արքունի ճարտարապետներ՝ Պալեան գերդաստանի անդամներու նախագծային արխիւները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նարեկ Սարգսեան ընդգծեց, որ նախագծերը Երեւան տարուած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պէյրութ՝ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ճիպրան Պասիլի հրաւէրով։
Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոններու ցանցը կ՚ընդլայնուի ամբողջ Հայաստանի տարածքին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով Մոսկուայի մէջ մանրամասն քննարկումներ ծաւալեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
«Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական համագործակցութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան հաստատման համար»:
Շաբաթ, 23 Մայիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գլխաւորութեամբ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, հրաժեշտ տուաւ երիցագոյն միաբաններէն, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին, ծիսագէտին, աստուածաբանին եւ Տնօրէն ժողովի ատենապետ՝ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաներուն աւանդական դաշտապտոյտը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Այս առթիւ բազմանդամ խումբի մը ձեւով թոփգաբուցիները այցելեցին Քիլիոս, ուր «Շէօմինէ» զբօսարանին մէջ ունեցան հաճելի ժամանց։
Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար երէկ ներկայացուց իր միամեայ գործունէութեան արդիւնքը։ Ծանօթ է, որ Մուրատ Հազինէտար շուրջ տարի մը առաջ ընտրուած էր քաղաքապետ եւ այդ քաղաքապետութեան մօտ իր գործի գլուխ գալով սկսած էր նոր շրջան մը։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ սոփրանօ Ալիս Շահինօղլուի համերգը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի շարքերէն հասած Ալիս Շահինօղլուի համերգի ծրագրին մասնակցութիւն բերին նաեւ թենոր Ճան Ռեհա Կիւն, սոփրանօ Ֆունտա Կիւլլիւ եւ դաշնակահարուհի Սիմթէն Շէնփոլատ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն:
Հոգեգալստեան հանդիսութիւններուն զուգադիպած մատաղօրհնութեան առընթեր, ոգեկոչուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հանգուցեալ բարերարները:
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 208-րդ տարեդարձի արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն առթիւ Պէյօղլուի ընտանիքը ապրեցաւ իսկապէս տօնական օր մը՝ հերթական անգամ հիւրընկալելով նաեւ համայնքային շրջանակները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ունայնութիւն» կը նշանակէ՝ պարապութիւն, ոչնչութիւն, դատարկութիւն։ Իսկ ունայնապաշտ են անոնք՝ որ ո՛չ մէկ բանի կը հաւատան եւ կ՚ըսեն՝ թէ ամէն ինչ պարապ է, ոչինչ եւ պարզապէս երեւակայական։
Վիեննայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015» երգի համաեւրոպական մրցոյթը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ վաթսուներորդ անգամ եւ որուն մասնակցեցաւ նաեւ Աւստրալիան։ Ընդհանրապէս, այս երաժշտական տօնը հատեց իր եզրագիծը, իսկ այս տարուան դափներկիրը հանդիսացաւ Շուէտի ներկայացուցիչը՝ Մոնս Զելմերլեով։
ԵԽԽՎ-ի Իրաւական գործոց եւ մարդու իրաւանց կոմիտէին երկօրեայ նստաշրջանը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ առկայ է ինքնութեան ճգնաժամ մը։ 2015-ի ոգեկոչման միջոցառումներու ընթացքին կապակցութեամբ Հրանոյշ Յակոբեան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ՝ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Ըստ Անկելա Մերքէլի, Արեւելեան գործընկերութիւնը ընդլայնման միջոց մը չէ Եւրոպական միութեան համար: «Կամ-կամ» սկզբունքը անընդունելի: Վերջին գագաթաժողովով յաջողութիւն արձանագրուեցաւ Պրիւքսէլի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ճանապարհին: