Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այ­սօր պի­տի կա­յա­նայ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւ­նը, ո­րուն ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը դրած են ե­րես­փո­խան­ներ՝ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն եւ Սլէյ­ման Ֆրան­ժի­է: Վեր­ջին օ­րե­րուն ե­ղած խմո­րում­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս երկ­րի սիւ­ննի հա­մայն­քի ա­ռաջ­նորդ եւ նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի Աու­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լէն ետք՝ բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­տա­նա­տա­րին նա­խա­գահ դառ­նա­լու յոյ­սե­րը կը դառ­նան գե­րակ­շիռ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ե­կե­ղե­ցի» ը­սե­լով կը հասկ­ցուի ընդ­հան­րա­պէս այն տե­ղը՝ ուր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ կը հա­ւա­քուին եւ կ՚ա­ղօ­թեն։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ «ե­կե­ղե­ցի»ն կը կո­չուի նաեւ «ա­ղօթ­քի տուն» կամ «ա­ղօ­թա­վայր»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետը Եկեղեցականաց համագումարի պատմական որոշման լոյսին տակ բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
«Մէկ կողմէ կ՚ըսէինք, որ մեր պատրիարքը ընտրուած է ցկեանս, իսկ միւս կողմէ կ՚ուզէինք ընտրութեան երթալ։ Պետութեան մօտ կատարուած դիմումներու պարագային ալ ի զօրու էր այս հակասութիւնը»։
«Ե­թէ ար­տօ­նու­թիւն ու­նե­նանք, ա­պա կը ձեռ­նար­կենք ընտ­րու­թեան։ Ե­թէ չ­ու­նե­նանք, ինչ­պէս որ է պա­րա­գան թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու հա­մար՝ ա­պա մենք կրնանք հա­մո­զիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը ցոյց տալ՝ մե­զի վի­ճա­կած գոր­ծը լիար­ժէք կա­տա­րած ըլ­լա­լով։ Մի­ջան­կեալ լու­ծում­ներ փնտռե­լու շրջա­նը փակուած է այ­լեւս անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն։ Ան­ցեալ Չո­րեք­շաբ­թիէն ի վեր այ­լեւս վեր­ջա­ցած է մեր սի­րե­լի Մես­րոպ Պատ­րիար­քի գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նը։ Միայն մենք յա­նուն պատ­շա­ճու­թեան միշտ պի­տի յի­շենք ու մեր սրտե­րուն մէջ պի­տի կրենք զին­քը։ Պատ­րիար­քը ար­դէն հանգս­տեան կո­չուած էր ու մենք հաս­տա­տե­ցինք այդ հան­գա­ման­քը։ Այ­սօր այ­լեւս Ա­րամ Սրբա­զանն ալ կը գի­տակ­ցի, որ թէեւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի տիտ­ղո­սով կը շա­րու­նա­կէ, սա­կայն կը կրէ տե­ղա­պա­հի մը պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւորն է ընտ­րու­թեան եր­թա­լը»

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, երկ­րի եր­րորդ մե­ծա­գոյն քա­ղա­քին՝ Վա­նա­ձո­րի մէջ հաս­տա­տուե­ցաւ ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միա մը։ Այս նոր մար­զա­կան հա­մա­լի­րին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

​Թուր­քիա-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­տա­մուտ Ա­մե­րի­կա­յի թրքա­կան հա­մա­խո­հու­թեան (TCA) հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Իս­թան­պու­լի ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան վեր­ջերս այ­ցե­լեց ԱՄՆ։ Սե­լի­նա Տո­ղա­նին ա­ռըն­թեր այս ու­ղե­ւո­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Թուր­քիա­յէն խումբ մը ի­գա­կան սե­ռէ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ դէ­պի Էն­տո­նե­զիա։ Ճա­քար­թա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած են իր հան­դի­պում­նե­րը Էն­տո­նե­զիոյ օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ոս­կե­րիչ­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան՝ CIBJO-ի հա­մա­ժո­ղո­վը։ «Մե­րի­տիան» ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կեդ­րո­նէն ներս այս առ­թիւ հա­մախմ­բուե­ցան աշ­խար­հի քսա­նհինգ եր­կիր­նե­րէն Ե­րե­ւան մեկ­նած ոս­կեր­չու­թեան եւ թան­կար­ժէք մե­տաղ­նե­րու մշակ­ման ո­լորտ­նե­րէն ա­ւե­լի քան ութ­սուն պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։ CIBJO-ի նա­խա­գահ Կա­յե­թա­նօ Քա­ւա­լիէ­րին ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ տա­րե­կան հա­մա­գու­մա­րին, ո­րու ըն­թաց­քին ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մե­տայ­լով պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ սկսաւ «Նա­րե­կա­ցիա­կան ըն­թեր­ցում­ներ» խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղով­նե­րուն երկ­րոր­դը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի նո­րոգ հան­գու­ցեալ տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին սկսած ծրագ­րի մը շար­քին մէջ են այս հա­մա­ժո­ղով­նե­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Բա­րի գա­լուստ Հա­յաս­տան 2016» խո­րագ­րեալ զբօ­սաշր­ջու­թեան ֆո­րում մը։ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւա­ռի ներ­կան եւ հե­ռանկա­րա­յին գոր­ծե­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի եւ հայ­կա­կան շարք մը կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին նաեւ սու­րիա­հա­յոց խնդիր­նե­րու լուծ­ման հե­տա­մուտ բա­րե­րար­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նեա­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

«Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ The New York Times թերթերուն մէջ ուշագրաւ բաց նամակ մը:
Աշխարհի անուանի խումբ մը հայեր ՀԲԸՄ-ի 100-ամեակի շարժառիթով կոչ կ՚ուղղեն համարձակ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ, ստեղծել համախմբման աննախադէպ ոգի եւ Հայաստանը համապատասխանեցնել համաշխարհային չափանիշներու:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Մինս­քի մէջ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Հարկ է նշել, որ եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը այն­տեղ մաս­նակ­ցե­ցան Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րու հա­ւա­քին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօր կը դառ­նայ 93 տա­րե­կան։ Ա­մէն տա­րուան նման այս տա­րի եւս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը նշուի Հոկ­տեմ­բե­րի 29-ի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նը։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի եւ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Հո­լի­վու­տի մէջ պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տուե­ցաւ ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րին ձօ­նուած պա­տուոյ աստ­ղը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Daily Mail-ի կող­մէ այս մա­սին հա­ղոր­դուե­ցաւ հե­տե­ւեա­լը. «Ֆրան­սա­ցի եր­գող ա­ռաս­պել Շարլ Ազ­նա­ւու­րին՝ 20-րդ դա­րու ա­մե­նա­յայտ­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րէն մէ­կուն, որ կը շա­րու­նա­կէ աշ­խոյժ մնալ 92 տա­րե­կա­նին, Հոկ­տեմ­բե­րի 27-ին պա­տուե­ցին հո­լի­վու­տեան աստ­ղով, որ ներ­կա­յա­ցուած է Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­յոց կող­մէ»։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ո­գե­ւոր հան­դէ­սով մը նշե­ցին Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէ­սը, ո­րու յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­կէն­տէ­րօղ­լուի եւ իր խումբ մը գոր­ծա­կից­նե­րուն։ Օ­րուան յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին խմբերգ­ներ, ո­րոնց ժա­մա­նակ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Գա­րին Սուս­մա­քի կող­մէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տո­նեան կը սկսի իր օ­րը՝ իր ա­ղօթք­նե­րը եւ իր գոր­ծե­րը Խա­չին նշա­նով՝ «յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ. Ա­մէն» խա­չակն­քուե­լով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

National Geographic-ը տե­սա­նիւթ մը հրա­պա­րա­կած է, ուր կ՚ե­րե­ւի, թէ ինչ­պէս վեր­ջին հինգ հա­րիւր տա­րուան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը բա­ցուի Քրիստո­սի գե­րեզ­մա­նը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

Սեն թ՚Ան­թուան լա­տին կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ, Հոկ­տեմ­բե­րի 27-ին, ժա­մը 19.00-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ միջկ­րօ­նա­կան հա­ւա­քոյթ եւ ա­ղօթ­քի ե­րե­կոյթ՝ «Խա­ղա­ղու­թեան ծա­րաւ» բնա­բա­նով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եր­կու տա­րի եւ ութ ա­միս տե­ւած «խա­չե­լու­թիւն»էն ետք, յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի օր, Լի­բա­նան պի­տի ու­նե­նայ նոր նա­խա­գահ մը: Ինչ­պէս յայտ­նի է եւ վեր­ջին տասն օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ե­ղած «հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու»ն ար­դիւն­քով լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­նա­տար զօրա­վար Մի­շէլ Աուն պի­տի ընտ­րուի երկ­րի 12-րդ նա­խա­գա­հը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016

77 տա­րե­կա­նին կեան­քէն հե­ռա­ցաւ ար­ձա­կա­գիր, թարգ­մա­նիչ, սե­նա­րիստ Ռու­բէն Յով­սէ­փեան:

Էջեր