Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Ծա­նօ­թու­թեան եւ զրոյ­ցի հա­մար ժա­մադ­րուած եմ ֆրան­սաբ­նակ հայ­րե­նա­կի­ցիս՝ Սիւ­նի­քի մար­զի, Խնձո­րեսկ գիւ­ղը ծնած եւ շատ հե­տաքրք­րա­կան հան­գա­մանք­նե­րու մէջ Ֆրան­սա հաս­տա­տուած Մու­շեղ Մար­տի­րո­սեան-Չա­լո­յեա­նի հետ, ո­րուն մա­սին բազ­միցս լսած եմ իբ­րեւ բա­րե­րար եւ ա­րուես­տի գոր­ծեր հա­ւա­քող, նաեւ՝ իր հայ­րե­նի գիւ­ղին նուի­րուած անձ մը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

17 Սեպ­տեմ­բեր 1911 թուա­կիր Հայ Մա­մու­լին մէջ կը հան­դի­պինք «Բաց-հար­ցա­րան» նա­մա­կի մը՝ ուղ­ղուած Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վին՝ Մա­նուկ Դա­նիէ­լեա­նի կող­մէ, ուր պա­տաս­խան կը սպա­սուի կարգ մը քա­հա­նա­նե­րու զեղ­ծա­րար եւ ան­նե­րե­լի յան­ցանք­նե­րով պատ­ճառ դար­ձած գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Մա­նուկ Դա­նիէ­լեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ յանձ­նուած այս գրու­թեան մէջ, այդ­պի­սի քա­հա­նա­ներ կ՚ա­նուա­նուին՝ «գիժ-տէր­տէր­ներ»։ Ու­րեմն տես­նենք, թէ այս գրու­թեամբ ո՞ր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան կը սպա­սուի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թուր­քիա կ՚ապ­րի ար­տա­սո­վոր ժա­մա­նակ­ներ։ Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, աշ­խար­հի ա­մէն կողմ, փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով կը դառ­նան գերզ­գա­յուն։ Ան­հասկ­նա­լի, ա­րտա­սո­վոր ո­չինչ կայ այս­տեղ։ Թրքա­հա­յու­թիւնն ալ նման հո­գե­վի­ճա­կի մը մէջ է ներ­կա­յիս, ա­պա­հո­վա­բար մեր երկ­րի միւս փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Վրաս­տա­նի հայ կի­նե­րու «Շու­շա­նիկ» միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի, «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նի եւ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ Թիֆ­լի­զի Ս. Էջ­միա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հայ­կա­կան ազ­գա­յին կա­րեկ­րա­տե­սա­կի՝ տոլ­մա­յի փա­ռա­տօն-մրցու­մը: Ըստ «Ար­մէնփրէ-ս»ի, այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցած է Վի­րա­հա­յոց Թե­մը՝ ա­ւելց­նե­լով. «Լաւ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է Վրաս­տա­նի ազ­գա­յին միւս ար­ժէք­նե­րուն հետ միա­սին ներ­կա­յաց­նել նաեւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցը իր բազ­մա­զա­նու­թեամբ, որ հա­յոց բազ­մա­դա­րեան մշա­կոյ­թի ան­բա­ժան մասն է:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

«Հա­յաս­տա­նը ու­նի շատ հա­րուստ ու երկ­նա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն», այս խօս­քե­րով՝ Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին իր պատ­մու­թեան կը սկսի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Smithsonian հաս­տա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բաժ­նի ղե­կա­վար Մոլ­լի Ֆան­նոն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով ե­րէկ չորս հո­գի եւս ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Պրա­զի­լի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պրա­զի­լիա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ մաս­նակ­ցե­ցաւ հայ­կա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քի հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էին Պրա­զի­լի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար Ժո­զէ Սե­րա, Պրա­զի­լի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէտ­ներ եւ պրա­զի­լա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Հա­լէ­պի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ծանր մար­տե­րուն ըն­թաց­քին ան­հե­տա­ցած էր հայ զի­նուոր մը, ո­րուն ա­նու­նը մին­չեւ վեր­ջերս չէր յստա­կա­ցած։ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան մատ­նուած վի­ճա­կին շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցող հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը ո­րոշ չա­փով հա­կա­սա­կան տուեալ­ներ կը փո­խան­ցէին կամ լռու­թիւն պա­հել կը նա­խընտ­րէին այս նիւ­թին շուրջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Տիար­պա­քը­րի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մը։ Ճա­նա­պար­հա­յին ոս­տի­կա­նու­թեան հա­կակշռ­ման շրջա­նա­յին կեդ­րո­նը դար­ձաւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան թի­րա­խը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պարտէզի պատերու արտաքին երեսին վրայ շաբաթավերջին անծանօթներու կողմէ գրի առնուեցան ցեղապաշտ լոզունգներ:
Երեսփոխան Մարգար Էսաեան եւ Անվտանգութեան տնօրէնները շարժման անցան անմիջապէս:
Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով դէպքը խստիւ պախարակեց յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան աչալուրջ քաղաքացիներուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը խան­դա­վա­ռու­թեամբ նշեց Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րը։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տա­ղա­ւա­րի առ­թիւ պա­տա­րա­գեց Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

«Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական գործերէն մին:
Շուրջ երեքհազարամեայ պատմութեան մը սղագրութիւնը՝ չափազանց մատչելի եւ հրապուրիչ ներկայացմամբ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը օ­ծուե­ցաւ նո­րա­կերտ խաչ­քար մը, ո­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ա­րիս Տե­մի­րի բա­րե­րա­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­րաս­տուած է այս խաչ­քա­րը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Ի­թի­մատ պիւ­րօ»ի բազ­մա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նը։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­շուա­պահ­նե­րէն Հեր­ման Կիւր­ճիեան եւ Պետ­րոս Մար­զուան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Սե­լի­նա Մա­նան փայ­լուն նուա­ճում մը ար­ձա­նագ­րած է հա­մալ­սա­րա­նա­կան մտից քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։ Այս­պէս, ան յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ճեր­րահ­փա­շա­յի բժշկու­թեան բա­ժի­նը։ Ծա­նօթ է, որ հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րու դժուարին դրու­թեան մէջ այս ար­դիւն­քին հաս­նիլ կը նշա­նա­կէ գե­րա­զանց մա­կար­դա­կի մը վրայ գտնուիլ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաս­տան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այս­պէս, «Ման­կա­կան եւ­րո­տե­սիլ-2016» եր­գի մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցոյ­թին այս տա­րի Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Մե­րի Վար­դա­նեանն ու Ա­նա­հիտ Ա­դա­մեա­նը: Ա­նոնց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը հաս­տա­տած է Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բը՝ ներ­քին ընտ­րու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը այս տարի եւս հաւատացեալները միացուց բերկրանքի սրտաբուխ մաղթանքով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ գրող Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի «Մարդ­կա­յին կա­տա­կեր­գու­թիւն» վէ­պի հի­ման վրայ նկա­րա­հա­նուած «Ի­թա­քա» շար­ժա­պատ­կե­րին ա­ռա­ջին ծա­նու­ցու­մը ար­դէն իսկ պատ­րաս-տուած է ու կարելի է դիտել կայքէջի վրայ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Բա­րե­կա­մի մը տու­նը այ­ցե­լու­թեան գա­ցած էինք: Սո­վո­րու­թիւն դար­ձած ի­րա­րու որ­պի­սու­թիւն­նե­րը հարց­նե­լէ ետք, բնա­կա­նա­բար մեր խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թը հա­սաւ Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին, Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հան­դիպ­ման, Ֆրան­սիս­քոս Պա­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան, Հա­լէ­պի դա­ժան օ­րե­րուն, ա­պա վե­րա­դար­ձանք Լոս Ան­ճե­լը­սի տե­ղա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Թե­րեւս քիչ մը ան­հե­թեթ թուի «նոր նո­րա­րա­րու­թիւն» եզ­րը, սա­կայն ներ­կա­յիս գիւ­տերն ու ար­հես­տա­գի­տա­կան հնարք­նե­րը գլխապ­տոյտ պատ­ճա­ռող ա­րա­գու­թեամբ կը յայտ­նուին եւ կը տա­րա­ծուին, մա­նա­ւանդ՝ պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք նաեւ ա­կա­մայ կը դառ­նան այդ նո­րու­թիւն­ներն ու սար­քե­րը հրա­պա­րակ, շու­կայ հա­նող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու «կթան կո­վե­րը»:

Էջեր