Արխիւ

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

Անմոռանալի երաժիշտ Օննօ Թունչ վերյիշուեցաւ իր մահուան 20-րդ տարելիցին առթիւ:
Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը համախմբեց հոծ թիւով արուեստագէտներ:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, կեան­քի ըն­թաց­քին ա­մէն մէկս ո՞ր­քան կը գնա­հա­տենք ի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը, կամ ը­սենք՝ ո՞ր­քան գի­տենք ար­ժէ­քը, մեր շուր­ջին­նե­րուն։ Երբ «ար­ժէք գնա­հա­տել», «ար­ժէ­քը գիտ­նալ» կ՚ը­սենք, այս ընդ­հա­նուր է՝ թէ՛ ան­ձի հա­մար, թէ՛ դէպ­քե­րու, ե­րե­ւոյթ­նե­րու հա­մար եւ թէ ա­մէն տե­սակ ի­րե­ղէն­նե­րու՝ ինչ­քե­րու, ա­ռար­կա­նե­րու, գոր­ծիք­նե­րու եւ գոյ­քե­ղէն­նե­րու հա­մար։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ա­զատ օ­րը, ա­զատ սէ­րը, ա­մէն բա­րիք
իր ձեռ­քին,
Տան­ջում, տանջ­ւում, ո­րո­նում է ու
դժբախտ է նա կրկին.
Է՜յ ան­խելք մարդ, ե՜րբ տի թող­նես
ապ­րողն ապ­րի սրտա­լի,
Երբ տի ապ­րես ու վա­յե­լես էս
աշ­խարհ­քը շէն ու լի:
Յ. ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան ե­զա­կի ե­րե­կոյթ մը։ Այս շրջագ­ծով հայ եւ յոյն ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­ներ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ փայ­լուն հա­մեր­գով մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գագիկ Գէորգեան. «Հիասթափութիւնը առաւելապէս առընչուած է մարդկային յարաբերութիւններուն հետ»:
Յայտնի քանդակագործը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ բաժնելով իր դիտարկումներն ու մեկնաբանութիւնները:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք ա­մուս­նու­թեան մա­սին, սա­կայն պէտք է բնա­կան նկա­տուի այս, քա­նի որ ա­մուս­նու­թիւ­նը ան­բա­ժան մէկ տարրն է կեան­քին, եւ մեր ա­ռօ­րեա­յին մէջ միշտ կը դի­մա­ւո­րուինք այս գա­ղա­փա­րով։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Լոս Ան­ճե­լը­սի մաս­նա­ճիւ­ղի (UCLA) տնօ­րէ­նու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ հա­մալ­սա­րա­նի եր­կա­րա­մեայ դա­սա­խօս­նե­րէն՝ Փրոֆ. Էն Գա­րա­կէօ­զեան, նշա­նա­կուած է Ու­սում­նա­սի­րա­կան հար­ցե­րու ժա­մա­նա­կա­ւոր փոխ-տ­­նօ­րէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի կը բո­լո­րէ իր 40-րդ տա­րեշր­ջա­նը՝ շա­րու­նա­կե­լով ու­սում­նա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան իր փայ­լուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ ա­ռաջ­նա­կարգ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն՝ նոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րու եւ ձեռք­բե­րում­նե­րու լայն հե­ռան­կար­նե­րով եւ ծրա­գիր­նե­րով:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ե­րէկ Հին տո­մա­րի հա­մա­ձայն եւս նշուե­ցաւ Ա­մա­նո­րը։ Այս ա­ւան­դու­թիւ­նը տա­կա­ւին կեն­դա­նի է Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ, որ ա­մէն տա­րե­մու­տին տօ­նա­կան շրջա­նը եր­կա­րաձ­գուի՝ Ա­մա­նո­րի եւ հին ա­մա­նո­րի միա­ցու­մով, մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու շաբ­թուան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծով մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պիտի փորձէ աւելի խտացեալ աշխատանք տանիլ նախագահներուն հետ:
Ճէյմս Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ պատերազմ մը կ՚աւերէ ամբողջ տարածքաշրջանը»:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Ուք­րայ­նոյ ի­րադ­րու­թիւ­նը եւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ընդգ­ծած են Մինս­քի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ ա­նոնց կա­տար­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս յայտ­նեց, որ մուտ­քի ար­տօ­նու­թեան ըն­թա­ցա­կար­գե­րու պար­զե­ցու­մով կը նա­խա­տե­սեն զար­գաց­նել զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը։ Փա­րի­զի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նպա­տակն է մին­չեւ 2020 թուա­կա­նը Ֆրան­սա այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը հասց­նել տա­րե­կան 100 մի­լիո­նի։

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Թուրքիա եւ Գերմանիա Սուլթանահմէտի հրապարակի ահաբեկչութենէն վերջ լիակատար փոխըմբռնման մէջ:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ այցելեց դէպքի վայր, նաեւ վիրաւորեալ զբօսաշրջիկներու դարմանուած հիւանդանոցը:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Կեսարիոյ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ընթացքին Եոզղատ հաստատուած հայ գաղթականները խօսեցան իրենց սպասումներուն շուրջ:
Ընդհանրապէս արհեստաւորներու ընտանիքներ, որոնք դիմած են՝ մեկնելու համար դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա:

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016

Եոզ­ղատ-պու­րուն­քըշ­լա­ցի հա­յե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Յով­սէփ Ար­զու­ման եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը նա­խըն­թաց օր Կե­սա­րիոյ մէջ մաս­նակ­ցե­ցան Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն խոյս տա­լով Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար մա­տու­ցուած Ս. Ծննդեան տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գին։ Ծա­նօթ է, որ ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից գաղ­թա­կան­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը ներ­կա­յիս կ՚ապ­րին Եոզ­ղա­տի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

«Նոսթալժի քիւլթիւր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրքի շնորհանդէս մը եւ ցուցահանդէսի բացում։
«Birzamanlar» հրատարակչութիւնը կեանքի կոչեց հերթական ծրագիրը, որ լոյս կը սփռէ Անատոլուի մէջ հայոց պատմական ներկայութեան վրայ: Արմէն Ցոլակ Մարսուպեան ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցան Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րի Կիւմ­րիի մէջ զոհ գա­ցած էին սահմռ­կե­ցու­ցիչ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մը։ Ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի ան­մարդ­կա­յին յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած այս ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը ե­րէկ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցան խոր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ստո­րագ­րեց շարք մը հրա­մա­նագ­րեր, ո­րոնց հի­ման վրայ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մօտ երկ­րին դես­պա­նը։ Այս­պէս, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան նշա­նա­կուե­ցաւ Գրի­գոր Յով­հան­նի­սեան, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ձեռ­նար­կէ պաշ­տօ­նի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Հա­յաս­տա­նի մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պան Կա­րէն Անդ­րէա­սեան ե­րէկ հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Ան այս առ­թիւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր գոր­ծըն­կեր­նե­րու հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին հա­մար ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յոյս յայտ­նեց, թէ մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016

Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ երէկ պատահած ահաբեկչական պայթումին զոհ գնաց տասը հոգի:
ԻՇԻՊ-ի կողմէ իրականացուած անմարդկային դէպքէն վերջ պետական աւագանին անցաւ ահազանգային դրութեան: Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյցներ ունեցան Անկելա Մերքէլի եւ Տէյվիտ Քեմրընի հետ:

Էջեր