Արխիւ
Պոլսահայ գեղարուեստական կեանքի մօտաւոր անցեալի նուիրեալ եւ անմոռանալի դէմքերէն Քրիստին Սալէրի այս տարի եւս կ՚ոգեկոչուի միջվարժարանային նկարչական մրցոյթով մը
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու հետ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն քաղաքիս մէջ ծրագրի մը պիտի մասնակցին Վագըֆլըգիւղի ներկայացուցիչները։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Իսթանպուլի հայահոծ ութ թաղերու եկեղեցիներուն մէջ երէկ յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցան Չանաքքալէի պատերազմին ընթացքին նահատակուածները։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ հետաքրքրական ելոյթ մը։
«Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա՝ համաձայնութեան մը որոնումը» խորագրեալ ծրագրին մասնակցեցան երեք երկիրներէ պարողներ։
2014-ի Մարտ 21-ի առաւօտեան ժամը 5-ին քեսապցիները արթնցան կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներէն: Սահմանէն տեղացող հրթիռակոծումը եւ կրակոցներու տարափը խուճապի մատնեց քեսապցիները։
Քուէյթի Վարչապետ Շէյխ Ճապէր Էլ Մուպարէք Էլ Համիտ Էլ Սապահ կը պատրաստուի այցելել Երեւան։ Ան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի հետ։
Մարսէյլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ 2015-ի տարելիցին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցահանդէսին հովանաւորներն են Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Մարսէյլի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ։
Երէկ, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է դերասան Կարէն Ջանիբէկեան: Ան շուրջ տարիէ մը ի վեր հիւանդ էր:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «France 24» հեռուստակայանին։
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Թուրքիա կը ջանայ խափանարարել Հայաստանի կողմէ Ապրիլի 24-ին նախատեսուած ոգեկոչումները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք կեանքի անհաճոյ կողմին եւ կը յայտնենք մեր մտահոգութիւնները այդ մասին։ Բայց ասիկա երբեք յոռետեսութիւն պէտք չէ՛ նկատուի, այլ՝ իրատեսութիւն, քանի որ կեանքը ունի նաեւ անհաճոյ կողմ մը՝ որուն պէտք է ենթարկուի մարդ, որ կ՚ապրի կեանքը այս աշխարհի վրայ։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ հիւրընկալեց Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճանը։ Սագըզաղաճի արքեպիսկոպոսարանի յարկէն ներս տեղի ունեցած զրոյցը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի «Անառակ որդի»ին պատմութիւնը ծանօթ է շատերուն։ Յաճախ խորհրդածութիւններ կը կատարուին անառակ որդիին վրայ, բայց շատ անգամ կ՚անտեսուի, եւ իր մասին խորհրդածութիւն կատարելէ, զանցառութեան պատճառով կը զրկուին հետաքրքրուողներ։
Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւնն ու նորաձեւութիւնը այլեւս իրարմէ անջատ չեն զարգանար: Ստեղծուած է «5900 BC» հայկական վաճառանիշը, որ կը միաւորէ ոլորտի յառաջատար ընկերութիւններն ու նորաձեւութեան տուները:
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Գոնկրէսէն ներս Ապրիլի 24-ի նախօրեակին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ հերթական հայկական բանաձեւ մը, որու նպատակն է 1915 թուականի դէպքերուն որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարեց, որ յաջողութեան հասնիլ կարելի չէ՝ հայկական կողմին հետ զէնքի լեզուով խօսելով։
Շիշլիի քաղաքապետութեան վերահսկիչ ուժերու տնօրէնը փրկուեցաւ մահափորձէ մը:
Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ հանդէս եկաւ բուռն բողոքի յայտարարութեամբ:
Հայաստան-ԵՄ Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի 15-րդ նիստը՝ Երեւանի մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց կարծիքներու անկաշկանդ փոխանակումն ու անկեղծ երկխօսութիւնը:
Թուրքիոյ եւ Ուքրայնոյ միջեւ Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդին չորրորդ ժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի կողմէ:
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, վաղը Պոլսոյ զանազան եկեղեցիներէն ներս տեղի պիտի ունենան մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօններ, որոնց կապակցութեամբ թաղային խորհուրդներուն կողմէ պաշտօնապէս ոչինչ հրապարակուած է։








