Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2021

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վիճակէն կ՚ազդուի նաեւ Իրան:
Երեւանի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնները կ՚անդրադառնան բեռնափոխադրումներու անխափան կազմակերպման ու տարածքաշրջանի առկայ գործընթացներու վերաբերեալ հարցերու:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2021

Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի թատերական ներկայացում մը։ «Moda Sahnesi»ին մէջ թատերասէրները համախմբուած էին «Պողազիչի» գեղարուեստից հաւաքականութեան բեմադրած խաղին հետեւելու համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ մը ունի Արմաշու պատմական Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքը իր տպարանով, գրատպութեամբ եւ մանաւանդ վանքի պաշտօնաթերթ՝ «Յոյս» պարբերականով։
Երանաշնորհ Խորէն Պատրիարք Աշըքեան, նախքան Պոլսոյ պատրիարք ընտրուիլը,  4 դեկտեմբեր 1872-ին, տակաւին վարդապետ, կոչուած էր Արմաշու վանքի վանահայրութեան պաշտօնին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս առաւօտ պաշտօնապէս ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ղեկը:
Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Տուշանպէի գագաթաժողովին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

Երէկ՝ հոգելոյս Հրանդ Տինքի ծնած օրը, համանուն հիմնարկը կազմակերպեց իր իսկ անունով, իրեն ի յիշատակ հաստատուած հերթական մրցանակաբաշխութիւնը:
Առցանց ձեռնարկով հրապարակուեցան այս տարուայ դափնեկիրներուն անունները: Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ռաքել Տինք - Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ «Amnesty Intarnational»ի ընդհանուր քարտուղարը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անհնար է հաշուի չառնել ու չարձանագրել այն փաստը, որ երէկ տեղի ունեցաւ յանուն «պաշարուած» Լիբանանի։
Խօսքը Իրանի նաւթատար նաւուն մասին է, որ բեռնաւորուած էր մազութով եւ անցնող ժամերուն հասաւ Սուրիոյ Պանիաս քաղաքի նաւահանգիստ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

-Ի՞նչ պիտի ընենք այս տղան. վերամուտի օրերը մօտեցան...
-Բան մը կ՚ընենք...

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կարգ մը հոգեւոր հայրեր խոստովանութենէն ետք մեղքերէ արձակման աղօթքը չեն ըսեր մարդու մը վրայ, որ կը նկատեն, թէ ըստ եկեղեցական կանոնին չ՚արտօնուիր իրեն մասնակցելու սուրբ խորհուրդներուն: Իսկ ուրիշներ այլ կերպով կը վարուին եւ արձակման աղօթքը բոլորին վրայ կը կարդան՝ որոնք խոստովանութեան կու գան, եւ ապա կը ճանապարհեն զինք, քաջալերելով որպէսզի զղջայ եւ կամ կանոն մը կը սահմանեն անոր, որպէսզի առիթ հանդիսանայ իրենց զղջալու եւ վերագտնելու ճիշդ յարաբերութիւնն ու կապը Եկեղեցւոյ հետ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ժամանակին օտարութեան մէջ կը փնտռէի իմ զաւկի համար լաւագոյն ապագան: Ինծի կը թուէր, թէ Գերմանիան իր գիրկը բաց կը սպասէ ինծի ու իմ ընտանիքին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իտալացի անմահ բանաստեղծ Տանթէ Ալիկիէրիի մահուան 700-ամեայ տարելիցը կը նշուի ողջ Իտալիոյ տարածքին:
700-ամեայ տարելիցին նուիրուած համերգներուն շրջանակէն ներս՝ սեպտեմբերի 12-ին, Իտալիայի նշանաւոր Ռաւեննայի փառատօնին հնչած է հայրենի նշանաւոր երգահան Տիգրան Մանսուրեանի «Քաւարան» (Purgatorio) ստեղծագործութիւնը՝ գրուած «Աստուածային կատակերգութեան» համանուն պատումին հիման վրայ, Ռաւեննայի փառատօնի պատուէրով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու երէկ յայտնեց, որ թաղի վարժարանին համար մշտական հասոյթներ ապահովելու նպատակէն առանց շեղելու կը շարունակուին իրենց աշխատանքները։ Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու յայտնեց, որ Եշիլգիւղի ընտանիքը յամառ պայքար կը մղէ՝ եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց արժեւորման միջոցաւ այդ նպատակին հասնելու առաջադրութեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ ընկերները երէկ հիւրընկալեցին Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեանը, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ իրենց։ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած մոմավառութենէն վերջ ծաւալուեցաւ ջերմ զրոյց մը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան համայնքային վաքըֆներու եւ վարժարաններու ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ պատմութեան ընթացքին օտար ազգութիւններէ, հզօր զօրքերէ եւ հակառակորդ ոսոխէն աւելի հայն է հայուն վնաս պատճառողը։ Հայու մեծագոյն թշնամին հայը ի՛նքն է, որ շատ անգամ թէպէտեւ անարիւն՝ ճակատամարտէ մը աւելի վշտալի հետքեր կը ձգէ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, մեր օրերուն, տարբեր լեզուներով յաճախակի կարելի է լսել սա արտայայտութիւնը՝ ամօթ է՝ 21-րդ դար է:
21-րդ դար. դար ազատութեան, շնութեան, փորձագիտութեան վերընթաց զարգացումի, վազքի:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իւրաքանչիւր տարի սեպտեմբերի 1-ին Հայաստանի մէջ տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէ: Այդ օրը, ամառնային արձակուրդը աւարտած երեխաները, պատանիներն ու երիտասարդները կը վերադառնան իրենց յաճախած դպրոցները, համալսարաններն ու ուսումնական կաճառները, կը վերադառնան իրենց գրասեղաններուն, գիրքերուն, կը վերադառնան հանդիպելու իրենց ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն՝ ուսումնական նոր տարիի մը ճանապարհորդութիւնը ազդարարելով:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ներկայ վերամուտի շրջանին պատանի ընթերցողներու սեղանին վրայ դրած է նոր հեքիաթագիրք մը, որ կը կոչուի «Ատէն»։ Մեր համայնքի համալսարանականներէն Սարին Պայրամի կողմէ հեղինակուած տասն հեքիաթ կը բովանդակէ այս գիրքը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի «Կազփրոմ» բնական կազի ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերը։ Այս առթիւ վարչապետը նշեց, որ «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ուժանիւթի ոլորտէ ներս Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է, կառավարութիւնը կը կարեւորէ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

Մինչ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը կը շարունակուի սերտօրէն, Անգարայի եւ Պաքուի ռազմական ղեկավարութիւններուն միջեւ ալ յաճախակիօրէն այցելութիւններ կը փոխանակուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ Անգարա այցելեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, որ հիւրընկալուեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի օծման 10-ամեակին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը արտակարգ ոգեւորութեամբ նշեց այս տարուան Խաչվերացը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողովի լոյսին տակ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը:
«Հայ ժողովուրդի եւ համայնքներուն համար պէտք է երաշխաւորուին այն նոյն իրաւունքները, որոնք միջազգային իրաւունքի եւ բարոյական պատասխանատուութեան ուժով վերապահուած են բոլորին»:

Էջեր