Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«23 Սեպտեմբեր 2007». այս թուականը շատերու համար սովորական թուական մըն է։ Թերեւս կը յիշուի որպէս աշնանամուտ։ Բայց այս թուականը՝ մահուան ընտելացած, մահը իր հոգւոյն խորը զգացած, եւ մէկ խօսքով, «մահը ապրած» օրն է այս տրուպ գրիչին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակը դարեր շարունակ չյաջողեցաւ հայոց մէջէն դուրս հանել ուրիշը քննադատելու, բամբասելու եւ մինչեւ իսկ սեփական սխալներուն համար ուրիշը պատասխանատու տեսնելու ախտը:
Գիտական ուշագրաւ հետազօտութեան արդիւնքի ամփոփում. «Ի՞նչ կը մտածէ սփիւռքը 21-րդ դարուն»:
Աշխարհացրիւ հայութեան հանրային կարծիքը, համայնքներու առկայ հարցերը եւ մտածելակերպի առանձնայատկութիւնները մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած են՝ յայտնի մտաւորական Հրաչ Չիլինկիրեանի մականին ներքեւ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ջանքերով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։
Հնդկաստան Հայաստանին պիտի տայ հրթիռային համակարգեր, ռատարներ եւ հակահրասայլային հրթիռներ:
Փաշինեան. «Աշխարհակարգը փուլ կու գայ բոլորին աչքին առջեւ, պէտք է ըլլանք կրկնակի ճկուն, պէտք է ընթանանք հիմնական ռազմավարական ուղղութիւններով, որպէսզի կարողանանք մեր երկրի անցընել այս փոթորկալի ովկիանոսով։ Հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են, սակայն դաշնակիցներու կողմէ զէնքի մատակարարման պարտաւորութիւնները չեն կատարուիր»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս կիրակի՝ հոկտեմբերի 2-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Ժընեւի մէջ։
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ յատուկ ներկայացուցիչներու շփումներու իմաստով որոշ չափով թափը կորսնցուցած ըլլալ կը թուի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, այս ամբողջին մէջ գագաթնային շփում մը կը նախատեսուի։ Միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման հաւանականութիւնը։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ հոգեւորականներու շարունակական կրթութեան հաւաքը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։
«Կոմիտաս»ի Երեւանի ներկայացումներու լոյսին տակ բարձր գնահատականներ կը տրուին մամուլի մէջ:
«Այս մենախաղը բեմադրիչի ու դերասանի կողմէ մէկ դիմանկարի միջոցաւ իրենց պատմութեան հետ անմիջականօրէն առընչակից մեծութեան մը ներկայացման փորձն է», կը գրէ մեկնաբան Անոյշ Ասլիբէկեան՝ փոխանցելով իր տպաւորութիւնները:
ՍԵՒԱՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ
Սեպտեմբերի 27-էն երկու տարի անց չդադրեցան «ակրեսիա»ները, գերիները չվերադարձան, չբացայայտուեցան ցուցակները, չազատագրուեցան հողերը...
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ամերիկայի ձայն»ին հարցազրոյց մը տուաւ Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ Սպիտակ տան երդիքին տակ նախընթաց օր ունեցած հանդիպման մասին, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի միջնորդութեամբ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը վերահաստատեց Ատրպէյճանի ի նպաստ ամուր զօրակցութիւնը:
Թուրքիա կը շեշտէ Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պայմանագրային պարտաւորութիւններու յարգման պատասխանատուութիւնը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերամուտէն ի վեր արդէն մէկ կողմէ սկսած են դասերու, իսկ միւս կողմէ ալ մասնակցած՝ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած երկու հաճելի պտոյտներու։ Այսպէս, խումբ մը աշակերտներ Պելկրատի անտառին մէջ վայելած են աշնան շրջանի բնութեան բարիքները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Առաւօտեան ձեր զաւակներուն նախաճաշին խառնեցէք քանի մը դգալ հայրենասիրութիւն, չմոռնալով զայն ամրապնդել աստուածապաշտութեամբ: Յիրաւի, ժամանակները կը փոխուին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիւմրին գեղեցիկ է տարուան բոլոր եղանակներուն: Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաք նկատուող Կիւմրին ամբողջ ամրան այցելելու առիթ չունեցանք, քանի ոչ մէկ օր ազատ պանդոկ գտանք, իսկ Կիւմրիին հմայքը զգալու համար պէտք է գիշերել պատմական այդ քաղաքին մէջ, արթննալ անոր խաղաղ երկինքին տակ եւ վայելել Կիւմրիի անկրկնելի միջավայրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բնութեան մէջ ամէն գերազանց յատկութեան՝ մարմնական-ֆիզիքական, իմացական, հոգեկան եւ բարոյական, եւ ընդհանրապէս ամէն բարի եւ լաւ էութեան դէմ կը կանգնի «թշնամի՛» մը։ Զոր օրինակ, տգեղութիւնը զերծ է չար աչքէ, իսկ գեղեցկութիւնը միշտ զոհուելու ենթակայ՝ ախտաւոր ախորժակներու եւ չարակամ հալածանքի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ներկայ իրականութեան մէջ երբ գրող կամ մտաւորական կ՚ըսենք, անմիջապէս մարդոց մտապատկերին մէջ կ՚ուրուագծուի Պարոնեանը, Օտեանը, Ծերենցը, Դուրեանը եւ ուրիշներ, որոնց անունով այսօր Հայրենիքի մէջ ունինք ուսումնարաններ, փողոցներ, հրապարակներ ու դպրոցներ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1796 թուականի մայիս ամսուն 2-ը մարդկութեան համար նշանաւոր թուական է, որովհետեւ այդ պատմական օրն էր, որ 47 տարեկան Ճենները բժիշկներուն եւ հանդիսականներուն ներկայութեամբ իր առաջին պատուաստը կատարեց Ճէյմս Ֆիպս անունով 8 տարեկան տղայի մը վրայ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ 44-օրեայ պատերազմի երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը ընդգծեց, որ Պաքու այսօր ալ կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտ նկրտումները։

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։