Արխիւ
Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի աշակերտներէն Միրա Պարսամօղլու վերջերս արձանագրած է շատ յատկանշական յաջողութիւն մը, որ իսկապէս արժանի է բարձր գնահատանքի։
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ մէկտեղուեցաւ սարկաւագաց դասու անդամներուն հետ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց պանծացնել հայ եկեղեցականի համբաւը՝ արժանանալով սերունդներու օրհնութեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը՝ յատկացուած Բերձորի միջանցքի փակումին, առիթ էր առընչուած պետութիւններու դիրքորոշումները հրապարակելու: Այս փուլին կ՚ակնկալուի կոչ՝ միջանցքը բանալու, մարդոց տեղաշարժը ազատականացնելու եւ բնականաբար կողմերը խաղաղութեան շուրջ բանակցելու հրաւիրող ենթահող ստեղծելու:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ գլխաւորեց տարուան վերջին նախարարաց խորհուրդի ժողովը։ Նիստի աւարտին Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով։
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Արցախի հայութիւնը դարձեալ ձայն բարձրացուց բազմամարդ հանրահաւաքով:
Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շրջափակման ծանր պայմաններուն ներքեւ խօսք ուղղեց ժողովուրդին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները անցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Ամանորի ընդառաջ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը անցուց ոգեւոր շաբաթավերջ մը։ Այսպէս, Բանկալթըի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ աւանդական Ամանորի քէրմէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։
Ղալաթիոյ, Գարակէօզեանի, Գալֆաեանի, Դպրեվանքի խնամակալութեանց, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի նոր կազմերու ընտրութեան համար շաբաթավերջին քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս: Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդներու կազմերն ալ վերանորոգուեցան, ինչ որ կարեւոր է գաւառի մեր սրբատեղիներու պահպանման տեսակէտէ:
Ամանորի ընդառաջ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը եզրափակուեցաւ, ըստ էութեան բոլոր չափանիշներուն համապատասխան եւ դրական պայմաններով՝ բացառութեամբ Պէյօղլուի պարագան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ «Կրօնները ազգերու խաղաղ համակեցութեան երաշխիք» խորագրեալ համաժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպահայ ազգային գործիչ տքթ. Սեւան Քէշիշեանի հետ զրուցեցինք վերջերս։ Ան երկարամեայ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին չէ լքած Հալէպը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1919 թուականի օգոստոսին հայ թատերագիր, գրող Շիրվանզատէն (Ալեքսանտր Մովսիսեան, 1858-1935թթ.) կ՚ուղեւորուի Իսթանպուլ: Ինչպէս ինք կը նկարագրէ՝ կը փախչէր արեւելահայ իրականութենէն, որ այլեւս անտանելի դարձած էր իրեն համար:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բարեկամութեան մէջ առաջնահերթ են սէրը, համագործակցութիւնն ու վստահութիւնը։ Ըստ այդմ, բարեկամութեան թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ անհատական իմաստները շատ մօտ են իրարու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանելի է այն մարդը՝ որ կը համբերէ փորձութեան, որովհետեւ եթէ փորձութեան մէջ հաստատ ըլլայ՝ պիտի ընդունի կեանքի պսակը, զոր Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն». (ՅԱԿՈԲՈՍ Ա 12)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարգարէութեան կը հաւատա՞ք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Լիլա» գրչանունը օգտագործող պոլսահայ գրիչ մը իր «Եկեղեցի թէ՞... սալօն» գրութեան մէջ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ճակատագիրին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ատենին թագաւորութիւննիս վրայ տուինք անփթութեան երեսէն, չոր ու ցամաք կրօնք մը մնացած է ձեռքերնիս, վաղը ան ալ կը ջրենք դարձեալ մեր աննախանձախնդիր ոգւոյն շնորհիւ». եւ իրապէս ալ «ջրեցինք», սակայն ո՛չ այն ջրելներէն որ կը պտղաւորէ՝ այլ ամբողջութեամբ հակառակը:
Արցախի շրջափակման պայմաններուն ներքեւ Լաւրովի եւ Պայրամովի միջեւ տեսակցութիւն. «Մոսկուա բոլորէն աւելի շահագրգռուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն, արդար խաղաղութեան հաստատմամբ»:
Ռուսաստան ցաւ յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպման չկայանալուն պատճառով՝ իրադարձութիւնը որակելով բաց թողուած հնարաւորութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս ծնաւ ախոռի պարզութեան, համեստութեան եւ խոնարհութեան մէջ՝ աղքատ, համեստ ընտանիքի մը ծոցը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Պարզ հովիւները եղան այն հրաշալի՜ իրադարձութեան առաջին վկաները։ Այս համեստ աղքատութեան մէջն է, որ երկինքի փառքը կը յայտնուի. (ՂՈՒԿ. Բ 8-20)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին նոր պսակադրուած երիտասարդ աղջնակի մը ձեռքը գիրք տեսայ. գնահատելի երեւոյթ է, որ կեանքի այս քաոսին մէջ ժամանակ գտնելով ընթերցելու ժամանակ կը յատկացնէ։ Սակայն մտահոգեցուցիչ էր ընթերցած գիրքը՝ «Սիրոյ հինգ լեզուները». մտահոգեցուցիչ, որովհետեւ ընթերցելու կողքին աղջնակը յոյսը դրած էր գիրքին՝ առողջ ու կայուն ամուսնական կեանք մը ունենալու համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 41.4-14:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փութինի եւ Զելենսքիի վերջին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ պատերազմի աւարտին մասին խօսելու համար դեռ շատ վաղ է: