Արխիւ
Գատըգիւղի մէջ յայտնի սնկագէտի հեղինակած գիրքին համար տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը:
Ժիլպէռ Պարութճեան հետաքրքիր ընթերցասէրներու համար մակագրեց իր գործը, որ կը կոչուի «Makro Mantarlar»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս երբ հերթական անգամ գացած էի զաւակս տուն վերադարձնելու նախակրթարանէն, ծառայողական ինքնաշարժ պատուիրեցի համացանցային մէկ ծրագիրով: Քանի մը վայրկեան սպասելէ ետք, ինքնաշարժը տեղ հասաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Առակները, առածներն ու ասոյթները մի՛շտ ալ հայելին եղած են ազգի մը. նոյնիսկ ո՛չ պաշտօնապէս տարածուած զրոյցներ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով երկրի վիճակն ու որպիսութիւնը կը փոխանցեն: Այդ զրոյցները ցոյց կու տան տուեալ ժամանակի իրավիճակը՝ ըլլայ դրական կամ ժխտական:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Իմ տունը շատ ուրախ տուն է: Տեսնո՞ւմ էք էդ սարերը, Երեւանը շատ սիրուն է երեւում էստեղից ու դուք կը վայելէք տան յարմարաւէտ դիրքը՝ կենտրոնին մօտ, Հրազդանի հանգստացնող շառաչը անպակաս կը լինի ձեր ունկերից:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր ձեզի պիտի ծանօթացնեմ Մերի Կրէյսին, Աննա Մարիային, Տայանային, Ալեքսին, Քլարային, Անժելինային եւ շա՜տ շա՜տ ուրիշներու: Անունները կարդալով յանկարծ օտարազգի անձնաւորութիւններ չկարծէք. անոնք թոռներն են Մուշեղին, Աբգարին, Արամին, Արփիարին:
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովա եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Էսատ Քայսէր, որոնք վերջին օրերուն եռակողմանի ձեւաչափով մէկտեղուած էին Պաքուի մէջ, երէկ այցելեցին Շուշի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող Արմէն Շէկոյեան։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ ան 68 տարեկան հասակին հիւանդանոցի մէջ հեռացած է կեանքէն։
Ատրպէյճան երէկ գիշեր փորձեց անօդաչու թռչող սարքերով ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն:
Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆիլիփ Ռիքեր խօսեցան Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:
Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ հիմնադրուած «Աւանդական» պարախումբի անդամները երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ մտերմիկ հաւաքոյթով մը զիրար վերագտան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու երկար ժամանակահատուածէն վերջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յետպատերազմեան առկայ չափազանց տկարացած վիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան արդեօք կը ջանա՞յ խնդիրները հունէ դուրս բերելով «աչք թարթել» Արեւմուտքին:
Թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի այժմու քայլերը, սահմանի լարուածութիւններով հանդերձ, այդքան ալ ընդունելի չեն Մոսկուայի համար, մինչ Հայաստանէն կոչեր կը հասցէագրուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ ընդունեց համայնքիս սիրուած երգչուհիներէն Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս, բարեկամներէս մէկը, անմեղօրէն ինծի հարցուցած էր, թէ «ի՞նչ կ՚ընէի» այս օրերուն:
-Գրել-կարդալով կը զբաղուիմ.- համեստօրէն պատասխանած էի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
1943 թուականին Պերլինի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Հայաստան» թերթը օգոստոսի իր թիւին մէջ կը հրատարակէ Հ. Բիւրակեանի «Հանդիպում հայրենի առաքեալի հետ...» յօդուածը, որուն մէջ կը գրէ հետեւեալ տողերը. «-Էդ ի՜նչ էք անում... գրո՜ւմ, հա գրո՛ւմ էք... Հայրենիքն ազատելու համար զէնք ու զրահ է հարկաւոր: Մատիտով թշնամու աչքը չե՛ս հանի...»։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անողոք պատերազմի ծանրագոյն օրերուն, խաւարի մեջ լոյս փնտռելու ատեն, նորէն ինքզինքս գտայ եկեղեցիի շեմին՝ պատարագի մասնակցելու ընթացքին: Երկրորդ անգամն է: Երկրորդ անգամ դարձայ դէպի Աստուած, դէպի Յիսուս Քրիստոս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փարիզի մէջ անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան անցուցած է դժուար եւ ծանր օրեր: Ինչպէս ան կը նկարագրէ իր յուշագրութեան մէջ, դժուարութիւնները ի յայտ եկած են ուսումնառութեան երկրորդ տարուան ընթացքին:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Յոյս» հանդէսի առաջին թիւին մէջ լոյս կը տեսնէ գրաբար ձօն մը առ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոոս Մաղաքեան, որ իբրեւ պատրիարքական տեղապահ կրցած էր առաջնորդել Ազգային Սահմանադրութեան պատրաստութեան, վաւերացման եւ հուսկ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացները ու վերադարձած՝ իր հոգեւոր տունը, Արմաշու վանքը, արժանացած ըլլալով ազգին գնահատանքին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. երբ խնդիր մը ունենամ ու աղօթեմ, ինչպէ՞ս հասկնամ, թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը:
-Աստուծոյ կամքը այդպէս պիտի չհասկցուի: Աւելի լաւ է, որ խնդիրիդ համար հարցնես:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այս շրջանին կ՚ողջունէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն ուղիղ հինգ տասնամեակ առաջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ այդ ընթացքին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս անընդհատ բերած է իր բազմակողմանի ծառայութիւնը։
Կը տեղեկանանք, որ վերապատուելի տքթ. Ռընէ Լեւոնեան նշանակուած է Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռընէ Լեւոնեան Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն մին է։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն հետեւանքով սահմանի վրայ դիրքի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: Կողմերը հաւանութիւն տուին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդական առաջարկին՝ հրադադարի վերադառնալու ուղղութեամբ:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ խորհրդակցեցաւ դէպքերուն շուրջ: Մոսկուա միշտ կը մատնանշէ իր պատրաստակամութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանազատման բանակցութիւններու, նաեւ վստահութեան մթնոլորտի կառուցման նպաստելու համար: ՄԱԿ մտահոգութիւն յայտնեց: