Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Արթօ Արսէնեան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Շուրջ շաբաթ մը առաջ իր մօտ ախտաճանաչուած էր ժահրը եւ ան անմիջապէս առնուած էր դարմանման տակ։
Ժամանակին, կար ու չկար, Արեւմուտքի, քիչ մըն ալ մանրամասնելով՝ Ամերիկայի, այսինքն Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը կար։
Այս «երբեմնի ընտրութիւն»ը, կամ այժմու «կար ու չկար»ը չորս տարին մէյ մը տեղի կ՚ունենայ, այդ ալ՝ նոյեմբերի առաջին երեքշաբթի օրը։
«Լիայոյս ենք, թէ մարդկային անմեղ կեանքերը չեն զոհաբերուիր աշխարհաքաղաքական շահերու»:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Պէզճեան Մայր վարժարանը այս տարի ռոպոթիքի աշխատանոցով մը օժտուած է։ Մեր համայնքէն Կիրակոս Ալճալի բարերարութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ ի յիշատակ իր հոգելոյս կողակցին Մարին Ալճալի։
Ինչպէս ծանօթ է, 14 հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար եւ 26 հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12311 համար զեկոյցներով, մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր քորոնաժահրի մասին զգուշացումներ։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ (…) ահեղ մարտեր մղող հայ զինուորը ամուր կը զգայ իր թիկունքը: Բազում նահատակներու կեանքին գնով ճակատող, Սարդարապատները վերապրեցնող հայկական բանակը կը տեսնէ, որ ամբողջ ազգը դարձած է ժողովրդային բանակ, տարբեր հնարքներով կաթիլ-կաթիլ աջակցութիւն կը հասցնէ ճակատողին, գործնապէս կ՚ըսէ, որ պիտի յաղթե՛նք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հարցուի.- Եթէ Աստուած՝ բարեկարգ եւ բարի աշխարհին Արարիչը, Իր բոլոր արարածներուն Նախախնամն է, ապա ուրեմն ի՞նչու համար «չար»ը գոյութիւն ունի։
Նոյնքան ստիպեցուցիչ որքան անխուսափելի, նոյնքան կսկծալի որքան խորհրդաւոր այս հարցումին ո՛չ մէկ աճապարուած պատասխան բաւարար է։
Չինաստանի մէջ գտած են Եւրոասիոյ ամենահին կաշիէ գնդակները։ Այսպէս, գտածոն մօտաւորապէս 3 հազար տարեկան է, ինչ որ կը փաստէ՝ Եւրոասիոյ տարածքին գնդակ խաղալու ամենավաղ վկայութիւնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մսազերծ դէմքը՝ գանկը կը սաւառնի անապատին մէջ:
Անապատ՝ չբերութիւն. ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատերազմին հետեւանքը կամ ընթացքը. ուրիշ ինչի՞ կրնայ նմանիլ դալարութիւնները ոտնակոխող, ամէն բերք ու բարիք ոտնահարող երեւոյթը:
Թայուանի Լանիուի կղզիի բնակիչը կէտձուկի փսխունք գտած է եւ դարձած՝ միլիոնատէր։
Լանիուի կղզիի Լի անունով բնակիչը լողափին գտած է կէտձուկի կարծրացած փսխունք, ինչ որ գնահատած են 210 հազար ամերիկեան տոլար:
Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ երէկ առաւօտ պատահեցաւ ահաբեկչական սարսափելի դէպք մը։ Այսպէս, անծանօթ մը դաշիւնով յարձակում գործեց քաղաքի կեդրոնի՝ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գտնուողներուն վրայ։
Թուրքիա այս առաւօտ խոր ցաւ ապրեցաւ՝ նախկին վարչապետներէն Մեսուտ Եըլմազի մահուան բերումով։ Ան 73 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։
Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի՝ յատուկ բանագնացի կարգավիճակով կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի այն մայրաքաղաքները, որոնք ուղղակիօրէն շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմով։ Արաքչի, որ նախ այցելեց Պաքու, աւելի վերջ անցաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքոյի կողմէ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հրապարակեց տեսաուղերձ մը, որով կոչ ուղղեց միանալ Շուշիի պաշտպանութեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը արդէն Շուշիէն 5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին եւ լրջագոյն ռազմական միջոցներ ներդրած են բերդաքաղաքը գրաւելու համար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ երէկ Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը վերջին պահուն ջնջուեցաւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ռապըրթ Օպրայանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար պէտք է հաւասարակշռութիւն մը գտնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերուն միջեւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հերթական հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Իլհամ Ալիեւ երէկուան զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց Հանրապետութեան տօնը։
Արցախի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալով եւ մարդասիրական սոսկալի աղէտի մը ծանր ու ցնցիչ դրսեւորումներով:
Հրադադարի իրերայաջորդ ձախողումներէն վերջ, ռազմական գործողութիւններու կասեցման պարագան հարցականներու փակուղիին մատնուած: Միջազգային դերակատարներու կոչերը ապարդիւն:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 97 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։