ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Ս. Ծննդեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան հա­մայն­քա­յին ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ տա­րե­մու­տի օ­րա­կար­գի ամ­փոփ­ման։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս առ­թիւ ման­րա­մաս­նեց իր մօ­տե­ցում­նե­րը թրքա­հայ կեան­քի ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Իւ­րա­քան­չիւր հար­ցին անդ­րա­դառ­նա­լու ժա­մա­նակ ան միշտ շեշ­տադ­րեց միաս­նա­կան ո­գիի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս տա­րի Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը բա­ցա­ռա­պէս հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած էր՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ընդգ­ծեց, թէ այս հա­ւա­քոյ­թին բե­րուած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւան­դա­կան ձեւ մըն է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին նկատ­մամբ յար­գանք ար­տա­յայ­տե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Ս. Ծննդեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ հա­ւա­քուած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Իր խօս­քով, մեր ժո­ղո­վուր­դը գո­նէ տա­ղա­ւար­նե­րուն ան­պայ­ման կը յի­շէ մեր ե­կե­ղե­ցին եւ սա վառ ա­պա­ցոյց մըն է այն հան­գա­ման­քին հա­մար, թէ հա­յը չի կրնար բաժ­նուիլ իր ե­կե­ղե­ցիէն, որ միշտ պա­հած է զին­քը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան բա­ցատ­րեց, թէ 2015 թուա­կա­նը լաւ չան­ցաւ Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քին տե­սա­կէ­տէ։ Յատ­կա­պէս Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ առ­կայ է մեծ ող­բեր­գու­թիւն մը, ո­րու հե­տե­ւանք­նե­րը զգա­լի կը դառ­նան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆրան­սա­յի նման եր­կիր­նե­րու մէջ եւ այդ բո­լո­րին ար­ձա­գան­գը կ՚ըլ­լայ որ­պէս ա­հա­զանգ՝ եր­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի մը հա­մար։ Ի լրումն այս բո­լո­րին ան մտա­հո­գիչ հա­մա­րեց նաեւ Ի­րա­նի եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մէջ յա­ռա­ջա­ցած լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ «Աշ­խարհ այ­սօր խա­ղաղ չէ, ա­մէ­նու­րեք ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւն կ՚ապ­րուի ու մենք փառք կու տանք Աս­տու­ծոյ, ո­րով­հե­տեւ այս քա­ղա­քին մէջ կ՚ապ­րինք հան­գիստ, բաց են մեր ե­կե­ղե­ցի­ներն ու դպրոց­նե­րը եւ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քը կ՚ըն­թա­նայ բնա­կա­նոն հու­նի մը մէջ։ Շնոր­հա­կալ ենք մեր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ յի­շե­ցուց, թէ Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ապ­րուած­նե­րուն հե­տե­ւան­քով կը տու­ժեն նաեւ հա­յե­րը։ Այս կէ­տին վրայ ան կանգ ա­ռաւ գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին վրայ, որ ներ­կա­յիս հրա­տապ դար­ձած է թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ման­րա­մասն ձե­ւով մեր ազ­գա­յին­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց ցայ­սօր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի կող­մէ կա­տա­րուած բազ­մա­կող­մա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան մատ­նան­շեց, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը անհը-րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին կ՚աշ­խա­տի նաեւ թէ՛ Թուր­քիոյ եւ թէ Հա­յաս­տա­նի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, որ­պէս­զի լու­ծում գտնեն գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցե­րը։

Ա­ւե­լի վերջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կա­յիս Եոզ­ղա­տի եւ Տիւզ­ճէի մէջ ա­պաս­տան գտած գաղ­թա­կան հա­յե­րու խնդիր­նե­րուն։ Ան յի­շե­ցուց, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը մաս­նա­ւոր յանձ­նա­խումբ մը կազ­մած է՝ այդ գաղ­թա­կան­նե­րուն զօ­րակ­ցե­լու հա­մար։ Եոզ­ղա­տի մէջ ա­պաս­տան գտած 72 ի­րա­քա­հա­յե­րը չեն փա­փա­քած Պո­լիս գալ ու կը նա­խընտ­րեն մնալ այն­տեղ։ Միայն ըն­տա­նիք մը հա­մա­ձայ­նած է, որ իր ե­րեք զա­ւակ­նե­րը Իս­թան­պու­լի մէջ յա­ճա­խեն հայ­կա­կան վար­ժա­րան մը։ Հե­տե­ւա­բար, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց, որ հա­մայն­քը պար­տա­ւոր է ի­րեն վի­ճա­կա­ծը ը­նել եւ իր մա­տու­ցե­լիք ծա­ռա­յու­թիւ­նը փո­խադ­րել այն­տեղ։

Միւս քա­ղաք­նե­րու հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն մա­սին ալ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ու շեշ­տեց, թէ սկզբնա­կան տուեալ­նե­րով Տիւզ­ճէի ա­պաս­տա­նեալ­նե­րուն թի­ւը 30 էր, սա­կայն ներ­կա­յիս պար­զուած է, թէ ա­նոնց թիւն է 9-ը։ Բաց աս­տի, ի­րա­քա­հայ գաղ­թա­կան­ներ կը գտնուին նաեւ Քըր­շէ­հի­րի, Թո­քա­տի եւ Ա­մա­սիոյ մէջ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, որ այս բո­լո­րը միայն ցարդ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ ստու­գուած­նե­րը կը հան­դի­սա­նան եւ ի­րենք գի­տեն, որ Սու­րիա­յէն եւ Ի­րա­քէն գաղ­թած հա­յեր կայք հաս­տա­տած են տա­կա­ւին երկ­րի այլ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, սա­կայն ա­ռայժմ Պատ­րիար­քա­րա­նը ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չու­նի ա­նոնց մա­սին։ «Բո­լորն ալ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներն են։ Մեր հա­մայն­քին կը մնայ ա­նոնց հա­մար հոգ տա­նի­լը։ Ա­նոնք բո­լորն ալ հարս­տա­հա­րուած, ըն­տա­նիք­նե­րը կորսն­ցու­ցած մար­դիկ են։ Ա­նոնց հա­մար զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը մնայ մեր հա­մայն­քին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք մաս կը կազ­մեն մեր ժո­ղո­վուր­դին», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ ա­ւել­ցուց, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ յա­ջորդ շաբ­թուան ըն­թաց­քին ժո­ղով մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ ու առ­նուե­լիք ո­րո­շում­նե­րը պի­տի հրա­պա­րա­կուին։

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԱՄՍԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան անդ­րա­դար­ձաւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ամ­սա­կան­նե­րու վճար­ման հար­ցե­րուն։ Ան բո­ղո­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Պո­յա­ճը­գիւ­ղի Ս. Ե­րից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեա­նի կող­մէ յաչս պե­տու­թեան կա­տա­րուած նա­խա­ձեռ­նու­թեան շուրջ։ Հարկ է նշել, որ ան պա­հան­ջած է, որ­պէս­զի մեր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն ամ­սա­կան­նե­րը վճա­րուին պե­տու­թեան կող­մէ։ Իր կող­մէ կա­տա­րուած դի­մու­մին մէջ որ­պէս պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն ան յա­ռաջ քշած է այն հիմ­նա­ւո­րու­մը, թէ իր ե­կե­ղե­ցին ի վի­ճա­կի չէ հո­գա­լու հո­գե­ւո­րա­կա­նին ամ­սա­կա­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ կրօ­նա­կան­նե­րու ամ­սա­կան­նե­րուն հար­ցը պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեա­նի կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած է ա­ռանց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գի­տակ­ցու­թեան։ «Այս հար­ցը կը պատ­կա­նի միայն ու միայն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, աշ­խար­հա­կան­նե­րու գոր­ծը չէ», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ սա նոր խնդիր մըն ալ չէ։ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեան հար­ցը յանձ­նած է Մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պան Մեհ­մէտ Էլ­քաթ­մը­շի նկա­տառ­ման։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը նշեց, թէ ինք եւս Մեհ­մէտ Էլ­քաթ­մը­շի հետ քննար­կած են այս հար­ցը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կողմ­նա­կից չէ, որ մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը պե­տու­թեան կող­մէ ան­հա­տա­պէս թո­շակ­ներ ստա­նան՝ գործ­նա­կա­նօ­րէն պաշ­տօ­նեա­յի կար­գա­վի­ճա­կի մատ­նուե­լով։ Ա­թո­ռին մօ­տե­ցու­մը այն է, որ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը կը պատ­կա­նին նուի­րա­պե­տու­թեան մը, հե­տե­ւա­բար ե­թէ ի­րենց հա­մար պի­տի յատ­կա­ցուին մի­ջոց­ներ, ա­պա ա­նոնք պէտք է տրուին Պատ­րիար­քա­րա­նին, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ կը գոր­ծեն հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­րանն է, որ պէտք է հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն բաժ­նէ պե­տու­թեան կող­մէ փո­խան­ցուե­լիք մի­ջոց­նե­րը։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ընդգ­ծեց, որ այս նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ հա­մա­կար­ծիք են նաեւ միւս ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, կամ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րուն հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րը։ «Մենք չենք կրնար ըն­դու­նիլ, որ ան­ջա­տա­պէս վճա­րում­ներ կա-­տա­րուին մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն։ Մեր բո­լոր թա­ղա­յին խոր­հուրդ­ներն ալ կը բաժ­նեն նոյն մօ­տե­ցու­մը եւ այս մա­սին տե­ղեակ պա­հած են Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ խնդի­րը ներ­կա­յիս վար­չա­պե­տա­րա­նին մօտ քննարկ­ման են­թա­կայ է։ Յայտ­նի չէ, թէ ինչ­պի­սի ո­րո­շում մը պի­տի ըն­դու­նուի այն­տեղ, սա­կայն ի­րենք կը զգան, թէ Թուր­քիոյ Կրօ­նից տես­չու­թիւ­նը վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նի այս նիւ­թին շուրջ։

Ըն­դու­նե­լու­թեան տե­ւո­ղու­թեան Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեան խօսք առ­նե­լով յայտ­նեց, թէ ինք քա­ղա­քա­ցի մըն է, որ տուրք կը վճա­րէ, հե­տե­ւա­բար իր ար­դար ի­րա­ւունքն է կարգ մը պա­հանջ­ներ ու­նե­նալ պե­տու­թե­նէն։ Ե­թէ ինք որ­պէս քա­ղա­քա­ցի իր տուր­քը վճա­րե­լով մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Պե­տա­կան գան­ձին, ա­պա ի­րեն ի­րա­ւունք կը ծնի նաեւ պա­հան­ջել, որ­պէս­զի պե­տու­թիւ­նը իր կրօ­նա­կան կա­րիք­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման մաս­նա­կից դառ­նայ, ինչ­պէս կ՚ըլ­լայ լայն հա­սա­րա­կու­թեան պա­րա­գա­յին։

Ի պա­տաս­խան այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ը­սաւ, թէ Պատ­րիար­քա­րա­նը թէեւ կը գնա­հա­տէ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած աշ­խա­տան­քը, սա­կայն այս հար­ցին շուրջ ան բա­ցար­ձա­կա­պէս չու­նի վա­ւե­րա­կան հիմ­նա­ւո­րում­ներ, ո­րով­հե­տեւ աշ­խար­հա­կան­նե­րուն չի վի­ճա­կիր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու թո­շակ­նե­րուն պա­րա­գա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս գա­լը, այդ ալ ա­ռանց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­նու­թեան։ 

Մեր կար­ծի­քով՝ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեա­նի այս նիւ­թի վե­րա­բե­րեալ մօ­տե­ցու­մը իս­կա­պէս հե­ռու է տրամ­բա­նու­թեան սահ­ման­նե­րէ։ Ե­թէ ին­քը որ­պէս քա­ղա­քա­ցի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դուե­լով հան­դէս կու գայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով մը, ա­պա նոյն ի­րա­ւուն­քը պէտք չէ՞ ճանչ­նայ նաեւ մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րու պա­րա­գա­յին։ Այս նիւ­թը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին դար­ձեալ ե­կած էր օ­րա­կար­գի վրայ։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը այդ ժա­մա­նակ յար­մար չէր դա­տած պաշ­տօ­նա­պէս դիր­քո­րո­շում մը ար­տա­յայ­տե­լը։ Բայց եւ այն­պէս, ան­պաշ­տօն գետ­նի վրայ մեր բո­լոր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ան­թա­քոյց կը յայտ­նէին, թէ հաշտ աչ­քով չեն դի­տեր նման վար­կած մը։ Ին­չո՞ւ ա­նոնց հա­մար ստեղ­ծել ի­րենց կամ­քին հա­կա­ռակ պար­տադ­րանք մը։

Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեան ստանձ­նած է Վոս­փո­րի Եւ­րո­պա­կան ա­փի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն մա­տա­կա­րար մարմ­նին ղե­կը։ Այդ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­րիշ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ալ հո­վիւն է։ Այ­սինքն, քա­հա­նա­յի մը ամ­սա­կա­նին միայն մէկ եր­րոր­դը կը հո­գայ Պո­յա­ճը­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը։ Ե­թէ ա­տե­նա­պե­տը այդ­քանն ալ «բեռ» կը հա­մա­րէ, ա­պա իր ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը թաքց­նե­լու հա­մար պէտք չէ դի­մէ ամ­բո­խա­վա­րա­կան ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու։ Գու­ցէ ա­ւե­լի լաւ կրնայ ըլ­լալ աշ­խա­տիլ՝ հա­մայն­քէն ներս ա­ւե­լի տրա­մա­բա­նա­կան լու­ծում­ներ գտնե­լու ուղ­ղու­թեամբ, ա­ռանց հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2016