Տ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ համայն հայութեան յղեց իր Ամանորի պատգամը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս,

Ամանորի բերկրալի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն կ՚ողջունենք ձեր բոլորը եւ Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք ձեր բոլորին։ Ջերմ զգացումներով Մեր բարեմաղթանքները կը յղենք այս պահուն ծառայութեան վայրի մէջ իրենց պարտականութիւնները իրականացնողներուն, հայրենեաց սահմանները անառիկ պահող մեր բանակի սպաներուն ու զինուորներուն, եկեղեցիներու մէջ աղօթքի համախմբուածներուն, տօնական սեղաններու շուրջ հաւաքուած Մեր բոլոր զաւակներուն։

Նոր տարուայ սեմին գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ անցնող 2018 թուականին խաղաղ պահեց մեր հայրենիքը եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, օրհնեց բարիքով, արդար վաստակով եւ ձեռքբերումներով՝ ազգային ու եկեղեցական կեանքի մէջ։ Առ Աստուած գոհութիւն կը բարձրացնենք նաեւ, որ մեր ժողովուրդի ազգասէր ոգիի եւ ողջմտութեան շնորհիւ խաղաղ ընթացք ունեցան քաղաքական զարգացումները մեր երկրին մէջ եւ մենք այսօր 2019 թուականը կը դիմաւորենք դրական տեղաշարժի սպասումներով։

Ամէն նոր տարի նոր սկիզբ մըն է, որ լի է նորի ակնկալութեամբ, աւելի լաւի ու կատարեալի ձգտումով։ Նոր տարուան հետ կը կապենք այն ամէն ինչը, որ կ՚ուզէինք բարեփոխել, կարգաւորել ու շուտով տեսնել մեր նպատակներու իրականացումը։ Բարեփոխումներու պահանջը եւ քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը, որոնք այսօր գոյութիւն ունին մեր կեանքէն ներս, անկասկած, բարի արդիւնքներ պիտի բերեն, առաւել խնամք, առաւել ջանք ու ձգտում՝ ամրապնդելու հիմերը իրաւական պետութեան, արդար, օրինայարգ հասարակութեան, շէնացնելու մեր երկիրը եւ համայն ազգային կեանքը։ Սա է մեր ուղին, որ հաստատուն պիտի պահենք՝ միշտ յիշելով, որ Հայաստանի զարգացումը եւ հզօրացումը ազգային մեծ իղձերու իրագործման առանցքն է եւ պայմանը Արցախի ապահովութեան եւ սփիւռքի կենսունակութեան։

Սիրելիներ, այս պահուն, երբ բարի սպասումներու հետ մեր մտահայեացքը ուղղուած է գալիքին, մեր ծրագրերուն ու ակնկալիքներուն, հայրական յորդորով ձեզի կը փոխանցենք մեր Տիրոջ կենարար պատգամը. «Այս կը պատուիրեմ ձեզի, որ սիրէք միմեանց» (Յով. ԺԵ 17)։ Մեր կեանքը կ՚իմաստաւորուի տէրունապատուէր սիրոյ գոյութեամբ։ Ուր որ սէր կայ, այնտեղ կը զօրանայ հաւատը, այնտեղ կ՚առատանայ յոյսը, համերաշխութիւնը կը պտղաբերի արդարութեամբ ու բարի գործերով։ «Սէրը երբեք չ՚անհետանար» (Ա Կորնթ. ԺԳ 8), կ՚ըսէ առաքեալը։ Այո՛, ան թթխմորի նման կ՚աճի, կը դառնայ կորով, անդուլ ջանք, յանձնառութիւն, որոնցմով պիտի ապահովուի մեր կեանքի վերընթացը։

Այս մտորումներով եւ հոգիի ուրախութեամբ կը պատգամենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին՝ սիրով ու լաւատեսութեամբ, իրարու աջակից շարունակել ապրիլ ու գործել եւ նուիրեալ ջանքեր ներդնել ի զօրացում հայրենի մեր երկրի եւ հոգեւոր ու ազգային մեր կեանքին։

Կը մաղթենք խաղաղութիւն աշխարհին, խաղաղութիւն՝ մեր հայրենիքին, անսասանութիւն՝ մեր պետականութեան, շնորհառատ օրհնութիւն՝ աշխարհասփիւռ ազգիս հայոց եւ բոլոր ժողովուրդներուն։ Թող 2019 թուականը ուրախութիւն բերէ մեր ընտանիքներուն եւ յառաջընթաց ու ձեռքբերումներ մեր կեանքին։

Շնորհաւոր Նոր տարի։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 1, 2019