ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Վատիկանի պարտէզներէն ներս տեղադրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին շուրջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր միջեկեղեցական արարողութիւն մը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վատիկանի մշտական ներկայացուցչութեան եւ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը, զոր հովանաւորեցին Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոհ եւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ երկխօսութեան ժողովի կառավարիչն է Վատիկանի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին քանի մը տարի առաջ «Տիեզերական վարդապետ» հռչակած էր Ս. Գրիգոր Նարեկացին։ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի տնօրինութեամբ՝ Ս. Աթոռի Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու ժողովին կողմէ վերջերս Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի օր մը սահմանուած էր Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, ծիսական օրացոյցին մէջ։ Ուստի, փետրուարի 27-ին հայազգի սուրբի եւ մեծագոյն աստուածաբանի յիշատակութեան առաջին արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ։ Այս տեսանկիւնէն սա պատմական է։ Յիշատակութեան արարողութեան նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ներկայ էին նաեւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի եւ Կարտինալ Քուրտ Քոհ։ Հայ Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներէն այլ հոգեւորականներ ալ մասնակցութիւն բերին այս աննախընթաց արարողութեան, որու ընթացքին բոլորը հայազգի մեծանուն սուրբի բարեխօսութիւնը խնդրեցին։ Ներկաներու շարքին էին Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան եւ Հռոմի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ծովինար Համբարձումեան։ Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած այլ երկիրներու դեսպաններու առընթեր իտալահայ համայնքէն զանազան դէմքեր ալ մասնակցութիւն բերին Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան։
Միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին հայ համայնքի երիտասարդ երաժիշտներու (Սօնա Յակոբեան եւ Մարինէ Գրիգորեան) կատարումներով հնչեցին Ս. Գրիգոր Նարեկացիի զանազան տաղերը։ Դեսպան Նազարեանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բացատրեց, թէ Ս. Գրիգոր Նարեկացին կամուրջ մըն էր Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Ան ընդունակ է միաւորելու ժողովուրդներն ու եկեղեցիները եւ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի կամքը, որպէսզի միասնաբար առաջ տարուի եղբայրական ճանապարհը եւ ամրապնդուի համաշխարհային երկխօսութեան մթնոլորտը՝ ի նպաստ իւրաքանչիւրի սուրբ գանձերու փոխանակման, փոխադարձ վստահութեան, սիրոյ եւ յարգանքի ոգիով։
Նախքան այս բացօթեայ միջեկեղեցական արարողութիւնը, Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի մատոյց Ս. Պատարագ՝ ի յիշատակ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի։ Համապատարագեցին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար Պրայէն Ֆարել եպիսկոպոսը։