ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԻԹ՝ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՏԵՍՆԵԼՈՒ

Մեծ պահքի տասնիններորդ օրն է:

Այսօրուընէ սկսեալ, մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ պիտի կիսուինք Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերէն պահքի մասին գրած մտածումներով, անոնց մասին ամփոփ խորհրդածութիւններ կատարելով:

Պիտի սկսինք Ղպտի եկեղեցւոյ վերջին ժամանակներու հայրերէն՝ լուսահոգի Հայր Պիշոյ Քամէլէն մտածում մը մէջբերելով: Հայր Պիշոյը կը գրէ. «Պահքի ամենէն կարեւոր պտուղը այն է, որ մեր հոգեւոր սիրտերուն աչքերը կը սկսին զԱստուած տեսնել»:

Ի՜նչ խոր ըմբռնում պահեցողութեան մասին:

Իրաւ պահեցողութիւնը զԱստուած տեսնելու ամենէն ազդու եւ գործօն միջոցներէն մէկն է: Աստուած տեսնելու համար, արդարեւ, մարդ պէտք է ինքզինք պատրաստէ, ինքզինք մաքրէ, ինքզինք սրբացնէ, որպէսզի ի վիճակի ըլլայ զԱստուած տեսնելու:

Այստեղ հարցում մը կը ծագի մեր մէջ: Չէ՞ որ կարելի չէ զԱստուած տեսնել: Այդ Աստուածաշունչէն գիտենք: Արժան եւ իրաւ: Սակայն, զԱստուած տեսնելու յատուկ կերպեր կան, յատուկ հասկացողութիւններ կան: Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այդ մասին հարցում-պատասխանով բացատրութիւն մը կու տայ, այսպէս.

• Հարցում. Մարդ էակը ինչպէ՞ս կրնայ զԱստուած տեսնել, եւ ի՞նչ է արդեօք զԱստուած տեսնելը:

Պատասխան. Գիտենք բոլորս, որ Աստուած անքննելի է եւ անիմանալի՝ Իր էութեանը մէջ եւ անտեսանելի՝ մարդկային մեր աչքերուն համար: Քրիստոս յստակօրէն ըսաւ. «Ո՛չ ոք Հայրը տեսած է, բացի Անկէ որ Աստուծմէ է» (Յհ 6.46), ինչ որ Յովհաննէս առաքեալ կը կրկնէ իր առաջին թուղթին մէջ (4.12): Բայց «ինչ որ անհնարին է մարդոց համար, հնարաւոր է Աստուծոյ համար» (Ղկ 15.27): Ինչ որ պարզ միտքով եւ բանականութեան լոյսով կը մնայ անտեսանելի եւ անիմանալի՝ աստուածային լոյսով եւ հաւատքով կը դառնայ տեսանելի եւ իմանալի: Ինչպէս արեւը միայն ինքն իր լոյսովը կը տեսնուի, այնպէս ալ իմանալին Աստուած Իր տուած հաւատոյ շնորհքներուն լոյսովը կը տեսնուի («Գիրք Հարցմանց»): Եւ Ինք՝ Քրիստոս, բոլոր Իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ով որ Իմ պատուէրներս առնելով կը գործադրէ զանոնք՝ ա՛ն է որ զԻս կը սիրէ. եւ ով որ զԻս կը սիրէ՝ պիտի սիրուի Հօրս կողմէ, եւ Ես պիտի սիրեմ զայն, եւ Ինքզինքս պիտի երեւցնեմ անոր» (Յհ 14.21): Իսկ ան որ կը տեսնէ զՔրիստոս՝ տեսած կ՚ըլլայ Հայրը, ինչպէս Ինքն իսկ ըսաւ. «Ով որ զԻս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յհ 14.9):

Աստուածային այս կամաւոր յայտնութիւնը մեր մարմնաւոր աչքերուն համար չէ սակայն, այլ մեր միտքին եւ հոգւո՛յ աչքերուն, որովհետեւ «Հոգի է Աստուած» (Յհ 4.24): Այս մտածումը գեղեցիկ կերպով բանաձեւած է Ե. դարու մեր մատենագիրներէն Եղիշէ Վարդապետ, որ կ՚ըսէ. «Աստուած նիւթական ձեւով չի պատկերանար եւ աչքին չի տեսնուիր: …Բայց եթէ Ինքը կամենայ՝ Իր արժանաւորներուն միտքին իմանալի կ՚ըլլայ, թէեւ աչքին չ՚երեւիր: Եւ կ՚երեւի ա՛յն միտքերուն, որոնք ոչ թէ երկրաւոր ճշմարտութեանց, այլ Աստուծո՛յ հաւատացած են ճշմարիտ կերպով»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024