ՍՐԲՈՑ ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդանշական արարողութիւններուն առաջինը։ Սրբոց տասը կուսանաց յիշատակը ոչեկոչուեցաւ աւանդական արարողութեամբ։ Այս առթիւ ժամերգութեան արարողութեան նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտուհիներ սպիտակ շապիկներով ներկայ գտնուեցան արարողութեան՝ ի խորհրդանշումն Տասը կուսանաց։ Անոնց մասնակցութիւնը տարբեր իմաստ մը վերագրեց հոգեպարար արարողութեան։ Ժամերգութեան ընթացքին հանդիսադիր Հայր Սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները՝ սպիտակ հանդերձանքով աշակերտուհիներուն։