ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԽՆԱՄՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը։ Մինչ օրակարգի հարցերու քննարկումը, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ աղօթք բարձրացուեցաւ ի հանգիստ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիներուն։ Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակէն ներս ժողովուրդի կացութեան եւ զինուորներու աջակցութեան ուղղեալ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերուն։ Նորին Սրբութիւնը ժողովականներուն տեղեկացուց, որ մշտական կապի մէջ է Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի հետ։

Տեղեկացուեցաւ, որ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն առընչութեամբ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ուղերձներ յղուած է պետութիւններու ղեկավարներուն, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներու, կրօնապետներու եւ միջեկեղեցական զանազան կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն։ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով ԳՀԽ-ի անդամները կարեւորեցին նաեւ թեմերու աշխատանքը քոյր եկեղեցիներու, միջեկեղեցական ու միջկրօնական կազմակերպութիւններու հետ։

Առանձին քննարկման նիւթ դարձաւ գնդերէցներու ծառայութեան եւ այս օրերուն անոնց շարքերը համալրող, թեմերէն Արցախ մեկնող եկեղեցականներու հարցը։ Այս առընչութեամբ տեղեկացուեցաւ, որ Սուրբ Էջմիածնի քանի մը միաբաններ եւ թեմերէ ներս սպասարկող եկեղեցականներ Արցախ մեկնած են՝ իբրեւ կամաւոր։

Ժողովի ընթացքին ցուցումներ տրուեցան վիրաւոր զինուորներու, զոհուածներու ընտանիքներու նկատմամբ հովուական խնամքի վերաբերեալ։ Կարեւորուեցաւ թեմերու համագործակցութիւնը Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պատկան կառոյցներուն հետ։

Ի զօրակցութիւն Արցախի՝ ԳՀԽ որոշեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջոցներէն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցել կէս միլիոն ամերիկեան տոլար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020