ՀԱՒԱՏՔԻ ԱԴԱՄԱՆԴԵԱՅ ՀԻՄՔԵՐ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի բաշխման արարողութիւնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, վեհարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնի բաշխման արարողութիւնը։ Վեհարանի մեծ դահլիճին մէջ Տէրունական աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ Միւռոնօրհնէքի եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնները բարեյաջող ձեւով տեղի ունեցած են՝ հոգեւոր մխիթարութիւն ու խանդավառութիւն պարգեւելով բոլորին։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնով լի անօթները փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն եւ արարողութեան մասնակից թեմակալ առաջնորդներուն։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը բոլորին փոխանցեց իր օրհութիւնն ու պատգամը։ Գոհունակութիւն յայտնելով Բարձրեալին Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման հոգենորոգ արարողութիւններուն առընչութեամբ՝ Վեհափառ Հայրապետը ի մասնաւորի ըսաւ. «Սիրելիներ, այսօր քաջալեր հոգիով ձեզ կը փոխանցենք նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնը, որպէսզի այն երկնային իր շնորհներով բաշխուի համայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդին՝ պահպանելով հաւատով ու յոյսով լեցուն մեր եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուխտին հաւատարմութեան մէջ»։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն եւ ըսաւ. «Մեր յոյսն ու հաւատքը առկայ փորձութիւններու մէջ պիտի ջանանք զօրացնել, վառ ու ամուր պահել, որպէսզի մեր կեանքէն ներս առատացնենք Աստուծոյ օրհութիւնները։ Ինչպէս Մատթէոս Ուռհայեցի պատմիչը կ՚ըսէ, որ մեր հաւատը, որ հիմնուած է ադամանդեայ հիմքերու վրայ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, կայ ու կը մնայ յաւիտեանս անսասան։ Սուրբ առաքեալներու եւ առաքելապատիւ հայրապետի աւանդած հաւատը եւ մեր նախնեաց ժառանգութիւնն ու սրբազան արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը պիտի շարունակեն ըլլալ անսասան յենասիւները մեր աստուածահաճոյ, ազգանուէր միւռոնադրոշմ կեանքի, նախանձախնդրութեամբ փոխանցուելով սերունդէ սերունդ»։

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ վստահութիւն յայտնեց, թէ Մայր Աթոռէն բաշխուած Սրբալոյս Միւռոնը Աստուծոյ երկնառաք շնորհներով հոգեւոր նորոգութիւն ու զօրութիւն պիտի պարգեւէ մեր ժողովուրդին եւ Քրիստոսի սուրբ անունը փրկութեան յոյսով միշտ պիտի միաւորէ ու պիտի համախմբէ ազգի զաւակները։ «Կը հաւատանք, թէ Տիրոջ պատգամներու իրագործումով մեր ժողովուրդը պիտի գտնէ իր վերելքի ուղիները՝ ամոքելով վէրքերը եւ ընթանալով դէպի խաղաղ ու ապահով հանգրուաններ», եզրափակեց ան։

Վեհափառ Հայրապետը բերաւ նաեւ իր գնահատանքը ներկաներուն՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրներու հանգուցալուծման ի նպաստ իրենց կարելին գործադրած ըլլալու համար։ Ան հայցեց, որ Երկնաւոր Տէրը օրհնէ եւ արդիւնաւորէ անոնց ջանքերը՝ ի սէր հայրենիքի ապահովութեան ու խաղաղութեան, հայոց բանաւոր հօտի հոգեւոր արթնութեան ու բարօրութեան եւ Եկեղեցւոյ պայծառութեան։

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ շաբաթավերջի սրբազան արարողութիւններուն առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած միջեկեղեցական ներկայացուցիչներն ալ աստիճանաբար հրաժեշտ կ՚առնեն մայրավանքէն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024