ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈՐԴՈՐՈՎ ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ փութաց՝ հացադուլ յայտարարած գործիչներու այցելութեան։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքի դիմացը հացադուլ յայտարարած քաղաքացիները Նորին Սրբութեան հայրական վերաբերմունքին առարկայ դարձան։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելով հացադուլ յայտարարածները Վեհափառ Հայրապետի այս այցելութենէն վերջ դադրեցուցին հացադուլը։

«Երկիր մետիա» հեռուստակայանի լրատուական բաժնի ղեկավար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ Գեղամ Մանուկեան, որ հացադուլաւորներէն մին էր, ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հետեւեալ գրառումով.

«Սիրելի զինակիցներ, ընկերներ, հարազատներ։ Մեր միասնական հացադուլի իններորդ օրը, կառավարութեան շէնքի դիմաց այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Ան բաւական երկար զրուցեց մեզի հետ, յորդորեց դադրեցնել հացադուլը, քանի որ պայքարի այլ ուղիներ կան։ Եղած էին բազում նման յորդորներ անցեալ օրերուն, բայց շարունակած էինք մեր գործողութիւնները։ Դժուար էր Վեհափառ Հայրապետը մերժել։ Այսօրուընէ սկսեալ մեր զինակից ընկերներու հետ կը դադրեցնենք մեր հացադուլը ու կը շարունակենք մեր պայքարը։ Նոր օր, նոր պայքար։  Նիկոլը պէտք է անյապաղ հեռանայ։ Մանրամասնութիւնները՝ առաւել ծաւալուն կը ներկայացնեմ այսօր երեկոյեան։ Շնորհակալ եմ աջակցութեան, զօրակցութեան եւ սրտակցութեան համար»։

ԴԱԴԻՎԱՆՔԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի ներքին լարուածութեան յաղթահարման նպաստելու առընթեր, միշտ կը զբաղի նաեւ այն սրբավայրերով, որոնք հայկական զօրքերու կողմէ դատարկուած եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս կը մնան։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հակակշռին տակ անցած Քարվաճառի շրջանի պատմական Դադիվանքէն ներս հայ եկեղեցականները կը շարունակեն իրենց յարատեւ աղօթքը հայրենիքի եւ ժողովուրդի համար։ Վեհափառ Հայրապետը մշտական կապի մէջ է վանաբնակ հոգեւորականներուն հետ, որոնց այցելութեան փութացած է նաեւ Հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Այս պահուն վանքի անվտանգութիւնը կ՚ապահովեն Ռուսաստանի խաղաղապահները։ Երէկ ալ Ս. Պատարագ մատուցուած է Դադիվանքի մէջ։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020