ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Եդուարդ Շարմազանով։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ հայ եւ սերպ ժողովուրդները կը դաւանին քրիստոնէական միեւնոյն արժէքներու ու դարեր շարունակ անոնք հաւատքով եւ յոյսով վերապրած են իրենց վիճակած բոլոր փորձութիւնները, լաւատեսութեան ոգիով իրականացուցած՝ իրենց իղձերն ու նուիրական երազանքները։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Սերպ Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան, նաեւ փոխանցեց իր եղբայրական ողջոյնները Սերպ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իրինէոս Պատրիարքին։