ԳՀԽ-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած ժողովներէն վերջ հրապարակուեցան՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ կարեւոր տեղեկութիւններ։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը եկաւ յստակեցնել օրակարգի առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԳՀԽ առաջնահերթօրէն կանգ առաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ու հիմնանորոգման աշխատանքներուն եւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստութիւններուն վրայ։ Ժողովականները նստաշրջանի օրերուն ծանօթացան Մայր Տաճարի վերականգնման ժամանակ ի յայտ եկած շարք մը խնդիրներուն, որոնց լուծումը կը կարօտի նոր ուսումնասիրութիւններու եւ յաւելեալ աշխատանքներու կատարման։ Տեղեկացուեցաւ, որ նկատի ունենալով վերականգնման եւ բարեկարգման աշխատանքներու ընդհանուր ծաւալը ու յառաջացած նոր խնդիրները՝ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութիւնը հնարաւոր պիտի ըլլայ աւարտին հասցնել 2021 թուականին։ Միեւնոյն ժամանակ, ժողովականները գնահատանքով ողջունեցին Միածնաէջ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ պահպանութեան, ինչպէս նաեւ համազգային հանգանակութեան կազմակերպման ուղղեալ բոլոր պատասխանատուներու ջանքերը։
Նստաշրջանի օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ զգաղեցուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցերը։ Մանրամասն զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, որ կը գլխաւորէ կարգադիր յանձնախումբը։ Ժողովականները ունկնդրեցին նաեւ օրակարգային նիւթերու նախապատրաստման նպատակով ստեղծուած եօթ յանձնախումբերու զեկոյցներուն։ ԳՀԽ մանրակրկիտ քննարկելով ներկայացուած փաստաթուղթերը՝ գնահատանքով ողջունեց կատարուած հսկայածաւալ աշխատանքը, ինչ որ մեծապէս պիտի ծառայէ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման։ Անհրաժեշտ թելադրութիւններէն վերջ ժողովականները յանձնարարեցին շարունակել փաստաթուղթերու յետագայ մշակումը։ Այս գործընթացին մէջ ԳՀԽ կարեւոր նկատեց յանձնախումբերու կողմէ մշակուած փաստաթուղթերու շուրջ մասնագիտական եւ հանրային յաւելեալ քննարկումներու կազմակերպումը՝ մասնակցութեամբ Ազգային-եկեղեցական ժողովի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի կամ սփիւռքի զանազան թեմերէն եւ համայնքներէն ներս։
Յիշեալ փաստաթուղթերու լրամշակման անհրաժեշտութեան հիման վրայ, նաեւ նկատի ունենալով, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքներն ալ պիտի աւարտին 2021 թուականին՝ ԳՀԽ որոշեց յետաձգել Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարումը։