ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՄԱՆ ԿԱՐԳ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ, յընթացս Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն նորոգ վախճանեալ Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կատարեց հոգելոյս Տէր Հօր վերջին օծումը, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւոր հայրերն ու մեր քահանայից դասը։ Ներկայ էին նաեւ վախճանեալ Տէր Հօր հարազատները։
Յուզումնախառն արարողութենէն վերջ հոգելոյս Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեանի թաղման կարգը կատարուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։