ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈՍՔ

Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կ՚ապ­րին հո­գե­ւոր յու­զու­մի շրջան մը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, վեր­ջին օ­րե­րուն ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Ս. Մա­րիամ Աս­տուա­ծած­նի ծննդեան տօ­նին օ­րը՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 8-ին, 1915-ի նա­հա­տակ­նե­րուն սրբա­պատ­կե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն տե­ղա­փո­խուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր ե­կե­ղե­ցին։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը այս առ­թիւ զո­հուած հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար կ՚ա­ղօ­թեն եւ ի­րենց խո­նար­հու­մը կը բե­րեն ա­նոնց յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։

Սուրբ Էջ­միած­նի Մայ­րա­վան­քէն սրբա­պատ­կե­րը Ե­րե­ւա­նի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր տա­ճա­րը տա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Զան­գակ­նե­րու զուարթ ղօ­ղան­ջին ներ­քեւ, սրբան­կա­րը թա­փօ­րով տա­րուե­ցաւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր ե­կե­ղե­ցին ու զե­տե­ղուե­ցաւ ա­նոր ա­ւագ խո­րա­նին վրայ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ քա­րոզ մը։ Ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Յա­կոբ Քհնյ. Խա­չատ­րեան լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցաւ զրոյց մը ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ սրբան­կա­րը Ե­րե­ւա­նի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր տա­ճա­րին մէջ պի­տի մնայ ա­միս մը։ Ան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց, թէ ա­ւե­լի վերջ սրբան­կա­րը պի­տի տե­ղա­փո­խուի Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի Ս. Սար­գիս ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղե­ցին։ Ա­ւե­լի վերջ Հա­յաս­տա­նի այլ թե­մերն ալ պի­տի տա­րուի սրբան­կա­րը։

Հարկ է նշել, որ այս սրբան­կա­րը օ­ծուած էր 23 Ապ­րիլ 2015 թուա­կա­նին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած՝ Հա­յոց ե­ղեռ­նի զո­հե­րու սրբա­դաս­ման ըն­թաց­քին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015