ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Հայնրիխ Եպսկ. Պետֆորտ-Շթրոմը։ Նորին Սրբազնութեան կողմէ գլխաւորուած պաշտօնական պատուիրակութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հրաւիրուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Հայրապետը անցեալ տարուայ հոկտեմբերին Եւրոպայի մէջ Ռեֆորմի 500-ամեակի տօնակատարութիւններուն առթիւ Գերմանիա մեկնած էր եւ սոյն պաշտօնական հրաւէրը ուղղած՝ այդ ժամանակ։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին փոխանակուեցան պաշտօնական ճառեր։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայնրիխ Եպիսկոպոսը ամփոփելով իրենց զրոյցն ու քննարկումները վերահաստատեցին պատրաստակամութիւնը՝ խթանելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի միջեւ կապերը եւ անոնք զարգացնելու ուղղեալ յետագայ գործակցութիւնը։ Այս առթիւ կողմերը հրապարակեցին հետեւեալը.
*
Այսօր, աւելի քան երբեւէ, մենք ականատես ենք տեղի ունեցող իրողութեան մը, շարունակական ընդհարումներու եւ անարդարութիւններու ազգային-տնտեսական-քաղաքական եւ կրօնական հարթութեան վրայ։ Այս պատճառով քրիստոնէական զանազան յարանուանութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ ընդհանուր առաքելութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միասնական ջանքերու համախմբումը ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար ընդհանուր աղօթքով կը դառնայ հրամայական։
Այսօր մեր երկու եկեղեցիներու միջեւ ընդհանուր առաքելութեան ու համագործակցութեան ամրապնդման նպատակով մենք կոչ կ՚ուղղենք մեր եկեղեցական սպասաւորներուն եւ հաւատացեալներուն համագործակցիլ մեր միասնական քրիստոնէական առաքելութեան զօրացման գործին մէջ։
1- Խրախուսել եւ նպաստել կրթութեան զարգացման եւ հոգեւորականներու աստուածաբանական պատրաստութեան՝ ճանչնալու մեր եկեղեցիներու դարաւոր աւանդութիւնները եւ աստուածաբանական-եկեղեցական առանձնայատկութիւնները։
2- Յատկապէս տեղական մակարդակի համայնքներուն վրայ ջանքեր գործադրել՝ մեր հաւատի ընդհանուր վկայութեան գործին մէջ իրարու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ հիմք ստեղծելու Արեւելեան Ուղղափառ եւ Բողոքական եկեղեցիներու ընտանիքներու միջեւ առկայ միջեկեղեցական երկխօսութեան յետագայ զարգացման համար։
3- Աշխարհի տարբեր կողմերուն, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, առկայ հակամարտութիւններու համատեսքին մէջ համագործակցիլ պահպանելու բազմադարեան քրիստոնեայ պատմական ներկայութիւնը այդ տարածքաշրջանէն ներս եւ զանազան ընկերային ծրագրերու միջոցաւ նպաստելու փախստականներու ներգրաւման եւ համարկման նոր հասարակութիւններուն։
Մենք միասին կ՚աղօթենք, որպէսզի աշխարհի բոլոր հաւատացեալներու սրտերուն եւ միտքերուն փոփոխութիւն տեղի ունենայ եւ կը յորդորենք ազգերու առաջնորդներուն ու անոնց, որոնք կրնան դրական փոփոխութիւններ կատարել աշխարհի վրայ, լսել խնդրանքները միլիոնաւոր մարդոց, որոնք կը ձգտին աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատման, աւելի շատ ջանքեր գործադրել աշխարհի զանազան ազգային եւ կրօնական համայնքներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան զօրացման եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման համար։
Թող Ս. Հոգին՝ մխիթարիչը եւ ճշմարտութեան հոգին, որ մեզ կ՚առաջնորդէ ամբողջ ճշմարտութեան մէջ (Յովհ. ԺԶ 13) ամրացնէ բոլոր ջանքերը՝ եկեղեցիներու միջեւ սիրոյ ու եղբայրութեան կամուրջներ կառուցելու համար։ Սուրբ Էջմիածնէն մենք կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր հաւատացեալներուն միանալ մեզի աղօթքով եւ փառաբանել անբաժանելի Սուրբ Երրորդութիւնը այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։