ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, որուն կ՚ընկերանար Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Պէյրութի նաւահանգիստի յայտնի սաստիկ պայթումէն ի վեր անցած է շուրջ ամիս մը։ Այս ընթացքին համայն հայութիւնը շարժման անցած է աջակցելու համար լիբանանահայութեան, որ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Երէկուան հանդիպման ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Հայկակ Արշամեան անդրադարձան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զուգահեռ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատար-ւած օժանդակութիւններուն՝ Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս այդ երկրի հայ համայնքին համար։

Այս ընդհանուր արժեւորումի լոյսին տակ Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայացուց պայթումէն վերջ լիբանանահայութենէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ձեռնարկուած աշխատանքները։ Ան բարձր գնահատեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին երրորդ անգամ կատարուած օժանդակութիւնն ու մարդասիրական առաքելութիւնը լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան։

Անթիլիասի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ համահայկական հիմնադրամին կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներու բոլոր հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն՝ որպէս նուէր։ Սուրիոյ պարագային օժանդակութիւն պիտի յատկացուի նաեւ քորոնաժահրով վարակուած հայորդիներու բժշկական ծախսերուն համար։

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ երէկ հաղորդեց, որ Հայկակ Արշամեան շուրջ 70 հազար ամերիկեան տոլար յանձնած է Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան։ Այդ գումարը սուրիահայութեան փոխանցուած է՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած ծանր առողջապահական եւ ընկերատնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով։ «Հայապահպանման իր նուիրական առաքելութեան համահունչ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը մշտապէս մեր հայրենակիցներու կողքին է», նշուած է հիմնադրամին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020