ԱՍՏՈՒԱԾԱՀԱՍՏԱՏ ՊԱՏԿԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Եկեղեցին եւ ընտանիքը 21-րդ դարուն. արժէքներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովը, որ կազմակերպուած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ 2019 թուականը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է Ընտանիքի տարի եւ երէկ սկսած համաժողովն ալ նախատեսուած է այս ծիրին մէջ։

Համաժողովի բացման մասնակցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, պետական այրեր, գիտնականներ եւ հասարակական գործիչներ՝ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Իրլանտայէն, Աւստը-րիայէն, Պելժիայէն եւ Ֆինլանտիայէն։

Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար  Մանուկեան» Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած համաժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, որ կը գլխաւորէր համաժողովի կարգադիր յանձնախումբը։ «Ակնյայտ է, որ ընտանիքը առանցքային նշանակութիւն ունի եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ։ Զօրացնել քրիստոնէական ընտանիքները կը նշանակէ ամրապնդել եկեղեցւոյ հիմքերը եւ կենսագործել հզօր հայրենիքի ու բարոյապէս առողջ եւ կենսունակ հասարակութիւն մը կերտելու տեսիլքը», ըսաւ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։

Այնուհետեւ համաժողովի մասնակիցներուն իր հայրապետական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Արդի աշխարհի մէջ կը վտանգուին ընտանիքի եւ անոր առաքելութեան մասին ընկալումները։ Տարածում կը գտնեն ընտանիքի նուիրական գաղափարը աղճատող եզրոյթներ եւ հասկացութիւններ, որոնք կը ներկայացուին իբրեւ ժամանակակից կեանքի թելադրանքներ։ Մտայնութեան ու բարքերու այսօրինակ այլափոխումը յաճախ կը քօղարկուի անհատի ազատութեան եւ իրաւունքներու լոյսին ներքեւ՝ խեղաթիւրելով ընտանեկան կեանքի իրական արժէքն ու բացառիկութիւնը։ Եկեղեցւոյ տեսակէտները ընտանիքի վերաբերեալ հիմնուած են ո՛չ թէ մարդկային փոփոխուող կենսակերպի եւ մտայնութիւններու, այլ՝ Աստուծոյ կենարար խօսքի եւ յայտնութեան վրայ։ Ընտանիքի մասին քրիստոնէական վարդապետութիւնը ձեւաւորուած է աստուածադիր օրէնքի համաձայն՝ հաստատելով ամուսնութեան սրբութիւնն ու արժէքը։ Ս. Գիրքը յստակ կ՚ընդգծէ ամուսնութեան եւ ընտանիքի նուիրականութիւնն ու նպատակները։ Աստուած ստեղծեց մեր նախածնողներ Ադամը եւ Եւան այր ու կին։ Տղամարդու եւ կնոջ միութեան սրբագործութեամբ Տէրը ընտանիքը դարձուց նուիարական օճախ, որու յարկէն ներս արարչագործութիւնը կը շարունակուի։ Եկեղեցին Ս. Պսակի խորհուրդով կ՚օրհնէ ընտանիքի կազմութիւնը։ Պսակադրութեան արարողութեամբ կը հռչակուի ընտանիքի անբաժանելի եւ անքակտելի միութիւնը, որ կը նուիրագործուի աստուածային ներգործութեամբ ու շնորհներով»։ 

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ընտանիքի սրբութեան վերաբերեալ եկեղեցւոյ պատգամը մենք կարիք ունինք հասցնելու իւրաքանչիւր անհատի սրտին եւ մտքին։ Ընտանիքը Աստուծոյ օրհնութիւն է եւ հիմքն ու մանրակերտը հասարակութեան, մարդկային ազնիւ ու վեհ յարաբերութիւններու։ Ընտանիքը իւրօրինակ եկեղեցի է, որու յարկէն ներս ծնողներու սպասաւորութեամբ սկիզբ կ՚առնէ աստուածճանաչողութեան, Տէրունական պատգամներու, օրինապահութեան, սիրոյ, նուիրուածութեան ճանապարհը։ Ընտանեկան հոգածու միջավայրին մէջ հասակ կ՚առնէ երեխան եւ անոր մտքին ու հոգիին մէջ կը ձեւաւորուի հասարակութեան անդամը ըլլալու գիտակցութիւնը։ Ընտանիքի աստուածահաստատ պատկերի խաթարմամբ կը խախտուի երեխայի իրաւունքը՝ մեծանալու իր հօր եւ մօր սիրոյ ու դաստիարակութեան ներքեւ։ Նմանութեամբ Աւետարանական օրհնեալ ու նուիրական Սուրբ Ընտանիքի։ Նորին Սրբութիւնը աւելի վերջ շարունակեց. «Ներկայ ժամանակներու լրջագոյն մտահոգութիւններէն է նաեւ ընտանիքներու քայքայումը, ամուսնալուծութիւնը, որ զգալի թիւ կը կազմէ աշխարհի մէջ, ներառեալ մեր երկրին՝ Հայաստանի մէջ։ Անհանգստացնող այս իրողութեան պատճառները զանազան են՝ ընկերային, տնտեսական, բարոյական, նաեւ փորձագիտութիւններով կախուածութիւնը, ինչ որ կը վնասէ ընտանիքէ ներս անձերու միջեւ յարաբերութիւնները։ Այս մարտահրաւէրներու համատեսքին մէջ մենք կը կարեւորենք համագործակցութիւնը պետութեան հետ՝ ի նպաստ ընտանիքներու պահպանման ու ամրապնդման եւ առկայ սպառնալիքներու կանխարգիլման։ Յիրաւի, ամուր եւ քրիստոնէական համակարգ կրող ընտանիքը կը նշանակէ  երկրի, պետութեան երաշխաւորուած ապագայ։ Ընտանիքի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները վեր հանելու, անոնց անդրադարձ կատարելու եւ զանոնք յաղթահարելու տեսլականով մենք 2019 թուականը հռչակեցինք Ընտանիքի տարի, որպէսզի այդ առումով իրագործուին առաւել նպատակային քայլերն ու նախաձեռնութիւններ»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2019