«ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՅՍ ԾԱՆՐ ՕՐԵՐՈՒՆ ԸԼԼԱՆՔ ՄԻԱԲԱՆ ԵՒ ԱՄՈՒՐ ՄՆԱՆՔ ՀԱՒԱՏԻ ՈՒ ՅՈՅՍԻ ՄԷՋ»
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, երէկ, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնաւոր աղօթք կատարուեցաւ՝ Արցախի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով գերեվարուածներու եւ անյայտ կորսուածներու համար։ Բոլորը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած գերիներու տունդարձին մաղթանքով։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։ Պատարագի վերջաւորութեան Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ մասնաւոր աղօթքը եւ ան այս առթիւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով նոյնութեամբ կը հրատարակենք Վեհափառ Հայրապետի երէկուան խօսքը։
*
«Յոյսը երբեք չ՚ամչցներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ՝ Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ տրուեցաւ մեզի»։ (Հռոմ. Է 5)
Սիրելի՛ հաւատաւոր հայորդիներ,
Այսօր համախմբուած ենք մեր սուրբ եկեղեցիներուն մէջ՝ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած՝ Արցախի պատերազմին ընթացքին գերեվարուած եւ անհետ կորսուած մեր քաջորդիներուն համար։
Մեր զինուորներուն հայրերուն ու մայրերուն, կանանց ու երեխաներուն հետ բոլորս մեր սրտերուն մէջ կը փայփայենք մեր զաւակներուն տուն վերադարձի յոյսը։ Մեր յոյսը պարզ զգացում մը, ցանկութիւն մը կամ լաւատեսութիւն մը չէ, այլ Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյն վրայ հիմնուած վստահութիւն։ Ան երբեք չ՚ամչցներ, ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը, քանզի Աստուած Սուրբ Հոգիին միջոցով Իր սէրը սփռած է մեր սրտերուն մէջ։ Այդ յոյսն է, որ մեզ կը զօրացնէ ջերմեռանդ աղօթելու եւ անվհատ հետամուտ ըլլալու գերեալ մեր զաւակներուն շուտափոյթ ազատութեան, անհետ կորսուածներուն յայտնաբերումին։
Արցախեան հակամարտութիւնը, ցաւալիօրէն, կարելի չեղաւ կարգաւորել բանակցային խաղաղ գործընթացով։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ռազմատենչ ոգիով հակուած էին խնդիրը լուծելու ռազմական ճամբով, ինչ որ տեղի ունեցաւ։ Պատերազմը խաթարեց տարածքաշրջանին խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ պատճառելով մեր ժողովուրդին մարդկային եւ տարածքային ծանր կորուստներ եւ անհուն վիշտ ու ցաւ։ Նոյն վարքագիծը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն նաեւ այսօր՝ տարածքային նկրտումներու հետ մէկտեղ շահարկելով ռազմագերիները վերադարձնելու, անհետ կորսուածները փնտռելու եւ զոհուածներուն մարմինները արտայանձնելու խնդիրը։ Գերութեան մէջ յայտնուած մեր զաւակները անմարդկային վերաբերումի կ՚ենթարկուին, կ՚ոտնահարուին գերեալներուն վերաբերող միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները։ Կ՚անտեսուին նաեւ մարդկային կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները արժեւորող երկիրներու եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու դիմումներն ու յորդորները։ Մեր կոչն ու ակնկալութիւնն է, որ Արցախի հիմնախնդրին խաղաղ կարգաւորումին ի նպաստ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի հետ մեր եռակողմ հանդիպումներուն ոգիին համաձայն՝ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը անհրաժեշտ նպաստը բերէ գերիներու ազատութեան եւ զոհուած ու կորուսեալ զինուորներուն առընչուած մարդասիրական գործողութիւններուն։
Պատերազմի դադրեցումին, խաղաղարար ու մարդասիրական գործունէութեան մէջ ներդրած անձնական ջանքերուն համար մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Ռուսաստանի նախագահ տիար Վլատիմիր Փութինին։ Շնորհակալ զգացումներով եղբայրական մեր սէրը կը յղենք Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Պատրիարքին՝ այս դժուարին օրերուն մեր ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Մեր գնահատանքը կը ցանկանք արտայայտել նաեւ Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ ուժերուն եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն ու անձանց, որոնք շարունակական միջոցներու կը ձեռնարկեն իրավիճակի եւ առկայ խնդիրներու արդար հանգուցալուծումին համար։ Միայն արդարութեան հիմքին վրայ խաղաղութիւնը հաստատուն կը մնայ, ինչպէս եւ կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. «Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը պիտի հանդիպին, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը պիտի համբուրուին» (Սաղմ. ՁԴ 11):
Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակներ, յետպատերազմեան այս ծանր օրերուն ըլլանք միաբան ու քաջ, ամուր մնանք հաւատքի ու յոյսի մէջ՝ մեզ պատուհասած պատերազմի արհաւիրքները յաղթահարելու, դժուարութիւններուն դիմակայելու եւ հայրենիքի լուսաւոր օրը կերտելու համար։ Մեր յորդորն է նաեւ մեր սուրբ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն՝ նոյն տեսլականով եւ եռանդով շարունակելու հովուական խնամք եւ կարելի աջակցութիւն ցուցաբերել պատերազմէն տուժածներուն եւ Աստուծոյ խօսքով, Աւետարանի յոյսի ու հաւատքի պատգամներով մխիթարելու գերութեան մէջ գտնուողները ու անհետ կորսուածներուն ընտանիքները։
Այս պահուն, սիրելինե՛ր, սրտաբուխ աղօթքը մեր շուրթերուն, Երկնաւոր Տիրոջմէ խնդրենք Ամենասուրբ Երրորդութեան օրհնութիւնն ու օգնականութիւնը մեր հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին կեանքին՝ հայցով, որ երկնային շնորհները, սէրն ու խաղաղութիւնը ըլլան մեզի եւ բոլորին հետ։ Հաւատաւոր մեր զաւակներուն աղօթակցութեամբ մեր հայցը կը բարձրացնենք առ մարդասէր Փրկիչ Տէրը՝ գերեալներուն, անհետ կորսուածներուն, վիրաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։
Ամենագութ եւ ամենողորմ Աստուած, որ Միածին Որդիդ առաքեցիր՝ սրտով բեկեալները բժշկելու եւ գերիներուն ազատութիւն քարոզելու, կ՚աղաչենք Քեզի, Աստուածային Քու գթառատութեամբդ ողորմէ՛ մեր գերիներուն, որպէսզի ապահով եւ անվտանգ տուն վերադառնան։
Քու խաղաղութեան հրեշտակդ ուղարկէ՛՝ զօրացնելու բոլոր հայրերն ու մայրերը, հարազատները, կիներն ու երեխաները, որոնք սրտի թրթիռով կը սպասեն գերեվարուած կամ անհետ կորսուած զինուորներու վերադարձին, եւ անոնց պարգեւէ իրենց սիրելիները տեսնելու ուրախութիւնը։
Զօրացո՛ւր, Տէ՛ր, բոլոր անոնք, որոնք եռանդուն ջանքեր կը ներդնեն գերիները ազատելու, անհետ կորսուածները գտնելու եւ զոհուած մեր նահատակներուն անթաղ մամինները յայտնաբերելու եւ անոնց ընտանիքներուն յանձնելու համար։
Արդ, Բարերար եւ բազումողորմ Աստուած, ունկնդիր եղիր Քեզի յուսացող Քու ժողովուրդիդ ծնրադիր աղօթքներուն ու խնդրանքներուն, օգնական ու ապաւէն եղիր անոնց եւ պարգեւէ՛ քաջութիւն ու ոգիի արիութիւն դժուարութիւններու ու նեղութիւններու մէջ, լեցո՛ւր անոնց սրտերը բարի ու լուսաւոր օրուան յոյսով ու հաւատքով։
Ի խորոց սրտի կ՚աղօթենք եւ կը հաւատանք, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, որ ազատութիւն պիտի պարգեւես մեր գերեալ զաւակներուն, որոնց վերադարձին անհամբեր կը սպասենք բոլորս, որպէսզի միասին՝ անոնց հետ գոհութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութեանդ՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։