ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆԷ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մօտալուտ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ քննարկել եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան նիւթ մը, ինչ որ էական նշանակութիւն ունի Պոլսոյ Աթոռին տեսակէտէ եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի օրակարգի վրայ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը Վեհափառ Հայրապետի նկատառման պիտի յանձնէ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եպիսկոպոսացման հարցը։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը չէր իրականացած՝ վերջին աւելի քան տասն տարուան ընթացքին Պատրիարքական Աթոռի գործնականապէս թափուր ըլլալուն հետեւանքով։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հիւանդանալէն առաջ Կրօնական ժողովը արդէն համապատասխան որոշումը առած էր, սակայն հոգելոյս պատրիարքի հիւանդութեան վրայ հասնելուն հետեւանքով այդ որոշումը չէր գործադրուած։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020