ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Սուրբ Վարդանանք սոսկ պատմութիւն չեն, այլեւ ոգիի վեհ ներկայութիւն՝ հայոց կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Հայ քրիստոնէական մեր ինքնութեան ոչինչ այդքան ոգեշնչում կը պատճառէ՝ որքան հաւատքի եւ հայրենեաց  սիրոյ անոնց վկայութիւնը։ Հինգերորդ դարուն անոնք արիութեամբ դիմակայեցին ահեղ փորձութիւնը՝ ունենալով վստահութիւն, թէ մեր ժողովուրդը առյաւէտ սիրով կապուած պիտի մնայ հայրենի իր երկրին եւ Քրիստոսի Սուրբ Անուան, քանզի «երկինքի տակ չկայ մարդկանց տրուած այլ անուն, որով կարելի ըլլայ, որ մենք փրկուինք» (Գործք Դ 12)։

«Այսօր Սուրբ Վարդանանք դարերու հեռուէն մեզի կը պատգամեն, որ Քրիստոսով զօրացած եւ հայրենեաց սիրոյ ջերմ զգացումով քաջ ու արդիւնաւոր ըլլանք մեր սրբութիւններու եւ արժէքներու պաշտպանութեան եւ մեր հայրենիքի զօրացման ու շէնացման սրբազան մեր պարտքի ու պատասխանատուութեան մէջ։ Անոնց յիշատակը կոչում է, որ բազմապատկենք ու միաւորենք մեր ջանքերը՝ յանուն մեր ժողովուրդի լուսաւոր ապագայի, յանուն մեր իղձերու, յանուն մեր նահատակ զաւակներու, որոնք Վարդանանց պայծառ ու անմահ ոգիով մարտնչեցին ու զոհուեցան Արցախի համար այս պատերազմին մէջ։

«Կը հայցենք առ Փրկիչ մեր Տէրը, որ բարեխօսութեամբ Սրբոց Վարդանանց, իր Սուրբ Աջի հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղ պահէ մեր հայրենիքը, պահպանէ մեր ժողովուրդը սիրով միասնական, ամուր յոյսով ու հաւատքով եւ պարգեւէ մեր սրտերուն հայրենաշէն ու ազգաշէն ձեռքբերումներու եւ յաղթանակներու ուրախութիւններ»։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021