ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՆԻՒԹ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Ընդլայնուած կազմով ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքով։ Նիստերուն ատենապետեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Օրակարգի վրայ եկան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնական, թեմական եւ համայնքային բնոյթով զանազան հարցեր։ Ժողովի սկիզբին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի կեանքէն ներս պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացին շուրջ վերջին իրադարձութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը ԳՀԽ-ի անդամները տեղեակ պահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին։ Ան տուաւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները՝ ստեղծուած իրավիճակի եւ անոր հանգուցալուծման ուղղեալ երկօրեայ քննարկումներուն ընթացքին առնուած որոշումներուն շուրջ։
Նստաշրջանի առաջին օրը Հայ Եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագրի ընթացքին վերաբերեալ ԳՀԽ-ի անդամներուն զեկոյց մը ներկայացուց «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ Ասօ Դաւիթեան։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ ամիսներուն խորհրդատուական ընկերութեան մը ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ պիտի սկսին ծրագրի իրականացման համար անհրաժեշտ հարցազրոյցներ։ Ներկայացուեցաւ նաեւ հարցազրոյցներու համար եկեղեցական եւ աշխարհական թեկնածուներու ընտրութեան կարգը եւ հարցաշարի բովանդակութիւնը։ Ներկայացուած արդիւնքներու քննարկումէն վերջ, յանուն ԳՀԽ-ի Վեհափառ Հայրապետը գնահատանք յայտնեց Ասօ Դաւիթեանին եւ ծրագրի գործադիր ու խորհրդատուական մարմիններու անդամներուն կողմէ կատարուած աշխատանքին համար։
ԳՀԽ քննարկեց Ազգային-եկեղեցական ժողովի՝ 1945 թուականի գործադրութեան մէջ դրուած կանոնադրութեան լրամշակուած նախագիծը։ Այս վերջինը պատրաստուած էր կանոնադրութիւններու մշակման յանձնախումբին կողմէ։ Այս մասին անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները փոխանցուեցան յանձնախումբի երկու անդամներուն՝ իրաւաբան Փրոֆ. Գէորգ Դանիէլեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի կողմէ։ Փաստաթուղթի քննութենէն յետոյ ԳՀԽ-ի անդամները գոհունակութեամբ ողջունեցին իրականացուած աշխատանքը եւ թելադրեցին աւարտին հասցնել գործընթացը՝ յառաջիկայ Յունիսին նախատեսուած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովին այդ մէկը քննարկման դնելու համար։ Նոյն յանձնախումբին կողմէ ժողովին ներկայացուեցաւ նաեւ ԳՀԽ-ի կանոնադրութեան նախագիծը։ Այս մասին ժողովական հայրերը կատարեցին անհրաժեշտ դիտողութիւններ եւ առաջարկներ, որոնց լոյսին տակ պիտի լրամշակուի նախագիծը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի գործունէութեան մասին զեկուցում մը ներկայացուց Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, որ տնօրէնն է յիշեալ գրասենեակին։ Քննարկելով արձանագրուած արդիւնքները՝ ժողովականները գնահատանք յայտնեցին կատարուած աշխատանքին համար եւ ներկայացուցին իրենց դիտարկումները գրասենակի հետագայ գործունէութեան առընչութեամբ։
Նստաշրջանի ընթացքին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանգամանալի զեկոյց մը ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման գործունէութեան շուրջ։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան եկեղեցական համայնքներուն մասին ներկայացուած զեկուցումն ալ ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ ժողովական հայրերուն կողմէ։ Այս մասին զեկուցեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան։ Առանձին քննութեան առնուեցան Պելժիոյ, Հոլանտայի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ համայնքային կեանքին վերաբերեալ հարցերը։ Այս առընչութեամբ հաշուետուութիւններ ներկայացուցին նաեւ Պելժիայէ ներս հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան եւ Հոլանտայէ ներս հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տ. Առէն Վրդ. Շահինեան։ ԳՀԽ յայտնեց իր գնահատանքը Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակին կողմէ տարուած աշխատանքներուն համար՝ ծխական համայնքներու հաստատման ուղղութեամբ։ Ժողովական հայրերը թելադրեցին շարունակել ջանքերը՝ եկեղեցական համայնքներու կանոնական հիմքերու զօրացման նպատակով։
Նստաշրջանի ընթացքին ներկայացուցեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու 2016 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը եւ ելմտական հաշուետու զեկոյցը։
Նստաշրջանը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Միւս կողմէ, նստաշրջանի աւարտին ԳՀԽ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ ժողովներու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ազգային կեանքին վերաբերեալ զանազան հարցերու, ներառեալ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ամիս նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները շրջադարձային հանգրուան մը կը նկատուին հայոց պետականաշինութեան մէջ։ «Յառաջիկայ ընտրութիւնները առանձնակի նշանակութիւն ունին մեր հայրենիքին համար՝ հունաւորելով անցումը նոր, խորհրդարանական կառավարման ձեւին եւ պայմանաւորելով նաեւ Մայր Հայաստանի հետագայ զարգացումը։ ԳՀԽ կը դիմէ մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ որպէսզի մասնակցին ընտրութիւններուն հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի ապագային նկատմամբ պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ։ Կոչ կ՚ուղղենք քուէարկել խղճի մտքով, առկայ քաղաքական տարակարծութիւններու մէջ տեղի չտալ յուզումներու, առաւել եւս՝ անհանդուրժողականութեան եւ հակամարտութիւններու։ Կը յորդորենք բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ առաջադրուած թեկնածուներուն՝ նախընտրական եւ ընտրական գործընթացներուն մէջ դրսեւորել խոհեմութեան, զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգի՝ բարի աւարտի հասցնելու համար խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ մեր հայրենական կեանքը միասնաբար առաջնորդելու հայրենաշէն աստուածահաճոյ ճանապարհներով։ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին կ՚ողջունէ այն բոլոր ազնիւ, ազգանուէր նախաձեռնութիւններն ու ձգտումները, որոնք ուղղուած են մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջընթացին, հայրենիքի խաղաղութեան, զօրացման ու ապահովութեան», նշուած է ԳՀԽ-ի յայտարարութեան մէջ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024