ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԻՎԼԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը, ուր մէկ­տե­ղուե­ցաւ այն ե­րեք պատ­րիարք­նե­րուն հետ, ո­րոնք կը տնօ­րի­նեն հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան սրբա­վայ­րե­րը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ տեղ­ւոյն յու­նաց եւ լա­տի­նաց պատ­րիարք­նե­րը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռիվ­լին նշեց, թէ Իս­րա­յէլ բա­րո­յա­պէս պար­տա­ւոր է ճանչ­նալ ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին՝ 1915-ին պա­տա­հած­նե­րը, ո­րոնց ան­տե­սու­մը անհ­նար է։ Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գա­հը իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ չօգ­տա­գոր­ծեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը։ «Հա­յե­րը սպան­նուած են 1915 թուա­կա­նին, իմ հա­րա­զատ­նե­րը կը յի­շեն հա­զա­րա­ւոր հայ փախս­տա­կան­ներ։ Իս­րա­յէ­լի մէջ ոչ ոք կը ժխտէ, որ ամ­բողջ ազ­գը գա­զա­նա­բար սպան­նուած է։ Այ­սօր ես կ՚ա­ղօ­թեմ բո­լոր զո­հե­րու հոգ­ւոյ հանգս­տու­թեան հա­մար ձե­զի հետ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ՝ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս», ը­սաւ Ռիվ­լին եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենք պար­տա­ւոր են բարձ­րա­ձայ­նել փաս­տե­րը, այլ ոչ թէ մեր­ժել զա­նոնք։

Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Իս­րա­յէ­լի նա­խա­գա­հը երկ­րի քրիս­տո­նեա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րեց Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ եւ ա­ւել­ցուց, թէ մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­ռաջ­նա­յին խնդիր կը հա­մա­րուի Իս­րա­յէ­լի տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016