ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը սփիւռքահայ գրողներ։ Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովը։ Նորին Սրբութիւնը «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ հիւրընկալեց այդ համաժողովի մասնակիցները՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանի։
Հանդիպման սկիզբին Միլիտոնեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց համաժողովի մասնակիցները եւ բացատրութիւններ տուաւ անոնց կողմէ ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը սփիւռքահայ գրողներուն՝ ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանէ ներս պարբերաբար կազմակերպուած հայ գրողներու համաժողովներուն բերումով։ Ան օգտակար նկատեց նման ձեռնարկները, որոնք առաւել արդիւնաւոր կը դարձնեն հայ գրողի առաքելութիւնը ազգային կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նաեւ սփիւռքահայ գրականութեան տարածման խթանումը Հայաստանի մէջ, որպէսզի հասարակութիւնը հաղորդ դառնայ հայագիր կամ օտարագիր գրողներու կողմէ ստեղծուած արժէքաւոր գրական ժառանգութեան։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութիւն արտայայտեց ազգային կեանքէ ներս առկայ ազգային-բարոյական արժէքներու նահանջին կապակցութեամբ։ Այս իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ ան կարեւորեց հայ գրողներու, մտաւորականներու առաքելութիւնը։ Իր խօսքերով՝ հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները պէտք է նպաստեն երիտասարդութեան մէջ հայրենասիրութեան ոգիի, ազգային գիտակցութեան ու նկարագրի ձեւաւորման։ Այս առումով Նորին Սրբութիւնը շահեկան նկատեց գործակցութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր դասուն հետ։
Իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցելով համաժողովի մասնակիցներուն՝ Նորին Սրբութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու հայագիր եւ օտարագիր հայ գրողներուն, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հնարաւորութիւնները ծա ռայեցնելու ազգօգուտ նման ձեռնարկներու կազմակերպման համար։ Ան մաղթեց, որ հայ գրողները շարունակեն իրենց ստեղծագործական կեանքով ծառայութիւն բերել հայ ժողովուրդին։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պատասխանեց գրողներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին սփիւռքէ ներս հայոց լեզուի ուսուցման ու պահպանման խնդիրներուն, հոգեւորականներու պատրաստութեան, Հայաստանի առկայ դժուարութիւններուն եւ այլ։
Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024