ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջին օրերուն հոգեւորականաց համագումար տեղի ունեցաւ։ Սա թեմի հոգեւորականաց դասու այս տարուան երրորդ հաւաքն էր։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ համագումարը, որուն մասնակցեցան աւելի քան երեսուն հոգեւոր հայրեր, որոնք Արեւմտեան թեմի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս կը պաշտօնավարեն։ Այս հաւաքին նպատակը ո՛չ միայն ընթացիկ հարցերու քննարկումն էր, այլեւ հոգեւոր եղբայրութեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ իրարու աղօթակից դառնալը։ Համագումարը զուգադիպեցաւ հոկտեմբեր ամսուան, երբ կը նշուի Սրբոց Թարգմանչաց տօնը եւ զուգահեռաբար ամիսը աւանդաբար կ՚ընդունուի՝ որպէս հայ մշակոյթի ամիս։
Բացման աղօթքէն եւ ողջոյնի խօսքերէն վերջ, հաւաքի ընթացքին Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդէս եկաւ ծաւալուն խօսքով մը։ Ան յայտնեց, որ համագումարի հիմնական նպատակն է հոգեւոր պարտականութիւններու ընթացքը քննել եւ ամենակարեւորը՝ սերտել ժամանակի պահանջները, որպէսզի համապատասխան լուծումներ գտնուին առաւելագոյնս արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը աւելի վերջ անդրադարձաւ քանի մը կարեւոր հարցերու. օրինակ՝ հոգեւորականներու պատրաստութեան հարցը, Արեւմտեան թեմի 100-ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւններու կազմակերպումը եւ եկեղեցական կեանքէ ներս աշխարհականներու ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։
Համագումարի աշխատանքներու ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր թեմի շաբաթօրեայ դպրոցներու հոգեւոր տեսուչ Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեանի զեկուցումը։
Թեմի եկեղեցականաց համագումարի միօրեայ աշխատանքը եզրափակուեցաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։
Եկեղեցական
- 11/26/2024