ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ՓՈԼ ՌԻՉԸՐՏ ԿԱԼԱԿԵՐԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի Արքեպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հիւր արքեպիսկոպոսը Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Բացի Մնացականեանէն, Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի Արքեպիսկոպոսը Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Հիւրերը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի Արքեպիսկոպոսը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան եւ Կալակերի Արքեպիսկոպոսը արծարծեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ նիւթերու լայն շրջանակ մը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններու, քրիստոնեաներու պաշտպանութեան, քրիստոնէական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ զրուցելու ժամանակ հիւր արքեպիսկոպոսը յայտնեց, որ Հայաստան ունի հնագոյն քրիստոնէական աւանդութիւններ եւ շատ ժամանակակից հասարակութիւն մը։
Միւս կողմէ, Կալակերի Արքեպիսկոպոսը երէկ այցելեց Կիւմրի, ուր տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի արարողութեան։